Արխիւ
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երկու զարմուհիներ՝ մօրեղբօր ու հօրաքրոջ երեխաներ։ Մէկը նախանձ, իսկ միւսը հեզ։ Մօրեղբօր դստեր՝ նախանձ, չարսիրտ ըլլալն ալ մէջտեղ ելաւ վերջերս։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Յանձին Փասքալ Թէօրէնլիի, կրթական մշակ մը եւս առյաւէտ մեկնեցաւ մեր կրթական համակարգէն։ Իրաւ է, թէ ան հանգստեան կոչուած էր, սակայն իր ուսուցչական վաստակը լաւագոյնս կը վկայէր, թէ մենք դէմ յանդիման կը գտնուէինք հայ լեզուի, հայ մատենագրութեան ու գրականութեան արժանաւոր ուսուցչի մը հետ։
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Եւ այսպէս, Քերքուքի մէջ գրուած մեծ հօրս հօր ինքնակենսագրութիւնը անցեր էր ձեռքս, եւ հաներ էր զիս ճամբայ՝ դէպի իր ծննդավայր, դէպի «մեր գիւղ», դէպի Ապուչեխ։ Նախ՝ մտովի, երեւակայութեամբ. յետոյ վերջապէս ֆիզիքապէս, 2013-ի ամրան։
Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը երէկ հիւրընկալեց Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքինը։ Քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին Մուամմէր Քեսքին եւ իր ընկերակիցները շնորհաւորեցին Նորին Ամենապատուութիւնը, որուն յանձնեցին նաեւ յուշանուէր մը։
Ամենապատիւ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը երէկ երեկոյեան հիւրընկալեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը:
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ գործակից ընկերները Նորին Ամենապատուութիւնը ջերմօրէն շնորհաւորելով՝ յղեցին յաջողութեան մաղթանքներ:
Ս. Ստեփանոսի տօնակատարութիւն՝ Երեւանի Ս. Գր. Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի միաբան սարկաւագները:
Հայաստանի կառավարութիւնը բազմակողմանի աշխատանք յառաջ կը տանի երկրէն ներս վերանորոգելի ուժանիւթի արտադրութիւնը խրախուսելու նպատակով։ Այս ամբողջին մէջ վերջերս ստորագրուեցաւ պայմանագիր մը, որով կը նախատեսուին նախագծեր մշակել՝ Հայաստանի մէջ 400 մեկավաթ հզօրութեամբ արեւու ուժանիւթ ապահովելու ուղղութեամբ։
Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը կը շարունակէ մնալ իր երկրի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու շարքին։ «Ռուսաստան միջնորդ է եւ կը փորձէ նպաստել ղարաբաղեան հակամարտութեան քաղաքական ճանապարհով հանգուցալուծման՝ կողմերու համար ընդունելի տարբերակներու հիման վրայ։ Յառաջիկային եւս պիտի ընթանանք այս մօտեցումով», ըսաւ ան։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Անգլիոյ վարչապետ Պորիս Ճանսընի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բացի երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքէն, Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Պորիս Ճանսըն զրոյցի ընթացքին կանգ առին Լիպիոյ եւ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ տարածքաշրջանային բնոյթով այլ խնդիրներու վրայ։
«Արաս» հրատարակչութեան զուգահեռ ստեղծուած Hippo-ն Ամանորի սեմին լոյս ընծայած է երկու մանկապատանեկան գիրքեր։ Փոքրիկ ընթերցասէրներու համար հրատարակուած այս գիրքերէն մին կը կոչուի «Իմ գիրքս», իսկ միւսը՝ «Պարոն կւոձ»։
CRR-ի մէջ վաղը երեկոյեան մեծ համերգ մը տեղի պիտի ունենայ ի նպաստ Կեդրոնական վարժարանի:
Պոլսահայ բեմերու յայտնի մեներգիչներ կ՚աջակցին հաստատութեան սաներուն կողմէ ստեղծուած խրախուսական շարժման:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ տեղի ունեցած հայ մամուլի գիտաժողովի նիւթերու կարգին յատկանշական էին մանաւանդ արեւմտահայ հրապարակախօսներուն եւ գրողներուն անդրադարձող ելոյթները, այն առումով, որ հայրենի երիտասարդ հետազօտողները սկսած են զբաղիլ արեւմտահայ գրական անդաստանի ուսումնասիրութեամբ: Հետաքրքրական ու թարմ է նոր սերունդի հետազօտողներուն հայեացքը դէպի արեւմտահայ գրականութիւն…
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այդ օր, նամակատան միջոցով, անծանօթէ մը անակնկալ, մեծ պահարան մը ստացայ, որ նախ զիս խոր մտմտուքի մէջ նետեց։ Սկիզբը, մտքէս շատ «ծուռ» բաներ անցան։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Դուն, որ հրեայ մըն ես» (Յհ 4.9):
Հարցում. Կինը ուրկէ՞ գիտցաւ, թէ հրեայ մըն է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը քանի որ պայքար մըն է, ուրեմն այդ պայքարէն յաղթական դուրս գալու համար պէտք է քա՛ջ ըլլալ։ Քաջութիւնը արիութիւն է՝ անվեհերութիւն, աներկիւղութիւն, որուն մէջ են համարձակութիւն, անվհատութիւն, հաստատամտութիւն եւ յարատեւութիւն։
Պոլսահայութիւնը Ամանորի տօնական շրջանին ունեցաւ տխուր կորուստ մը։ Խոր ցաւով տեղեկացանք, որ իր մահկանացուն կնքած է վաստակաշատ կրթական մշակ Փասքալ Թէօրէնլի։ Մխիթարեան վարժարանի յայտնի սաներէն մին էր։
Ամենապատիւ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հօր մասնակցութեամբ խրախճանք:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը Ամանորի առթիւ զուարճացաւ եւ փոխանակեց բարեմաղթանքներ:
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Ս. Ստեփանոս նախավկայի յիշատակման տօնի հանդիսաւոր նախատօնակի արարողութիւնը։ Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը նախագահեց արարողութիւններուն, որոնց մասնակցեցան պոլսահայ սարկաւագաց եւ կիսասարկաւագաց դասու անդամները։
Թիֆլիզի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն եռակողմանի հանդիպումը։ Հերթական այս տեսակցութեան տանտէրն էր Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանի։
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդները երէկ համատեղ ժողով մը գումարեցին:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան համայն հայութեան տեսակէտէ մեծապէս կարեւորեց Արցախի յառաջիկայ ընտրութիւններու արդար, օրինակելի ու թափանցիկ ըլլալը: