Արխիւ
Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Tanrı Göçmen Çocukları Sever mi Anne?» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը, որ արժանացաւ գեղարուեստասէրներու մօտիկ հետաքրքրութեան։ Այս ժապաւէնի հեղինակն է Ռենա Լուսին Պիթմէզ։
Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւորը աւարտեց երկօրեայ բարձրաստիճան շփումները մայրաքաղաքի մէջ:
Զեքիեան Գերապայծառ Անգարայէ վերադարձին ընդունուեցաւ նաեւ Խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփի կողմէ:
«Որոնումներու մէջ սերունդ մը. Մերօրեայ Իսթանպուլի մէջ հայկական լիսէէ շրջանաւարտ երիտասարդներ»:
Հաքան Եիւճէլ եւ Ումուր Ետիքարտէշ ասուլիսի մը մասնակցեցան Կեդրոնական սանուց միութեան երդիքին տակ:
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը պաշտօնապէս կը հասնի իր աւարտին:
Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած է այս շաբաթավերջի պատմական արարողութիւններուն վրայ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Շատեր կը խորհին, որ արաբական աշխարհին մէջ ծաւալուող դէպքերը եւ յաճախ անսպասելի իրադարձութիւնները կրնան ազդեցութիւն չունենալ Հայաստանի վրայ։ Իրականութեան մէջ սակայն, եթէ ճիշդ դիտարկենք եւ իրերուն իրական գնահատական փորձենք տալ, ապա պիտի յանգինք այն համոզման, թէ դէպքերուն «տրամաբանական» շարունակութիւնը կրնայ մեծապէս ազդել կովկասեան տարածքին վրայ։
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան արդէն 75 տարեկան:
Արմէն Սարգսեան. «Դուք կանգնած էք 20-րդ դարավերջին հայոց պետականութեան վերականգնման ու կայացման ակունքներուն»:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2020 թուականը հռչակած է՝ «Յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու տարի»։ Այս կիրակի Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ հանդիսաւորապէս պիտի ընթերցուի իր համապատասխան հռչակագիրը։
Ծանօթ է մեր համայնքի ազնիւ անդամներուն, թէ Թուրքիոյ Հայոց Ընտրեալ Պատրիարք՝
Ն.Ա.Տ. ՍԱՀԱԿ Բ.
Սրբազան Հօր Գահակալութեան ու Պատրիարքական անդրանիկ Ս. Պատարագի արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր տաճարի մէջ ըստ հետեւեալ ժամանակացոյցի.
Ասմալըմեսճիտի մէջ, Պէյօղլու, երէկ առաւօտ յանկարծ կքեցաւ ազգապատկան լքեալ շէնքի մը տանիքը:
Փուլ եկած հնգյարկանի կալուածի սեփականութեան իրաւունքը կը պատկանի Գարակէօզեանին եւ Ուսուցչաց հիմնարկին:
Գարակէօզեան Տան հիմնադիր, ազգային երախտաշատ ու անմոռանալի բարերար հոգելոյս Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեան երէկ ոգեկոչուեցաւ՝ իր իսկ հիմնադրած որբանոցի ընտանիքին կողմէ։ Այսպէս, երէկ առաւօտ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ողբացեալ Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեանի համար։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ներկայ տարեմուտին կատարեց շարք մը նոր նշանակումներ։ Հայրապետական տնօրինութիւններու հիման վրայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ստեղծուեցաւ Քարոզչական կեդրոն՝ 1 յունուար 2020 թուականի դրութեամբ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Այսօր Ժընեւի մէջ կը յուղարկաւորուի նորոգ հանգուցեալ Նազարէթ Սրմաքէշ։ Հայկական սփիւռքի երէց սերունդէ երախտաշատ անուններէն մին եւս ցաւ ի սիրտ կ՚ուղեւորուի յաւիտենականութեան։ Նախկին պոլսահայ Նազարէթ Սրմաքէշ երկար տասնամեակներ առաջ հաստատուած էր Զուիցերիա եւ ընթացքին արդէն դարձած՝ խորհրդանշական անուն մը, որ նոյնացած էր զուիցերահայութեան հետ։
ԵՐԱՄ
Ձորը կտրող երկար ու բարձր սովետական կամուրջի վրայէն կ՚անցնէր այս առաւօտ եւս, գործի ճամբան բռնած։ Աւելի հին, աւելի գիւղական եւ սիրուն իրենց մասէն կ՚ուղեւորուէր դէպի գետի միւս ափի աւելի նոր, սովետաշէն թաղամասը, ուր կեդրոնացած էր եղած-չեղած շուկայական շարժը ամբողջ քաղաքին։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Աղջիկ ճան, քանի՞ տարի էլ էսպէս վարձով ես բնակուելու:
Կ՚ըսէ շրջանի կազի ստուգման պաշտօնեան, երբ հերթական եռամսեայ այցելութիւններուն ընթացքին նոյն բնակարանին մէջ, նոյն հայրենադարձ կինը կը տեսնէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ի՞նչ համեմատութիւն կարելի է՝ որպէսզի հասարակաց կէտ մը ստեղծուի մարդուն եւ փոշիի հատիկի մը միջեւ։ Եթէ նիւթը միայն «մարդ»ը ըլլար, աւելի դիւրին պիտի ըլլար անշուշտ խորհրդածել անոր մասին, բայց երբ հարցը բաղդատութիւն մըն է, մանաւանդ էապէս իրարմէ շատ հեռու եւ օտար նիւթերու, որոնց մէջ հասարակաց կէտ գտնել գրեթէ անկարելի է, դժուար է գաղափար մը կազմել։
Երէկ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարքը։ Հանդիպման ընթացքին երկու հոգեւոր առաջնորդները անդրադարձ կատարեցին Լիբանանէ եւ տարածքաշրջանէ ներս ներկայիս ստեղծուած ընդհանուր կացութեան, նաեւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն։
Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու այս տարեմուտին մասնաւոր շնորհաւորական մը ուղարկեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին։ Այսպէս, քաղաքապետ Իմամօղլու թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանին ուղարկեց երկտող մը, որու մէջ շնորհաւորեց Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը։
Այսօր շարժանկարի անմոռանալի վարպետ Սերկէյ Փարաճանովի ծննդեան տարեդարձն է։ Եթէ ան ապրէր պիտի դառնար 96 տարեկան։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ առկայ լարուածութիւնը կը շարունակէ անմիջականօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ ԱՄՆ-ի կողմէ Իրանի բարձրաստիճան հրամանատարներէն Քասըմ Սիւլէյմանիի սպանութեան զուգահեռ՝ Թեհրան պալիսթիք հրթիռներով թիրախաւորած էր Իրաքի ամերիկեան ռազմախարիսխները։
Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ կը հաստատուին նոր թռիչքներ։ «Ryanair» ընկերութեան կողմէ պիտի իրականացուին այս նոր թռիչքները բաւական մատչելի գիներով։