Արխիւ
ԱՐԱՔՍ ԿԱՍԵԱՆ*
Ի՞նչ է ինքնութիւնը։ Արդեօք ինքնութիւնը միայն լեզո՞ւն է, որով կը խօսինք, թէ հաւատն է, զոր կը դաւանինք։ Գուցէ ինքնութիւնը մեր ժառանգած պատմութի՞ւնն է կամ ալ այն հասարակութիւնը, որուն կը պատկանինք։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայրենի ճանչցուած վաւերագրող ու հրապարակախօս, գիրքերու եւ տեսավաւերագրութիւններու հեղինակ Տիգրան Պասկեւիչեանին նորագոյն վաւերագրական՝ «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» ժապաւէնը առաջին իսկ ցուցադրութեամբ արդէն ուշադրութիւն գրաւեց։
Սիրելի Սրբազան Պատրիարք,
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Հայրապետական Մեր օրհնութիւնն ու շնորհաւորանքները կը յղենք Ձեզ՝ Ձեր գահակալութեան հինգերորդ տարեդարձի առթիւ։
Աւելի քան երեք տասնամեակ Դուք՝ որպէս Տիրոջ արժանաւոր մշակ, Ձեզի յատուկ խոնարհութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ կը ծառայէք ի նպաստ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման եւ մեր ժողովուրդի զաւակներու հզօր կեանքի նորոգութեան ու պայծառութեան։
Նորին Ամենապատուութեան տնօրինութեամբ՝ Տիգրան Պասկեւիչեան պարգեւատրուեցաւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի «Օրմանեան» շքանշանով եւ օրհնութեան գիրով:
Գումգաբուի Ս. Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ՝ դէպքերու եւ դէմքերու տողանցքը անդրանցեց դարերը, որոնց ծնած կերպարները նորովի ի յայտ կու գան մերօրեայ հեւքերու ընդմէջէն:
ՏԻԳՐԱՆ ՊԱՍԿԵՒԻՉԵԱՆ
Անցեալը վտանգաւոր է, երբ անծանօթ է. կա՛մ ծանր բեռ է, կա՛մ սրբութիւն։ Երկու պարագային ալ կը սպառնայ աղճատել միտքը՝ կանխելով դէպի ապագայ երթալու հաստատակամութիւնը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը սգայ իր սիրեցեալ հօր կորուստը. ոչ եւս է Յակոբճան Մաշալեան։ Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ ան երէկուայ լուսադէմին կնքած է իր մահկանացուն Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ, ուր միջոցէ մը ի վեր դարմանման տակ կը գտնուէր։
Գումգաբուի կալայի բազմակողմանի ծրագրին տարբեր խորք մը վերագրեց՝ ֆիլմի առաջին տպաւորութիւններու լոյսին տակ կազմակերպուած շահեկան ասուլիսը:
Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Երանուհի Պալճըի վարած զրոյցի ատենախօսներն էին՝ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Տիգրան Պասկեւիչեան, Արմէն Սարուխանեան եւ Յակոբ Քորթմոսեան:
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
«Ամէն ազգ, ամէն ժողովուրդ իր տօները ունի։ Որը իր թագաւորութեան ծնունդը, որը ազատութեան մը ձեռք բերուիլը, որը պատերազմի դաշտին վրայ շահուած յաղթանակ մը կը տօնէ։ Ասոնք քաղաքական նշանակութիւններ ունին:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Թարգմանչաց է։
Շաբթուան սկիզբէն Մեսրոպ Մաշտոցին եւ անոր ըրածին մասին կը խօսինք մանուկներուն։ Նկարներ կը դիտեն անոնք, Մաշտոցին հոս-հոն տեղադրուած արձանները, այբուբենին նկարները, ամէն մէկ տառին գծագրութեան ձեւերը, թռչնագիրը եւ անոր սքանչելի գոյները... այս բոլորը լսելէն, դիտելէն եւ «Ո՛վ մեծագործ Մեսրոպ Մաշտոց» սորվելէն վերջ ահագի՜ն հարցումներ կը հարցնեն անոնք, հաւատացէ՛ք։
ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ
Հայ Եկեղեցին ամէն տարի հոկտեմբեր ամսուն կը նշէ Սրբոց Թարգմանչացը։ Տօնի խորհուրդը դարեր շարունակ եւ տարբեր պատմական ժամանակահատուածներուն, մեր հոգեւոր եւ աշխարհիկ դասի կողմէ, մեզի փոխանցուած է։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօր, 11 հոկտեմբեր 2025, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ Սրբոց Թարգմանչաց տօնը: Տօն մը, որ իր բնոյթով եւ էութեամբ ազգային է՝ հոգեւոր դրոշմով միասին: Տօն մը, որ տարբեր մեր ազգային-եկեղեցական միւս բոլոր տօներէն, որովհետեւ այս տօնը մեր ինքնութեան ու գոյատեւութեան գլխաւոր կռուաններէն մէկն է, եթէ ոչ ամենէն գլխաւորը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եկեղեցական եւ առհասարակ ազգային գրականութեան հիմքը դրուեցաւ այն օրերէն, երբ 404 թուականին բազմահանճար Սուրբ Մաշտոց հայկական տառերը գտաւ եւ առաջին հայ գիրքը գրուեցաւ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Նեղութեան ժամանակ օգնութիւն ուզելը կենսաբանական պահանջ մըն է, որովհետեւ նման հոգեվիճակներու մէջ մարդ արտաքին միջամտութիւն մը կ՚ակնկալէ, բայց, Աշուղ Ջիւանի այդ օգնութիւնը կը մերժէ, որովհետեւ կը գիտակցի, որ շատ անգամ օգնութիւնը իր հետ ազատութեան եւ անկախութեան սահմանափակում կը բերէ.
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Տուշանպէի մէջ, ուր անոնք մասնակցեցան ԱՊՀ-ի գագաթաժողովին, որ կազմակերպուած էր Տաճիկիստանի հիւրընկալմամբ։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Մարդկութիւնը ունի յաւերժական մարմանջ մը եւս, որ յղացումն է։ Մարդը պէտք է յղում ունենայ ու ապրի այդ յղումով՝ կախուածութեամբ։ Եթէ չկայ այդ մէկը, մենք անդիմագիծ կը դառնանք ու մեր կեանքը ապարդիւն:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկանը, լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տենչա Չընարն ու միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէն։
Իսթանպուլի համայնապատկերի հիմնական ու առանցքային շինութիւններէն Սիրքեճիի պատմական կայարանը կ՚ենթարկուի վերանորոգութեան։ Թէ՛ որպէս ենթակառուցուածք եւ թէ որպէս մշակութային միջավայր՝ այս մէկը իսկական կոթող մը կը համարուի։
Թուրքիա-Վրաստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ բազմառանցք համագործակցութիւնը հետզհետէ կը զարգանայ՝ ներառեալ պաշտպանութեան բնագաւառը։
Հայաստանի մէջ յաջորդ տարի նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ, երկրի ներքին քաղաքական կեանքը հետզհետէ կը դառնայ աւելի եռուն։
