Արխիւ
ՄԱՐՏԻԿ ՄԱՏԵՆՃԵԱՆ
Հայաստան անունով երկիր մը կայ, ուր հայեր կը բնակին հազարաւոր տարիներէ ի վեր: Հայերը շատ հին պատմութիւն ունեցող ժողովուրդ են, եւ հայ թագաւորը քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակած է Յ.Ք. 301 թուականին, ուրիշ ազգերէ շա՜տ ու շա՜տ առաջ:
Աշխատասիրեց՝
ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ,
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Եթէ մենք մեզ ամէն տեսակի ցանկութենէ կ՚ուզենք հեռու պահել, որ մեր որդիական [հանգամանքին] անվայել է՝ որուն արժանացած ենք Յիսուսի շնորհիւ, պարտաւոր ենք՝
ա) Մեր ցանկութիւնները սանձել, Աստուծոյ հնազանդիլ, հեռացնել մեզմէ ամէն տեսակի սանձարձակ ունակութիւններ եւ մեզի կանոն ունենալ՝ Առաքեալին օրինակը. «Բայց ինքզինքս սեղմումներու կ՚ենթարկեմ ու կը զսպեմ, որպէսզի չըլլայ թէ ես ինքս մրցանակէն զրկուիմ, ես՝ որ ուրիշներուն կը քարոզեմ» (Ա.Կր 9.27):
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի նորանշանակ տնօրէնը բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Հայկակ Արշամեան. «Երիտասարդութեան հետ այլեւս ուրիշ ձեւով պիտի աշխատինք, որովհետեւ նոր սերունդը չ՚ուզեր լսել ծանօթ պատմութիւնները»:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Եւրոասիոյ միութեան Մանկավարժական համալսարաններու ընկերակցութեան նախագահ Փրոֆ. Ալեքսէյ Լուփքովի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժական համալսարանի վերատեսուչ Փրոֆ. Ռուբէն Միրզախանեան։
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը Հենրիխ Մխիթարեան Անգլիոյ Փրէօմիէր լիկին մէջ խաղացած մրցման ժամանակ ունեցաւ վնասուածք մը, որու հետեւանքով շուրջ մէկուկէս ամիս հեռու պիտի մնայ մարզադաշտերէ։ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ Լոնտոնի «Արսենալ»ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան մարզադաշտ պիտի կարողանայ վերադառնալ հազիւ յառաջիկայ փետրուարին։
Պաքուի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Միխայիլ Պոչարնիքով յայտարարեց, որ 2019 թուականին աւելի բարենպաստ միջավայր մը պիտի ստեղծուի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններուն տեսակէտէ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ռուս դիւանագէտը յայտնեց, որ ինք զգուշաւոր լաւատեսութեամբ կը գնահատէ կարգաւորման գործընթացի վերջին միտումները։
«Արմէնփրէս» գործակալութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը կ՚արժեւորուի զանազան ձեռնարկներով:
«Հայփոստ» գործակալութիւնը յոբելեանի առթիւ թողարկեց դրոշմաթուղթ մը, որ կնքուեցաւ մասնաւոր հանդիսութիւնով:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի այցելել Մոսկուա, ուր նախատեսուած է իր հանդիպումը Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեանի այցելութիւնը նախատեսուած է այս հինգշաբթի, 27 դեկտեմբերին։
ՍՕՔԱՐ եւ BP ընկերութիւնները կը ծրագրեն մինչեւ 2023 նաւթաքիմիական նոր համալիր մը կառուցել Ալիաղայի մէջ, Իզմիր:
Նախատեսուած վիթխարի կառոյցը պիտի համարկէ ՍԹԱՐ զտարանի արտադրանքն ու ՓԵԹՔԻՄ-էն ապահովուելիք բազմակողմանի հումքերը:
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին այսօր աւանդական շուքով եւ հանդիսաւոր արարողութիւններով կ՚ոգեկոչէ նախասարկաւագը:
Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան հանդիսապետեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ երէկուան ժամերգութեան:
Սուրբ Ստեփանոսի վերյիշման առթիւ տարեկան անուան տօնախմբութիւն եւ վարժարանի ի նպաստ աւանդական սիրոյ սեղան Եշիլգիւղի եկեղեցւոյ մէջ:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց արարողութիւններուն: Աշակերտները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց ելոյթներով:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Երեկոյեան ժամերուն տեղի ունեցաւ այս տեսակցութիւնը, որու կապակցութեամբ թէ՛ Ուաշինկթընի եւ թէ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրները հանդէս եկան յայտարարութիւններով։
Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ պատմական հովուատան տեղը վերածուած է պանդոկի մը:
Նորայր Իշլէր շաբաթավերջին Գումգաբուի «1890 Suites»ի մէջ ընթրիքով մը մեծարեց համայնքային շրջանակները:
ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչը կը վերադառնայ Երեւան:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան յուշանուէր մը յանձնեց Արսէն Աւագեանին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Անիկա զիս պիտի փառաւորէ, քանի որ ինչ որ ինձմէ առնէ՝ պիտի յայտնէ ձեզի։ Ինչ որ Հայրս ունի՝ իմս է. ասոր համար է որ ըսի ձեզի, թէ ինչ որ առնէ ինձմէ՝ պիտի յայտնէ ձեզի», (ՅՈՎՀ. ԺԶ 14-15)։
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Չկայ մէկը, որ գիտութիւն վաճառող կատարեալ տգէտի մը ըսէ. «Բարեկամ, դուք բան մը չէք գիտեր, քանի մը բարեկամներէ քանի մը խօսք սորված էք եւ զանոնք կը կրկնէք միշտ, դուք այդ ընկերութեան մեջ խօսք առնելու իրաւունք չունիք, հրամեցէ՛ք սենեակէն դուրս»:
Յակոբ Պարոնեան
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ցարդ յայտնի չէ, որ ամերիկեան ուժերուն Սուրիայէն հեռանալը ի՛նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ այդ երկրի ընդհանուր իրավիճակին վրայ… Սակայն մէկ բան յայտնի է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի այդ մասին կատարած թուիթըրեան գրառումէն վայրկեաններ վերջ, լրատուական գործակալութիւններ ոչ միայն մեծ աղմուկ կը հանէին տեղի ունենալիք զարգացումներուն մասին, այլեւ լսելի կը դառնային այնպիսի տեսակէտներ, որոնց խորքը կարմիր բառերով գրուած էր՝ «Ամերիկան պարտուեցաւ Սուրիոյ մէջ»։
Վաստակաւոր գրող Մկրտիչ Մարկոսեան երէկ մեծարուեցաւ Եշիլգիւղի սիրոյ սեղանին ժամանակ։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով իրեն շնորհուած «Մովսէս Խորենացի» շքանշանը իրեն յանձնուեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ երէկուան արարողութիւններուն նախագահեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իրապէս դժուա՛ր է ներել մէկը, երբ ան վիրաւորած է մարդուս արժանապատուութիւնը։ Արդարեւ, ներելը դժուար է, քանի որ ան մարդուն իր «Ես»ին հետ պայքա՛ր կը պահանջէ, ուստի ներելու համար նախ պէտք է «Ես»ը պարտութեան մատնուի, եւ «Ես»ը զոհողութիւն ընէ՝ զիջանի եւ խոնարհի։ Բայց մարդուն «Ես»ը դիւրին չի զիջանիր եւ կը յամառի մնալու միշտ իր բարձրութեան վրայ։