Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուտը՝ ճշմարտութեան հակառակ արտայայտութիւն մըն է. ճշմարտութիւնը ուրանալ եւ կամ կերպով մը ծածկել եւ կամ տարբեր ձեւով ներկայացնել կը նշանակէ։ Ժողովրդական պարզ մտայնութեամբ սովորութիւն է եղած ըսել. «Սուտ խօսելուն պատճառով ո՞վ մեռած է…»։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Վեհափառ Հայրապետն ու Հանրապետութեան նախագահը քննարկեցին Հայաստանի ապագային, պետութիւն-եկեղեցին յարաբերութիւններուն եւ ազգային-եկեղեցական կեանքի վերաբերեալ խնդիրներ։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ պատարագեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ:
Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան քարոզէն առաջ ողջունեց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ յաճախ կը յիշենք եւ կը խորհրդածենք մայրերու մասին՝ այն պատուական եւ աստուածաշնորհ անձերու մասին, կը մտաբերենք այն սրբանուէր անդամները համայն մարդկային մեծ ընտանիքին եւ նաեւ իւրաքանչիւր ընտանիքի նուիրական անձնաւորութիւնները՝ կ՚անդրադառնանք, թէ անոնք տիրուհի՛ն են ընտանիքին եւ մարդկութեան։ Արդարեւ, եթէ այրը կամ հայրը «տէր»ն է ընտանիքին, կինը կամ մայրը «տիրուհի»ն է նոյն ընտանիքին։
«Արմէնփրէս» գործակալութեան նախաձեռնութեամբ ֆորում. «Մետիայի դերը փոփոխուող աշխարհի մէջ»:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան ելոյթ մը ունեցաւ տպագիր մամլոյ ապագայի վերաբերեալ կլոր սեղանի քննարկումներուն ընթացքին՝ կանգ առնելով ազգապահպանման ու ինքնութեան յարատեւութեան խնդիրներուն վրայ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ծանր պատանեկութիւն ու ճանապարհ դէպի… Գահիրէ…
26 նոյեմբեր 2014 թուականին Սապահ կը փակէր իր աչքերը:
Դէպի Լոնտոն մեր ուղեւորութեան վերաբերեալ այս յօդուածաշարքի վերջին փուլին կ՚արժէ ամփոփ գիծերու մէջ անդրադառնալ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 110-ամեակին առթիւ կազմակերպուած երկու ասուլիսներու մանրամասնութիւններուն։ Ըստ էութեան, երկու հանգամանք պէտք է խոշորացոյցի տակ առնել այս կէտին վրայ. մասնակիցներու ընդհանուր դիմագիծը եւ քննարկումներու օրակարգը։
Իսթանպուլահայ սանուց միութիւններուն եւ այլ ակումբներուն համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ աւանդական դարձած Ոսկի աշնան խրախճանքը երէկ տեղի ունեցաւ Գատըգիւղի մէջ։ Այս տարուան Ոսկի աշնան խրախճանքի տանտէրն էր Արամեան սանուց միութիւնը։
Գումգաբուի մէջ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս երէկ նշուեցաւ Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան 152-րդ տարեդարձը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Պարիարքական աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Երէկ, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներու արտահերթ գագաթաժողովը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այս գագաթաժողովի ընթացքին հաւանութեան արժանացաւ Պրեքսիթի համաձայնութիւնը։
Համաշխարհային արուեստի պատմութեան վերազարթօնքին մէջ հայազգի Շարլ Ազնաւուրի ներդրումն ու արժէքը անուրանալի է: Համեստ ընտանիքի մէջ հասակ առած Ազնաւուր, այսօր իր վաստակով համաշխարհային ճանաչում ունի:
Business Armenia կառավարական հիմնարկը կը ջանայ խթան հանդիսանալ երկրի տնտեսական աճին:
Բազմակողմանի նախաձեռնութիւններ՝ Հայաստանի միջազգային առեւտուրին թափ տալու առաջադրութեամբ:
Թուրքիա-Ատրպէյճան-Վրաստան համագործակցութիւնը հետզհետէ կը խորանայ ռազմական գետնի վրայ:
Եռակողմանի ձեւաչափով հաւաքներու ընթացքին միշտ անդրադարձ կը կատարուի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին:
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Համախտանիշ (syndrome)՝ կը նշանակէ մէկէ աւելի ախտանշաններու համակցութիւն-զուգակցութիւն. այլ խօսքով, մէկէ աւելի ախտանշաններ կը յայտնուին որպէս մէկ ամբողջութիւն կամ հիւանդագին վիճակ: Բժշկութեան մէջ գոյութիւն ունին հազարաւոր համախտանիշեր: Այս համախտանիշերէն մէկն է Auto-Palato-Digital (OPD) Syndrome-ը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստան կը պատրաստուի արտահերթ ընտրութիւններու: Անցնող օրերուն եւ մէկէ աւելի հարթակներու վրայ երկրի քաղաքական գլխաւոր ուժերը դրսեւորումներ ունեցան, կապուած ոչ միայն ներքին քաղաքական օրակարգի, տնտեսական մօտեցումներու կամ ընկերային ոլորտին մէջ իրենց ունեցած տեսակէտներուն, այլեւ՝ յատկապէս երկրի արտաքին քաղաքական մօտեցումներուն վերաբերեալ:
Հայ Եկեղեցւոյ երիտասարդաց համաշխարհային միաւորումը այս օրերուն Մոսկուայի մէջ կ՚իրականացնէ հաւաք մը։ Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի թեմերէն եւ Ռուսաստանի թեմէն երիտասարդներ եւ հոգեւոր առաջնորդներ կը մասնակցին այս հաւաքին, որուն կը մասնակցի նաեւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ծովը անհուն, անծայրածիր եւ խորունկ է։ Երբ բարիք ընես եւ ծովը թափես, այդ անսահմանութեան ու խորութեան մէջ ըրած բարիքդ օր մը կը վերադառնա՞յ քեզի կամ արդեօք կը կորսուի՞։ Անշահախնդրութեամբ կատարուած բարիքը անպայման կը վերադառնայ, եթէ նոյնիսկ չվերադառնայ, Աստուած կը վարձատրէ քեզ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ որքան ալ զօրաւոր նկարագիր ունենայ, ի վերջոյ «մարդ» է եւ ունի նաեւ մարդկային տկարութիւններ եւ թերութիւններ, որոնք պատճառ կ՚ըլլան զանազան փորձութիւններու։ Արդարեւ, մէկու մը նկարագրին զօրութիւնը կարելի է չափել՝ անոր փորձութիւններու հակադրելու հաստատակամութեամբ։
Նիւ Եորքի Ս. Վարդան Մայր տաճարին մէջ Ուղղափառ եկեղեցիներու համատեղ արարողութիւն:
Բարձրեալի զօրակցութիւնը խնդրուեցաւ աշխարհի բոլոր գաղթականներուն համար, նաեւ կոչ ուղղուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներու ի նպաստ օգնութեան ուղղութեամբ - Ներկայ էր նաեւ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը:
Թուրքիա-Եւրոմիութիւն բարձր մակարդակով քաղաքական երկխօսութեան ժողով Անգարայի մէջ:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Ֆետերիքա Մոկերինի եւ Եոհաննէս Հահն համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նոյնանման մօտեցումներ արտայայտեցին Իրանի հարցին շուրջ՝ որպէսզի ան կարողանայ օգտուիլ տնտեսական միջոցներէ: