Արխիւ
Փաշինեան անդրադարձաւ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին:
Պաքուէն հնչած վերջին պնդումներուն Երեւան կը պատասխանէ հաւասարակշռուած ու չափաւոր շեշտադրումներով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ, որպէսզի չընկճուի ցաւերէ, պէ՛տք է ունենայ հոգեկան առուգութիւն։ Տխրութիւնը, տրտմութիւնը, ցաւած հոգիները, արդիւնք են աւշային խառնուածքի մը։ Այսպիսի վիճակներ այնքա՜ն ընդհանրացած են, որ տեսակ մը վատոյժ յոռետեսութիւն՝ ամենէն աւելի տիրող աշխարհահայեցողութիւն սկսած է դառնալ։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Ծափահարութիւնը գնահատանքի ձեւ մըն է, որ կը ձգտի քաջալերել եւ խրախուսել հանդէս եկող արուեստագէտը։ Ան իր մեկնաբանութեան արժեւորումը կը տեսնէ ծափահարութեան որակին՝ որոտընդոստ կամ յոտնկայս, եւ տեւողութեան մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եթէ կը հաւատանք՝ թէ Եկեղեցին «Սուրբ» է եւ անբաժանելի՝ Հայր Աստուծոյ, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին հաւատքէն եւ Առաքելական է, հաստատուած Յիսուս Քրիստոսի կողմէ, ապա ուրեմն ան «մի՛» է։ Աստուծոյ Եկեղեցի՛ն է ան՝ մէ՛կ եւ անբաժանելի՛, որուն մէջ Աստուծոյ կողմէ զետեղուած «բոլոր» պարգեւները՝ շնորհները յստակօրէն բարութեան կը վերագրուին։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Անբացատրելի խանդաղատանք կը տիրէր սեբաստացի Սեբաստեաններուն գերդաստանէն ներս։
Կիրակի օր մը՝ յետմիջօրէին բոլոր ընտանիքը՝ մեծ ու պզտիկ, ահել ջահել ժամադրուեցան նոյն հասցէի երդիքին տակ։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Բոլոր ներկաները Սուրբ Հոգիով լեցուեցան եւ սկսան տարբեր լեզուներով խօսիլ, ինչպէս որ Հոգին խօսիլ կու տար» (Գրծ 2.4)։
Պէնտէկոստէի օրը՝ որպէս բարձրակէտը քրիստոնէական կրօնքին՝ յաճախ մեր միտքն ու սիրտը, եւ մեր ողջ էութիւնը կը լեցնէ Մխիթարիչին՝ Ս. Հոգիին գալստեան հրաշազան ու հրճուափառ ներգործութեամբը, որ «ի վեր է քան զմիտս եւ զբանս»։
Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Միջվարժարանային ընթերցման խրախճանքը, որ վերջին տարիներուն դարձած է աւանդական։ Մեր զանազան վարժարաններէն աշակերտական խումբեր մասնակցեցան այս խրախճանքին՝ ուսուցիչներուն գլխաւորութեամբ։
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս Ամանորի շրջանը:
Իրաքահայոց ընտանեկան միութեան եւ շաբաթօրեայ վարժարանի ուսանողութեան առաջնորդարան այցելութիւնը փայլուն անցաւ:
Սուրիոյ նոր սահմանադրութիւնը մշակելիք յանձնախումբը առաջին ժողովը կրնայ գումարել տարեմուտին:
Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարները երէկ կարեւոր տեսակցութիւն մը ունեցան:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Պահ մը տեղափոխուինք Պէյրութ։ Պէյրութի կեդրոնական հատուած։ Այդ շրջանը յատկապէս նախապատերազմեան ժամանակ կը համարուէր լիբանանահայութեան մշակութային կեանքի ամենէն բանուկ վայրերէն մին։
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Մամետեարով հանդէս եկաւ ուշագրաւ յայտարարութիւնով մը:
«Երեւան եւ Պաքու առաջին անգամ փոխադարձ ըմբռնումի մը հասած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ»:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Կաղանդի եռուզեռ կայ Հայաստանի մէջ: Հանրախանութները սովորականէն աւելի ծանրաբեռնուած են ուտելիքներով, Կաղանդին առընչուող իրերով: Խանութներուն մէջ շարժելու տեղ չկայ՝ ամէն տեղ դրուած են զովացուցիչներու, ալքոլի, չիր ու չամիչի, տուրմերու արկղեր:
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբը անցեալ շաբաթավերջին այցելեց Ս. Թագաւոր եկեղեցի, ուր մասնակցեցաւ կիրակնօրեայ արարողութեանց։ Ս. Պատարագը մատոյց՝ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Ժընեւի մէջ այսօր շատ կարեւոր հանդիպում մը տեղի կ՚ունենայ Սուրիոյ տագնապի կարգաւորման հեռանկարներուն տեսակէտէ։ Այսպէս, Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարները եռակողմանի հանդիպում մը կ՚ունենան Ժընեւի մէջ, ուր ամենայն հաւանականութեամբ կը հռչակեն այն կոմիտէն, որ պիտի խմբագրէ Սուրիոյ նոր սահմանադրութիւնը։
Ռուսահայ յայտնի գործարար ու բարերար Սամուէլ Կարապետեան 2 միլիոն 800 հազար տոլար նուիրեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին տեղի ունեցած էր «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տարեկան նուիրահաւաքման արշաւը, որու արդիւնքով հանգանակուած գումարը վերջերս 3 միլիոն տոլարով աւելցած է՝ հասնելով 14 միլիոն 115 հազարի։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը մասնակցեցաւ իր վրացի պաշտօնակցի երդման հանդիսաւոր արարողութեան:
Երեւան եւ Թիֆլիզ կը նախատեսեն յառաջիկային արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը առաւել խորացնել զանազան ոլորտներու մէջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին միայն աղօթքի վայր չէ, ան նաեւ պարիսպ մըն է, որ կը պահէ մեր էութեան արմատները եւ մեզ կ՚ազատէ փոթորիկներէ:
Ինչքանո՞վ ճիշդ է քանի մը մարդոց կողմէ առաջ քշուած պահանջները եւ անոնց բերնէն լսուած խօսքերը ներկայացնել որպէս բացարձակ ճշմարտութիւն, կամ կարելի՞ է հաւատալ, թէ այդ բոլորը կը կատարուին յանուն մեր եկեղեցւոյ բարօրութեան:
Մշտականը հայոց եկեղեցւոյ խորքէն բխած աղօթքի բառն է, որուն կարօտ ենք բոլորս: Փողոցային արարքներով խնդիրները չեն լուծուիր, ընդհակառակն աւելի վատ կացութիւններ կը ստեղծուին:
Արամ Պօղոսեան կը տեղեկացնէ Լոս Անճելըսէն.-
Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան մէջ շաբաթավերջին բացուեցաւ նկարչուհի Իլտա Շաքարեանի ցուցահանդէսը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ի՞նչպէս բացատրել մայրութիւնը, ի՞նչ կերպով նկարագրել զայն, եթէ ոչ պարզապէս ըսել, մայրութիւնը մարդկութեան գագաթնակէտն է՝ ամենաբարձր աստիճանը, ծայրագոյն դիրքը՝ զենի՛թը։
Արդարեւ, մայրը, ծնող կին-մարդը, կերպով մը գործակիցը եւ գործակատա՛րն է Աստուծոյ՝ Իր արարչագործութեան եւ նախախնամութեան գործին։
Աշխատասիրեց՝
ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ,
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այս երկու պատուիրանները՝ սէր առ Աստուած եւ սէր առ ընկեր, օրէնքներու համառօտութիւն կը կոչուին: Այս պատուիրանները Տասնաբանեայ պատգամներէն առաջ տրուած էին, որոնք Օրինաց եւ Ղեւտացւոց գիրքերուն մէջ կը յիշուին. «Քու Տէր Աստուածդ բոլոր սիրտովդ, բոլոր հոգիովդ ու բոլոր զօրութիւնովդ սիրէ» (Բ.Օր 6.5). «Քու ընկերդ քու անձիդ պէս սիրէ» (Ղւ 19.18):