Արխիւ

Ուրբաթ, Յուլիս 19, 2019

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Պոսթընի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Առաքել Քհնյ. Ալճանեանի եւ Օլպանիի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Ստեփանոս Քհնյ. Տուտուքճեանի կողմէ գլխաւորուած էր ուխտաւորներու խումբը։

Ուրբաթ, Յուլիս 19, 2019

Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հերթական յայտարարութիւնով հանդէս եկան «Ս-400» ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռային համակարգերու Թուրքիա տեղափոխման գործընթացին կապակցութեամբ։ Այսպէս, նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ «Ս-400»ներու յանձնումը կը շարունակուի նախապէս ծրագրաւորուած ձեւով։

Ուրբաթ, Յուլիս 19, 2019

Յունաստանի մէջ նոր իշխանութեան գլուխ եկած ղեկավարութեան Արտաքին գործոց նախարարը՝ Նիքոս Տենտիաս նախընթաց օր Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, ամերիկացի պետական քարտուղարը զրոյցի ընթացքին ընդգծեց, որ Աթէնք Միջերկրականի արեւելքին եւ Պալքաններու մէջ կայունութեան առանցք մըն է։

Ուրբաթ, Յուլիս 19, 2019

Ֆրանսահայ համայնքը կորսնցուց իր երիցագոյն, յատկանշական անդամներէն մին։
Ոչ եւս է Ռոժէ-Կարպիս Ջրբաշեան, որու յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի Փարիզի մէջ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 18, 2019

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ առաւօտեան ժամերուն ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի վարչայինները։ Այսպէս, տեղապահ ընտրուելուն առթիւ համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան եւ պատասխանատուներէն Տիգրան Տիւլկէրեան եւ Տայք Միրիճանեան շնորհաւորութիւններ յղեցին նորին սրբազնութեան։

Հինգշաբթի, Յուլիս 18, 2019

Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի նախաձեռնութեամբ այս ամառ մասնաւոր հետաքրքրութիւն ցուցաբերուած է բնապահպանութեան։ Մասնաւորապէս տղաքը, ինչպէս նաեւ կղզեբնակները առաւել եւս զգուշացնելու նպատակաւ ի գործ դրուած են զանազան ծրագրեր։ Իւրաքանչիւր աշխատութիւն կը նպատակէ կանաչութեան կարեւորութիւնը շեշտել եւ մաքուր ու խնամեալ բնութեան ի նպաստ ծառայել։

Հինգշաբթի, Յուլիս 18, 2019

Ռուսական «Ս-400»ներու ձեռքբերման պատճառով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները որոշեց Թուրքիան դուրս թողուլ «Ֆ-35»երու ծրագրէն:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ յստակեցնելով Անգարայի դիրքորոշումը՝ Ուաշինկթընէն հասած լուրերուն լոյսին տակ:

Հինգշաբթի, Յուլիս 18, 2019

Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան Էրպիլ քաղաքին մէջ երէկ պատահեցաւ սաստիկ դէպք մը։ Այսպէս, Թուրքիոյ հիւպատոսարանէն պատուիրակութիւն մը զինեալ յարձակման ենթարկուեցաւ՝ ճաշարանի մը մէջ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 18, 2019

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը, որուն կ՚ընկերանային Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան եւ Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրատեան։ Զեքիեան Գերապայծառ շնորհաւորութիւններ յղեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին՝ տեղապահի պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 18, 2019

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռոյ 85-րդ գահակալի ընտրութեան գործընթացին հետ առընչուած Պատրիարքական ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմնի կազմութեան համար 17 յուլիս 2019, չորեքշաբթի, ժամը 17.00-ին, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ կայացած նիստին Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ անդամներուն առընթեր մասնակցութիւն բերին համայնքային եւ թաղային մարմիններու ներկայացուցիչները։

Հինգշաբթի, Յուլիս 18, 2019

Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին նախագահեց Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած համայնքային լայնախարիսխ խորհրդակցութեան, որուն մասնակցեցան Կրօնական ժողովի անդամներն ու թրքահայ հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու ատենապետները կամ ներկայացուցիչները:
Պատրիարքական աթոռի 85-րդ գահակալի ընտրութեան գործընթացը յառաջ պիտի մղուի թէ՛ փորձառու եւ թէ երիտասարդ անդամներէ բաղկացեալ կազմի մը կողմէ: Ժողովականները էապէս կարեւորեցին կազմակերպչական աշխատանքներու անկողմնակալ եւ առարկայական մօտեցումով մը իրականացումը։
Անդրանիկ նիստին ու դիւանի կազմութեան զուգահեռ՝ շփումներ պիտի մշակուին պատկան իշխանութիւններուն հետ։ «Մեր աղօթքն է, որ այս կարեւոր գործը ի կատար ածուի», ըսաւ նորին սրբազնութիւնը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 18, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Պէտք է «դժբախտ իրականութիւն» մը նկատել այն, թէ մեր մանուկները այսօր օտար լեզուները աւելի կը սիրեն քան հայերէնը։ Ընդհանրապէս հաստատուած է որ բազմաթիւ աշակերտներ աւելի բարձր նիշեր կը ստանան օտար լեզուներու մէջ՝ քան հայերէնի՝ ինչ որ կը նշանակէ, թէ անոնք աւելի՛ կը նուիրուին օտար լեզուներու քան թէ իրենց մայրենի բարբառին։

Հինգշաբթի, Յուլիս 18, 2019

ՇՆՈՒՏԱ Գ. ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝ 
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ծննդոցին մէջ կը կարդանք թէ Աստուած լոյսը առաջին օրը ստեղծեց (Ծն 1.3). մինչ կը պարզուի թէ արեւը, լուսինն ու աստղերը չորրորդ օրը ստեղծեց (Ծն 1.14-18)։ Ի՞նչ է տարբերութիւնը այս երկուքին։ Ե՞րբ ստեղծուեցաւ լոյսը. առաջի՞ն, թէ՞ չորրորդ օրը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 18, 2019

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ամուսնութիւնը կեանքի կարեւորագոյն ու ամենէն գեղեցիկ փուլերէն մին է։
Կայուն ընտանիք, յաջող ամուսնութիւն՝ ահաւասիկ երջանիկ ապագայի գրաւականը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 18, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այսօր աշխարհի մէջ կը նշեն Նելսըն Մանտելայի միջազգային օրը, որ 2010 թուականին ՄԱԿ-ի որոշումով հաստատուած է եւ կը յիշատակուի ամէն տարի անոր ծննդեան օրը՝ 18 յուլիսին: Այս օրը որոշուած է յարգանքի տուրք մատուցելու Հարաւային Ափրիկէի նախկին նախագահին, որ պայքարած է խաղաղութեան, ազատութեան եւ մարդու իրաւունքներու համար եւ խորհրդանիշ դարձած է ո՛չ միայն իր ժողովուրդին, այլեւ ամբողջ մարդկութեան:

Հինգշաբթի, Յուլիս 18, 2019

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատրիարքական ընտրութեան անկիւնադարձային փուլերէն մին կը բնորոշէ Նախաձեռնարկ մարմնի ձեւաւորումը։ Պատրիարքարանի մէջ երէկ տեղի ունեցած ժողովի լոյսին տակ կարելի է ըսել, որ դրական մեկնարկ մը ապահովուած է՝ Պատրիարքական Աթոռը նոր գահակալով մը օժտելու ճանապարհին։

Հինգշաբթի, Յուլիս 18, 2019

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Սեւան Յարզուարթեան համալսարանէն վկայուած է որպէս ատամնաբոյժ։
Սեւան Յարզուարթեան ծնած է 1994 թուականին։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 17, 2019

Ս-400 ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռային համակարգերու Թուրքիոյ կողմէ ներածումը կը շարունակէ զուգահեռաբար օրակարգի վրայ պահել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մտահոգութիւնները։ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ ռուսական հրթիռներու Թուրքիա հասնիլ սկսելէն վերջ առաջին անգամ կատարեց արժեւորում մը՝ Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած կառավարութեան նիստին ժամանակ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 17, 2019

Գերմանացի խորհրդարանական Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն ստանձնեց Եւրոյանձնաժողովի նախագահի պաշտօնը։ Ան ունի եօթ զաւակ, գիտէ գերմաներէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 17, 2019

Թուրքիա կը պատրաստուի հորատման չորրորդ նաւ մըն ալ ուղարկել դէպի Միջերկրականի արեւելքը։ Ինչպէս ծանօթ է, ի պատասխան Յունական Կիպրոսի նախաձեռնութիւններուն՝ Թուրքիա վերջերս քարիւղի որոնման աշխատանքներու ձեռնարկած է Միջերկրականի արեւելքին, Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան ղեկավարութեան հետ համախոհութեամբ։

Էջեր