Արխիւ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ լրագրող-բանաստեղծուհի Վերճիհան Զիֆլիօղլու հրատարակած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «Beni Unutma Rusyam»։ Այս գիրքը շուրջ եօթ տարուան ընթացքին հեղինակին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ պատրաստուած է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աւետարանի մէջ (ՄԱՏԹ. ԻԲ 2-14) եւ (ՂՈՒԿ. ԺԴ 16-24) երբ կը խօսուի «հարսանեկան խրախճանք»ի մասին, ուր շատեր մերժած են մասնակցիլ անոր, կը խորհրդանշէ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը։ Ուստի խրախճանքի համար «Մորթուած զուարակ»ը, այսինքն մատաղ ցուլը՝ Ի՛նքն՝ Աստուծոյ Գառն է, որ զոհուեցաւ մեզի՝ մեղաւորներու փրկութեանը համար, որպէսզի լիանանք Անոր Սուրբ Մարմնով եւ Արեամբ, եւ միանանք Անոր հետ ամենասերտ միութեամբ, եւ ըլլանք մարմին՝ Անոր Մարմինէն եւ ոսկոր՝ Անոր Ոսկորներէն, ինչպէս որ հարկ է հարսին՝ Եկեղեցին։
Երգահան Կոմիտաս Վարդապետի եւ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակները ներառուած են ԻՒՆԷՍՔՕ-ի յոբելենական իրադարձութիւններու օրացոյցին մէջ:
Երեւանի մէջ պիտի կառուցուի Նորարարութեան եւ արհեստագիտութիւններու առաջին տարածքաշրջանային զբօսավայրը: Անիկա պիտի դառնայ ապագայի աշխատավայր աւելի քան 6 հազար առաջատար մասնագէտներու համար, որոնք պիտի նպաստեն տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները տնտեսութեան առաջատար ճիւղերու մէջ ամբողջապէս ընդելուզելու ու նորարարական լուծումներ առաջարկելու գործընթացին, ինչպէս նաեւ ճարտարագիտական, ելեւմտական, դրամատնային, առողջապահական, ապահովագրական, ռազմական, գիւղատնտեսական, հանքաարդիւնաբերական, լրատուադաշտի եւ հեռահաղորդակցութեան ոլորտներու մէջ։
Այս տարուայ ամրան նախատեսուած են Համահայկական 7-րդ խաղերը, որոնք տեղի պիտի ունենան օգոստոսին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Համահայկական խաղերու բացման արարողութիւնը 6 օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ Ստեփանակերտի մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հօրս կամքը հետեւեալն է.- Ով որ տեսնէ Որդին եւ հաւատայ անոր՝ յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ. եւ ես պիտի յարուցանեմ զայն վերջին օրը» (ՅՈՎՀ. Զ 40)։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Գացի, եկայ վեց տարիէն աւելի լքած ծննդավայրս: Եօթը օրուան կեցութիւնս տարի մըն էր կարծես:
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ այս օրերուն Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան՝ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները աչքէ անցընելու նպատակով։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այս նպատակով թրքական պատուիրակութիւն մը մեկնած է Մոսկուա, ուր ձեռնարկած է հանդիպումներու։
Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէր յայտարարեց, որ Անգլիոյ խորհրդարանի վերջին քուէարկութիւններու արդիւնքով առանց համաձայնութեան BREXIT-ի ռիսքը աւելցած է։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Պրիւքսելի մէջ, Եւրոխորհրդարանէն ներս մասնաւոր նիստ մը տեղի ունեցաւ BREXIT-ի օրակարգով։
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմը պիտի ունենայ սփիւռքի գծով յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան մը, որ պիտի ըլլայ սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու ներկայացուցիչը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ այս նիւթին անդրադարձաւ Քէօլնի մէջ, գերմանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայ ամսուան մէջ պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Իրան։
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմէն ներս նոր շրջան:
Մարսէյլէն Ռոպէր Ազիլազեան նորընտիր Թեմական խորհուրդի ատենապետ ընտրուեցաւ:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Մոսկուա կ՚ողջունէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ տեղի ունեցած բարձր մակարդակի քաղաքական վերջին շփումները։ «Մենք բարեխղճօրէն եւ, իմ կարծիքով, որակեալ կ՚իրականացնենք մեր միջնորդական գործառոյթները։
Նիկոլ Փաշինեան. «Մեր երկիրը պէտք է ունենայ ուժանիւթի աղբիւրներու տեսակաւորութիւն»:
Դէպի Գերմանիա պաշտօնական այցի ծիրէն ներս Հայաստանի վարչապետը Քէօլնի երէկուան շփումներէն վերջ անցաւ Պերլին:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) անգլիատառ պարբերաթերթի՝ «AGBU Insider»ի՝ դեկտեմբեր 2018-ի յաւելուածէն քաղելով կը ներկայացնեմ հետեւեալ շահեկան տեղեկութիւնները.
Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ընդառաջ ԱՔ կուսակցութիւնը ներկայացուց իր որդեգրած նպատակները:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը ձգտի նոր որակ մը տալ երկրի քաղաքներուն եւ մասնաւոր համակարգով մը հետեւիլ քաղաքապետութիւններուն:
Կը տեղեկանանք, որ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը վերահրատարակած է՝ Մխիթարեան ուխտէն հոգելոյս Հայր Արիստակէս Վրդ. Պօհճալեանի բացատրական Առձեռն բառարանը։ 1975 թուականին, հեղինակի թոյլտուութեամբ այս բառարանը հրատարակուած էր Ուսուցչաց հիմնարկին կողմէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ի՞նչ կը նշանակէ «Քրիստոնեայ ըլլալ»։ Արդարեւ հարցը սա է. «Քրիստոնեայ անուանուի՞լ» թէ «քրիստոնեայ ըլլա՛լ»։ Ուստի անուանեալ քրիստոնեայ ըլլալ եւ հոգւով քրիոտոնեայ ըլլալ տարբեր վիճակներ են, ինչպէս կեանքի մէջ ամէն վիճակ։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի եւ մեներգչուհի Գարին Քիւչիւքօղլու վերջերս համերգով մը հանդէս եկաւ Աթէնքի մէջ։ «Քոտալի» երաժշտանոցի նախաձեռնութեամբ եւ անոր երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս համերգը, որ ձօնուած էր Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանին։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի Պետական համալսարանի պաշտօնական ամսագրի երկարամեայ խմբագիր, հեղինակաւոր նարեկացիագէտ Հրաչիկ Միրզոյեան կը մեկնաբանէ Քասիմի թողած աւանդին նշանակութիւնը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յոբելեանի շրջանի կատարուած կարեւոր նախաձեռնութեան առթիւ:
«Ես արդէն շուրջ 15 տարիէ ի վեր կը զբաղիմ այս գործով, ծանօթ եմ «Մատեան ողբերգութեան»ի բոլոր տարբերակներուն, ուսումնասիրած եմ բոլորը։ Հիմա Նարեկացին նորոյթ դարձած է։ Միայն այս՝ Գօչունեանի վերածածն է, որ որեւէ անգամ չէ վերատպուած»։ Իր թարգմանած «Մատեան»ը ունի պատմական արժէք՝ ըլլալով աշխարհաբար առաջին ամբողջականը»: