Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հակառակ Արաբական ծոցի զարգացումներուն, Միջին Արեւելքի գերխնդիրը Սուրիոյ տագնապն է…
Անցնող մէկ շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցած զարգացումները նոր դրութիւն մը ստեղծեցին Միջին Արեւելքի ընդհանուր տեսարանին մէջ։
Մխիթարեան վարժարանի 2018-2019 շրջանի ընթացաւարտները վերջերս փայլուն հանդիսութիւնով մը հրաժեշտ առին ու բռնեցին կեանքի նոր փուլի մը ճանապարհը։ Դպրոցի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէսը, որ առիթ հանդիսացաւ իսկապէս մեծ խանդավառութեան։ Մխիթարեան վարժարանը այս տարի ունի 9 շրջանաւարտ։

Պաքըրգիւղի ընտանիքը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ Տատեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ կազմակերպուած շրջանաւարտութեան հանդէսի ներկաներու շարքին էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր եւ իր գործակից ընկերները, վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ, ուսուցչական կազմը, Պաքըրգիւղի ընտանիքէն պատասխանատուներ, ծնողներ եւ այլ հիւրեր։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան հանդիսաւոր արարողութիւններ։ Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապէ ելքը յիշատակուեցաւ աւանդական շուքով։
Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը երէկ մեծ շուքով նշուեցաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակը Ս. Գայիանէի վանքին մէջ ընթերցուեցաւ հանդիսաւորապէս:
Շաբաթ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ Կեդրոնական վարժարանի 2018-2019 կրթական շրջանի հունձքի հրաժեշտի արարողութիւնը։ Շրջանաւարտութեան հանդէսին ժամանակ տղաքը նախ այցելեցին Կեդրոնական վարժարանի հիմնադիր մեծանուն պատրիարք երանաշնորհ Տ. Ներսէս Արք. Վարժապետեանի շիրիմը։
Նորընտիր քաղաքապետը Իսթանպուլի բնակիչներու շարքին թուարկեց հայերն ու փոքրամասնութիւնները:
Ընդդիմադիր թեկնածուն առաւելութեան հասաւ՝ ապահովելով ձայներու 54 տոկոսը: Հանրապետութեան նախագահ
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Պինալի Եըլտըրըմ անմիջապէս շնորհաւորեցին՝ ողջունելով ազգի կամքի դրսեւորումը:
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, վերջերս, Ս. Եղիայի յիշատակութեան տօնին հոգեւոր արարողութիւններ տեղի ունեցան։ Նկատի ունենալով Համաշխարհային հայրերու օրը եւ երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի ծննդեան տարեդարձի զուգադիպութիւնը, մասնաւոր յիշատակութեան արժանացաւ նաեւ մեր հոգեւոր պետը։
Գարակէօզեանի ընտանիքը երէկ երեկոյեան մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ դպրոցի 2018-2019 կրթական շրջանի ընթացաւարտներու շրջանաւարտութեան հանդէսին առթիւ։ Ներկայ էին խնամակալութեան ներկայացուցիչները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Գարուն Քովան, տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ, ուսուցչական կազմը, սանուց միութեան վարչայինները, Գարակէօզեանի ընտանիքէն պատասխանատուներ եւ շրջանաւարտներու ընտանիքները։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Մուրացկանները շատ հին ժամանակներէն գոյութիւն ունեցած են բոլոր երկիրներուն մէջ: Եթէ սկիզբը մուրացկանութիւնը անհատական բնոյթ ունէր, այժմ բազմաթիւ երկիրներու մէջ անիկա ձեւով մը կազմակերպուած է եւ՝ արհեստավարժ մակարդակի հասած, անտեսելով բարոյական բոլոր չափանիշները:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Փոքր տարիքէս միշտ ալ հետեւած եմ մարզանքի ու մարզական կեանքին: Երկար տարիներ տրամադրած եւ խաղացած եմ պասքեթպոլ՝ զանազան խումբերու մէջ, բայց միշտ ալ ֆութպոլը դարձած է հետաքրքրութիւնս եւ ուշադրութիւնս գրաւող աշխարհ, մանաւանդ՝ հայրենի ու հայաստանեան ֆութպոլային աշխարհը, որ մարզական հետաքրքրութենէն անցաւ աւելի անդին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանը ծննդավայրս է։ Քաղաքական առումով բաւական բարդ, իսկ աշխարհագրական առումով բաւական «նուրբ» գօտիի մը վրայ բացուած այս երկիրը բոլոր ժամանակներուն ալ համարուած է Միջին Արեւելքի գլխաւոր «հնոց»։ Հնոց, ուր արեւելքն ու արեւմուտքը «կը սիրահետին», զիրար կը բարեւեն, իրարու հետ կը խօսակցին, ու վատագոյն պարագային ալ զիրար կ՚ապտակեն ու զիրար կը հարուածեն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ յաճախ վէճի նիւթ կ՚ընեն, թէ ո՞ր մէկը կարեւոր է կեանքի մէջ յաջողութեան եւ նպատակի հասնելու համար. քանա՞կը, թէ որակը։ Բայց կեանքի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ մարդիկ ընդհանրապէս, եւ պէտք է ըսել՝ շատ յաճախ «քանակ»ին կարեւորութիւն կ՚ընծայեն, «քանակ»ին ետեւէն են եւ ո՛չ թէ՝ որակին։
Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ այսօր երեկոյեան հանդէս պիտի գայ Հայաստանի «Կեդրոն» հեռուստակայանէն։ Իսթանպուլի ժամով 19.30-ին պիտի սփռուի իր յայտագիրը, որ վաղը առաւօտ 10.30-ին ալ պիտի կրկնուի։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու Ուաշինկթընի հանդիպման լոյսին տակ:
Զօհրապ Մնացականեան կ՚ընդգծէ բանակցութիւններու թափին շարունակուիլը եւ քաղաքական կամքի ցուցաբերումը:
Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան նոր ղեկավարը երէկ առաջին այցը տուաւ Թուրքիա:
Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Նեչիրվան Պարզանի աչքէ անցուցին տարածքաշրջանի ընդհանուր կացութիւնը:
Վաղը Իսթանպուլի մէջ տեղի պիտի ունենայ քաղաքապետի ընտրութիւն։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ մարտի 31-ին բովանդակ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած էին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ։ Այդ ժամանակ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի ընտրութեան արդիւնքը վիճարկուած էր։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ ԳՀԽ-ի ժողով՝ Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ:
Յաջորդ տարի գումարուելիք Ազգային-եկեղեցական ժողովի պատրաստութիւններու գործընթացը կը շարունակուի թափով:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Օօօ, պա՛պ, տես հոս ի՞նչ կը ծախեն: «Սո՜ւս»: Յիշեցի՞ր:
-Ինչպէ՞ս չեմ յիշեր, հարկաւ յիշեցի, ի՛նչ համով էր օշարակը:

Պէզճեան Մայր վարժարանի 2018-2019 շրջանի հունձքին համար երէկ երեկոյեան հրաժեշտի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Գումգաբուի համանուն սրահին մէջ։ Երեկոյթը պատուեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էր Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։