Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինչպէս ծաղիկը արեւուն կը դառնայ, որպէսզի անոր ճառագայթները համաչափութիւն եւ գեղեցկութիւն տան իրեն, նոյնպէս մենք պարտինք Արդարութեան Արեգակին դառնալ՝ որպէսզի երկնային լոյսը կարենայ փայլիլ մեր վրայ եւ թափանցել մեր մէջ, եւ մեր նկարագիրները զարգանան Քրիստոսի նմանութեամբ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Թող կատարուի Քու կամքդ, ինչպէս որ երկինքի մէջ՝ այնպէս ալ երկրի վրայ»:
Նախորդ երկու գրութիւններով փորձեցինք բացատրել մեր Տիրոջ մեզի սորվեցուցած խնդրանքին իմաստը՝ Աստուածաշունչի լոյսին տակ, այժմ տեսնենք Ընդհանրական եւ Հայ Եկեղեցւոյ սրբազան հայրերը ինչպէս մեկնած են այս խնդրանքը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աւազանի անունով Գաբրիէլ, Յակոբի որդի Հ. Ներսէս Ակինեան ծնած է 10 սեպտեմբեր 1883 թուականին՝ Արդուին։ Ան վախճանած է Վիեննա՝ 28 հոկտեմբեր 1963-ին։ Եղած է բանասէր, ձեռագրագէտ, պատմաբան, մանկավարժ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայկական մամուլի եւ լրահոսի ամենադաժան լուրերը սահմանէն հասնողն են: Հազարաւոր մարդիկ իրենց շունչը բռնած կը հետեւին այդ լուրերուն, եւ ցաւ ի սիրտ, գրեթէ ամէն շաբաթ զոհուած զինուորի մը լուրը կը կարդան… Սեւազգեստ մայրերուն եւ երիտասարդ կիներուն թիւը կ՚աճի, որբացած մանուկները կը սպասեն ծառայութենէն տուն դառնալիք իրենց հայրերուն… Երկիրը կը ծանրանայ նոր ցաւերու տակ:
Նիւ Եորքի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հանդիպումը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, տեսակցութեան ներկայ էին նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչը։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ կրնայ ըլլալ այն անձը, որ ծնած է Միացեալ Նահանգներ եւ թեւակոխած 35 տարիքը։ Նահանգներն ալ իրենց կարգին ունին պայմաններ, զորս լրացնելէ ետք միայն կրնայ անձ մը դիմել այդ նահանգի կառավարիչի պաշտօնին։
Համայնքային շրջանակներէ ներս վերջին օրերուն շրջանառութեան մէջ են ուրախառիթ լսումներ, ըստ որոնց Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը պետական իշխանութիւններէն ստացած է՝ երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած հատուցման գումարները։ Հարկ է նշել, որ Վոսփորի կամուրջի շինարարութեան շրջանին Սուրբ Խաչ դպրեվանքին պատկանող տարածք մը օգտագործուած էր ճանապարհաշինութեան համար։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց երեկոյեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Երիտասարդաց յանձնախումբի անդամները։ Նորին սրբազնութիւնը ուրախութիւն յայտնեց Պատրիարքարանի երդիքին տակ երիտասարդներու ներկայութեան համար։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Սեպտեմբեր 26-ի այս օրը, հայ ժողովուրդը կը նշէ ծնունդը իր հանճարեղ զաւակներէն ամենէն սրտամօտին՝ Հայու Հոգին երգով ու երաժշտութեամբ վերծանած եւ աշխարհով մէկ հնչեցուցած անզուգական, անկրկնելի՛ Կոմիտաս Վարդապետին (Սողոմոն Սողոմոնեան, 1869-1935)։
Թուրքիա-Հայաստան սահմանը խախտած հովիւ Ումութ Ալի Էօզմէն ազատ արձակուեցաւ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ պատկան իշխանութիւնները մարդասիրական նկատառումներով կարճած են Ումութ Ալի Էօզմէնի գործը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ելոյթ մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն։ Ընդհանուր ժողովի առջեւ ունեցած ելոյթին ժամանակ ան անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 73-րդ նստաշրջանի բացման փուլին Նիկոլ Փաշինեան միջազգային այդ ամենահեղինակաւոր ամպիոնէն ներկայացուց հայկական կողմի մօտեցումները։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, որ կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ, երէկ ելոյթ մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն։ Ան այս առթիւ ահազանգ հնչեցուց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դէմ, որ կը զինէ ՓՔՔ-ՓԵՏ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը, նաեւ իր տարածքէն ներս կը պահէ ՖԵԹԷՕ ահաբեկչական կազմակերպութեան պարագլուխը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թրքահայ կեանքի ներկայ իրավիճակին կապակցութեամբ խորհրդածութիւններ՝ Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած ատենապետներու ժողովի լոյսին տակ:
Առկախեալ ընտրութիւններու հետեւանքով մեր վարչայինները մէկ կողմէ թէեւ գերյոգնած վիճակի մէջ են, իսկ միւս կողմէ պարտաւոր են դիմագրաւելու վիթխարի նիւթական մարտահրաւէրներ:
Աշխատասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ղուկասի աւետարանի գրութեան թուականը ճշդելու համար, զանազան տարակարծութիւններ կան։ Կան ոմանք, որոնք կ՚ուզեն հեռացնել ու անջատել անոր գրութիւնը իր բուն հեղինակէն՝ Ղուկասէն, եւ կը դնեն զայն 80 եւ 90 թուականներուն միջեւ, ուրիշներ՝ 75 եւ 85 թուականներուն, իսկ ոմանք ալ՝ 70 թուականէն առաջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարկոս Աւետարանիչ իր Աւետարանին 2-րդ գլխուն 1-12 համարներուն մէջ կը նկարագրէ դէպք մը։
Աւետարանիչը կը պատմէ, թէ չորս հոգիներ անդամալոյծ մը շալկելով, բերած են Յիսուսի մօտ, սակայն բազմութեան շատութեան պատճառով չեն կրցած մօտեցնել զայն Յիսուսին։
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Դարաշրջանի եւ ժամանակակից հասարակութեան մէջ, ընկերային համակարգը, շնորհիւ գիտաշխարհին տուած՝ ընձեռած բարիքներուն, առաւելութիւններուն, դիւրութիւններուն, բազմապատկած է հասկացողութիւն, արժէք, նուիրում, անշուշտ աւելի անհատական մակարդակով՝ եսասիրական քան՝ ազգային, որուն դիմաց բնականաբար տուժած է եւ կը շարունակէ տուժել ազգայինը, մշակութայինը:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայած է հայ հոգեւորականներու պատուանուններու եւ ծածկանուններու բացատրական բառարանի մը, որ եզակի է հայ իրականութեան մէջ: Այս աշխատութեան հեղինակն է Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Մանուէլ Սրկ. Սարգսեան, որ բառարանը ձօնած է Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ գահակալներէն հոգելոյս Տ. Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի մահուան 100-րդ տարելիցին։
Աշխատասիրեց՝ ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ,
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մենք պարտաւոր ենք աշխատելու մեր ընկերներու սրբութեան եւ փրկութեան համար, եւ այս մէկը կրնանք ընել.
ա) Ուսուցանելով անոնց պարտաւորութիւնները եւ պէտք եղած ժամանակ հաւատքի ճշմարտութիւնները, խրատելով, որ Սուրբ Գիրք կարդան՝ մեր անձը օրինակ տալով.
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեր այսօրուան գրութեան վերնագիրը կ՚առնենք մեր ազնիւ բարեկամ Տքթ. Վարդ Շիկահերի շահեկան մէկ յօդուածէն։ Արդարեւ, երբ «մարդ» եւ «գայլ» միասին կը յիշուին, անմիջապէս կը մտաբերենք երկու տարբեր խօսքեր՝ մին Աւետարանէն, իսկ միւսը՝ հռոմէացի բանաստեղծ «Plautus»ի ըսած եւ անգլիացի «Hobbes»ի կողմէ կրկնուած եւ իւրացուցուած յայտնի ասացուածքէն։
Հայաստանի վարչապետի աւագ խորհրդական Արսէն Գասպարեան երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կրիկորի Քարասինի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ այժմէական հարցեր։