Արխիւ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կենդանական աշխարհի ամենէն ստորին դասակարգէն մինչեւ ամենէն զարգացած դասակարգը՝ մարդը վայելքներու ետեւէն կը վազէ, եւ որքան ազնուանայ, զարգանայ կենդանական տեսակը, այնքան նաեւ կ՚ազնուանան, կը ճիւղաւորուին վայելքները՝ որոնք բնազդականէն գիտակցականին, նիւթականէն հոգեկանին, մտաւորականին կ՚անցնին եւ իրենց առթած հեշտանքն ալ նո՛յնքան բազմաճիւղ եւ նո՛յնքան ներոյժ կ՚ըլլայ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2018

Շաբաթավերջին Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ տարեկան անուան տօնախմբութիւն, որուն պիտի յաջորդէ թաղի վարժարանին ի նպաստ տարեկան աւանդական հանգանակութիւնը։ Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք Եշիլգիւղի թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն եւ թաղի աշխոյժ ազգայիններէն Յովնան Տուրսունը ընդունելու խմբագրատանս մէջ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2018

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու կազմակերպչական օղակը, սկսելով իմ պատանեկան-երիտասարդական տարիներէն, կու գար երկրորդ հանրապետութենէն, որ այդ օրերուն կը կոչուէր Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէ:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2018

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Կէտ, կէտ, ստորակէտ,
Քիթ ու բերան՝ շրջանակ...
Անլեզու մանուկը կը զուարճանայ թուղթ ու գրիչով,
վրդովմունքը կը խաղաղի այսպիսով:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2018

Մայր Աթոռը կարեւորութիւն կ՚ընծայէ հոգեւորականաց գիտելիքներու կատարելագործման նկատմամբ:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը տեսակցեցաւ դասընթացքներու մասնակից եկեղեցականներուն հետ:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ, որպէսզի չընկճուի ցաւերէ, պէ՛տք է ունենայ հոգեկան առուգութիւն։ Տխրութիւնը, տրտմութիւնը, ցաւած հոգիները, արդիւնք են աւշային խառնուածքի մը։ Այսպիսի վիճակներ այնքա՜ն ընդհանրացած են, որ տեսակ մը վատոյժ յոռետեսութիւն՝ ամենէն աւելի տիրող աշխարհահայեցողութիւն սկսած է դառնալ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2018

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Ծափահարութիւնը գնահատանքի ձեւ մըն է, որ կը ձգտի քաջալերել եւ խրախուսել հանդէս եկող արուեստագէտը։ Ան իր մեկնաբանութեան արժեւորումը կը տեսնէ ծափահարութեան որակին՝ որոտընդոստ կամ յոտնկայս, եւ տեւողութեան մէջ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2018

Արաբերէնէ թարգմանեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում.- Սուրբ Գիրքին ըսածը, թէ Աստուած տիեզերքը վեց օրերու ընթացքին ստեղծեց, ինչպէ՞ս կը համաձայնի երկրաբաններու կարծիքներուն հետ, որոնք տիեզերքի ստեղծագործութիւնը հազարաւոր տարիներու կը վերագրեն։
Պատասխան.-
Իմացիր, թէ ստեղծագործութեան օրերը, մեր օրերու նման արեգակնային չեն…

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երկար ատենէ ի վեր Հայաստանի «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութիւնը հայրենիքի մէջ ամենաշատ վաճառուող գիրքերու ցուցակ կը կազմէ՝ թիւերը քաղելով Երեւանի գրախանութներէն: Գործակալութիւնը հարցումներուն արդիւնքները կը ներկայացնէ իր «Յատուկ նախագիծեր» շարքին մէջ՝ «Երեւանեան պեսթսելըր» խորագրով:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2018

Յայտնի համայնքային բարերար եւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ մեծարուեցաւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի ձեռամբ Տիգրան Կիւլմէզկիլին յանձնուեցաւ յուշատախտակ մը

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2018

Երէկ, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի նորանշանակ կուսակալ Ալի Երլիքայային։ Այս առթիւ նորանշանակ կուսակալը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց ընդհանուր փոխանորդը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2018

Ֆրանսայի Հայ կաթողիկէ համայնքը ունի նորանշանակ առաջնորդ մը՝ Եղիայեան Գերապայծառ:
«Մխիթարեանները ընդհանրապէս տկարացած վիճակ մը կը պարզեն, վարժարանները անցեալի փառքը չունին»:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2018

Փաշինեան անդրադարձաւ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին:
Պաքուէն հնչած վերջին պնդումներուն Երեւան կը պատասխանէ հաւասարակշռուած ու չափաւոր շեշտադրումներով:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2018

Սուրիոյ նոր սահմանադրութիւնը մշակելիք յանձնախումբը առաջին ժողովը կրնայ գումարել տարեմուտին:
Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարները երէկ կարեւոր տեսակցութիւն մը ունեցան:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Պահ մը տեղափոխուինք Պէյրութ։ Պէյրութի կեդրոնական հատուած։ Այդ շրջանը յատկապէս նախապատերազմեան ժամանակ կը համարուէր լիբանանահայութեան մշակութային կեանքի ամենէն բանուկ վայրերէն մին։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2018

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Մամետեարով հանդէս եկաւ ուշագրաւ յայտարարութիւնով մը:
«Երեւան եւ Պաքու առաջին անգամ փոխադարձ ըմբռնումի մը հասած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ»:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Եթէ կը հաւատանք՝ թէ Եկեղեցին «Սուրբ» է եւ անբաժանելի՝ Հայր Աստուծոյ, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին հաւատքէն եւ Առաքելական է, հաստատուած Յիսուս Քրիստոսի կողմէ, ապա ուրեմն ան «մի՛» է։ Աստուծոյ Եկեղեցի՛ն է ան՝ մէ՛կ եւ անբաժանելի՛, որուն մէջ Աստուծոյ կողմէ զետեղուած «բոլոր» պարգեւները՝ շնորհները յստակօրէն բարութեան կը վերագրուին։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2018

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Անբացատրելի խանդաղատանք կը տիրէր սեբաստացի Սեբաստեաններուն գերդաստանէն ներս։
Կիրակի օր մը՝ յետմիջօրէին բոլոր ընտանիքը՝ մեծ ու պզտիկ, ահել ջահել ժամադրուեցան նոյն հասցէի երդիքին տակ։ 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2018

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

«Բոլոր ներկաները Սուրբ Հոգիով լեցուեցան եւ սկսան տարբեր լեզուներով խօսիլ, ինչպէս որ Հոգին խօսիլ կու տար» (Գրծ 2.4)։
Պէնտէկոստէի օրը՝ որպէս բարձրակէտը քրիստոնէական կրօնքին՝ յաճախ մեր միտքն ու սիրտը, եւ մեր ողջ էութիւնը կը լեցնէ Մխիթարիչին՝ Ս. Հոգիին գալստեան հրաշազան ու հրճուափառ ներգործութեամբը, որ «ի վեր է քան զմիտս եւ զբանս»։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2018

Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Միջվարժարանային ընթերցման խրախճանքը, որ վերջին տարիներուն դարձած է աւանդական։ Մեր զանազան վարժարաններէն աշակերտական խումբեր մասնակցեցան այս խրախճանքին՝ ուսուցիչներուն գլխաւորութեամբ։

Էջեր