Արխիւ
Նախագահներ Էրտողանի եւ Թրամփի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնով հանդերձ, ամերիկեան վարչախումբէն կը բարձրանան տարբեր ձայներ:
ԱՄՆ-ի ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճոն Պոլթըն երէկ այցելեց Անգարա: Ուաշինկթըն յստակ ժամանակացոյց մը չունի Սուրիայէն դուրս գալու համար:
Մեր համայնքէն ներս հասակ կ՚առնէ ճատրակի խոստմնալից աստղ մը, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի դառնայ ութ տարեկան։ Ան Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի երկրորդ դասարանի աշակերտներէն Տիգրան Էօզպիւլպիւլն է։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ինչպէս յայտի է, հայկական երկու դրախտավայր գողտրիկ հանրապետութիւնները՝ Հայաստանն ու Արցախը շուրջ եօթանասուն տարի մաս կազմած էին Խորհրդային սոցիալիստական հանրապետութիւններու միութեան (ԽՍՀՄ)։ Կարգ մը աղբիւրներու համաձայն, նախկին ԽՍՀՄ-ի մէջ գործող սահմանադրութեամբ՝ (52-րդ յօդուած) եկեղեցին պետութենէ անջատ հռչակուած էր։
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Օգոստոս 2014. նոր հասած էի Պոլիս։
Կորսնցնելու ժամանակ չունէի, պէտք էր անմիջապէս նետուիլ հետազօտական դաշտ, որպէսզի 28 օրուայ ընթացքին հաւաքէի այնքան մը տեղեկութիւն, ինչքան պէտք էր պոլսահայոց մասին համալսարանական աշխատութիւնս հիմնաւորելու համար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Կատարեալ մարդ» հասցնելու համար պէտք է զայն դաստիարակել եւ կրթել։ Արդարեւ «դաստիարակել» կը նշանակէ՝ ուսում տալ, կեանքը դիւրատար դարձնելու համար անհրաժեշտ տեղեկութիւններ տալ, կեանքը արդիւնաւոր դարձնելու ճամբաները ցոյց տալ, կեանքի վարժեցնել։ Իսկ «կրթութիւն» կը նշանակէ՝ կեանքը լաւ գործածելու, ուրիշներու հետ լաւ յարաբերութիւններ մշակելու արուեստը սորվեցնել, որ է՝ բարեկրթութիւն, քաղաքավարութիւն եւ կենցաղագիտութիւն։
Ուքրայնոյ Արտաքին գործոց նախարար Փաւել Քլիմքին յայտարարեց, որ իր երկիրը յառաջիկայ տարիներուն Եւրոմիութեան կամ ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու հեռանկար չունի։ «Ուքրայնա այսօրուան վիճակով ո՛չ մէկ, ո՛չ երկու, ոչ ալ հինգ տարուան ընթացքին մաս չի կազմեր Եւրոմիութեան կամ ՆԱԹՕ-ին», յայտարարեց նախարարը երկրի պաշտօնական հեռուստակայանէն։
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին թափ տալու համար ջանքեր:
Զօհրապ Մնացականեան եւ Էլմար Մամետեարով այս ամիս դարձեալ հանդիպելով կրնան շարունակել քննարկումները:
Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Ժիրայր Ռէիսեան յայտարարեց, որ երկրի հայ համայնքը այս տարի լայն թափով պիտի իրականացնէ ազգային կառոյցներու վերականգնման աշխատանքը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռէիսեան մատնանշեց, որ անցեալ տարի ալ այս ուղղութեամբ զգալի աշխատանք իրականացուած էր, ինչ որ աշխուժօրէն պիտի շարունակուի ներկայ տարուան տեւողութեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ միշտ «հարց» մը, աւելի ճիշդ է ըսել, «փափաք» մը կայ մեծ կամ առաջնակարգ ըլլալու։
Անշուշտ բնական է, որ մարդ միշտ աւելի լաւը, աւելի ընտիրը ըլլալ փափաքի, եւ այս ուղղութեամբ աշխատի։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
«Ես բանաստեղծ չեմ, որպէսզի կարենամ գրախօսական մը գրել քու նոր հը-րատարակած երկու գիրքերուդ համար»:
Խաչիկ Տէտէեանին հետ ունիմ տարիներու վրայ երկարող բարեկամութիւն, որ անցած է անհատական բարեկամութենէ՝ հասնելով ընտանեկան ջերմ յարաբերութիւններու եւ հանդիպումներու:
Աշխատասիրեց՝
ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ,
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարուստներուն վերաբերող առաքինութիւնները կարելի է երեք մասի բաժնել.
ա) Շնորհակալութիւն առ Աստուած. այս գոհունակութենէն անշուշտ կը ծնին հեզութիւն եւ հոգիի աղքատութիւն, որովհետեւ հարստութիւնը Աստուծոյ տո՛ւրք է կա՛մ՝ բարիք, որ Աստուած կը պարգեւէ կառավարելու համար եւ իրենք ոչինչ ունին, որով կարենան հարստանալ:
Գարակէօզեանի «Նատիա-Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստական աշխատանոցներու մասնակիցները Ամանորը դիմաւորեցին խրախճանքով մը։ Վերջին շուրջ երեք ամսուան ընթացքին աշխատանոցներու ծրագրին մասնակից եօթ տասնեակ փոքրիկներ մասնակցեցան այս խրախճանքին, անոնց միացան նաեւ ութ չափահասներ։
Շիշլիի նախկին քաղաքապետը դարձեալ թեկնածու է յառաջիկայ մարտի տեղական ընտրութիւններուն:
Մուսթաֆա Սարըկիւլ վստահութիւն կը յայտնէ, թէ մրցանշային համեմատութեամբ քուէներով յաղթանակ պիտի տանի:
Պինալի Եըլտըրըմ. «Եթէ վախեր ունենայի, ապա թեկնածու չէի ըլլար քաղաքապետի պաշտօնին համար»:
Իսթանպուլի գլխաւոր խնդիրը երթեւեկն է, ուստի համարկուած դրութիւն մը պիտի հաստատուի քաղաքին համար»:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
2018 թուականի դեկտեմբեր ամսուն, Հայաստանի «ՀայՓոստ» ընկերութիւնը թողարկեց տարուան վերջին դրոշմաթուղթերէն մին՝ «Լուսնային Նոր տարի» խորագրով, որ պատկերաւոր ձեւով կը ներկայացնէ լուսնային օրացոյցին 2019 թուականի խորհրդանիշը՝ խոզը: Արեւելեան աստղագուշակին համաձայն, 2019 թուականը «Դեղին խոզի» տարի է:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
2019 թուականի առաջին կարեւոր քննարկումներէն մին պիտի դառնայ Հայաստանի կառավարական համակարգին մէջ «սպասուած» փոփոխութիւնները։ Խօսքը Հայաստանի Մշակոյթի եւ Սփիւռքի նախարարութեանց փակման մասին է, որուն շուրջ աւելի առաջ մի քանի հրապարակումներ ալ եղան։
Հանրապետութեան նախագահը յօդուած մը գրի առաւ The New York Times հեղինակաւոր թերթին մէջ:
Ըստ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի, Թուրքիա կը ձգտի ծաւալուն ռազմավարութիւն մը կեանքի կոչել Սուրիոյ պարագային:
«Քրիստոսի պարգեւած փրկութեան աստուածապատուէր ուղիով մարդկութիւնը պիտի կարողանայ ըլլալ Երկիր մոլորակի վրայ ու մնալ որպէս մեծ ընտանիք՝ փոխադարձ սիրով ու օգնութեամբ ամոքելով իր վէրքերը, հոգալով կարիքները, կարգաւորելով այս աշխարհի խնդիրները ու ծառայելով «յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն» հրեշտակաձայն պատգամին, որ հնչեց շնորհաբեր ժամուն Սուրբ Ծննդեան»:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով ու ցնծութեամբ Տէր Յիսուսի Հրաշափառ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի աւետիսը փոխանցեց իր աշխարհացրիւ հօտին:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը պատարագեց Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ուր տուաւ իր պատգամը «Ընտանիքի տարուան» մեկնարկին:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Կեանքի ճամբորդութիւնը ունի իր անխուսափելի ելեւէջները: Հինէն մարդու գլխաւոր նիւթերէն եղած է նոյնինքն մարդը: Ո՞վ է, ի՞նչ է եւ այլն: Առնենք «Մարդը ընկերային արարած մըն է» (Սոկրատ) խօսքը:
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ փոխանցեց համայն հայութեան ուղղեալ տաղաւարի պատգամը՝ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի խորանէն։ Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք հայրապետական պատգամը։