Արխիւ

Երկուշաբթի, Յունիս 11, 2018

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Նուրետտին Ճանիքլի շաբաթավերջին Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Ճիմ Մաթիսի հետ։ Երկու նախարարները տեսակցեցան ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու ժողովի ծիրէն ներս։

Երկուշաբթի, Յունիս 11, 2018

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս շաբթուան մէջ պիտի այցելէ Մոսկուա։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան տեղեկացուց այս այցելութեան մասին, սակայն մանրամասնութիւններ չհաղորդեց վարչապետի ուղեւորութեան ծրագրին շուրջ։

Շաբաթ, Յունիս 9, 2018

«Անընդունելի է մտահոգութիւններու ներկայացման համար որդեգրուած վերջնագրային ոճը»:
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Եպիսկոպոսաց ժողով մը՝ վերջին իրադարձութիւններու արժեւորման համար:

Շաբաթ, Յունիս 9, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի տանտիրութեամբ Գումգաբուի մէջ իֆթարի սեղան՝ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու մասնակցութեամբ
Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու եւ կուսակալ Վասիփ Շահին երէկ երեկոյեան այցելեցին Պատրիարքարան

Շաբաթ, Յունիս 9, 2018

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ վեր­ջերս այ­ցե­լե­ցին նկա­րիչ Տա­րօն Մու­րա­տեա­նի ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ բա­ցուած է «Քա­տիր Հաս» հա­մալ­սա­րա­նէն ներս։ «Բա­ցա­յայտ գաղտ­նի խաղ» խո­րագ­րեալ այս ցու­ցա­հան­դէ­սը պատ­րաս­տուած է Փրոֆ. Հա­սան Պիւ­լենտ Քահ­րա­մա­նի կող­մէ

Շաբաթ, Յունիս 9, 2018

2017-2018 կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլը Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն ներս բնորոշուեցաւ զանազան ձեռնարկներով ու պտոյտներով։ Դպրոցէն ներս տեղի ունեցած  ձեռնարկներու ծիրէն ներս՝ 4-րդ դասարանի աշակերտները ստացան իրենց վկայականները։

Շաբաթ, Յունիս 9, 2018

Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանը, վերջերս, տուն դարձաւ մանկապարտէզի դասարաններու տարեվերջի հանդէսին, որ տեղի ունեցաւ յետմիջօրէին վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի, Մատակարար մարմնի ատենապետ եւ անդամներու, վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչաց կազմի եւ ծնողներու:

Շաբաթ, Յունիս 9, 2018

Էսաեան վարժարանին մէջ վերջին օրերուն հանդէս մը տեղի ունեցաւ՝ 2017-2018 կրթական շրջանի փակման առթիւ։ Դպրոցի բոլոր աշակերտները իրենց մասնակցութիւնը բերին այս հանդէսի ծրագրին։

Շաբաթ, Յունիս 9, 2018

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի 2017-2018 կրթական շրջանի հունձքին համար երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխման հանդիսութիւն մը։ Դպրոցի պարտէզին մէջ կազմակերպուած այս հաւաքոյթը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։

Շաբաթ, Յունիս 9, 2018

​Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Կեդրոնական վարժարանի շրջանաւարտութեան հանդէսը։ Դպրոցի այս տարուան հունձքը հրաժեշտ առաւ խանդավառ հանդիսութիւնով մը, որու ձեւաչափը վերջին տարիներուն դարձած է աւանդական։

Շաբաթ, Յունիս 9, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Անց­նող օ­րե­րուն հրա­պա­րակ ե­լած «Նոր Հա­յաս­տան, Նոր Հայ­րա­պետ» նա­խա­ձեռ­նու­թեան հա­մար գլխա­ւոր նպա­տակ կը հան­դի­սա­նայ Ա­մե­նայն Հա­յոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին իր պաշ­տօ­նէն հե­ռա­ցու­մը։ 
Տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով, յա­ճախ ա­նա­խորժ եւ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ զա­ւակ­նե­րուն ան­յա­րիր վար­քով մը ար­տա­յայ­տուած մօ­տե­ցում­նե­րը հիմ­նա­կա­նին մէջ վի­րա­ւո­րա­կան բնու­թագ­րում­ներ կը բո­վան­դա­կեն Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի, ա­նոր գա­հա­կա­լին եւ ա­ւե­լի քան 700 միա­բան­նե­րուն հան­դէպ։

Շաբաթ, Յունիս 9, 2018

Աշխատասիրեց՝  ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ 

- «Մար­մին Տէ­րու­նա­կան» եր­գէն ա­մի­ջա­պէս ետք ի՞նչ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ։
- «Մար­մին Տէ­րու­նա­կան» եր­գէն ան­մի­ջա­պէս ետք սար­կա­ւա­գը կը ձայ­նէ. «Դպիր­նե՛ր, Սաղ­մո՛ս եր­գե­ցէք մեր Տէր Աս­տու­ծոյն» քաղցր ձայ­նով հո­գե­ւոր եր­գե՜ր եր­գե­ցէք, եւ «դպրիր­նե­րը օ­րուան խոր­հուր­դին հա­մա­ձայն Սրբա­սա­ցու­թիւն կ՚եր­գեն, իսկ սար­կա­ւագ­նե­րը վեր՝ Սուրբ Սե­ղան կը բե­րեն սրբա­զան Հա­ցը եւ ան­մա­հու­թեան Բա­ժա­կը»։

Շաբաթ, Յունիս 9, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հո­գե­գա­լուս­տէ ետք 3-րդ Կի­րա­կի օ­րուան՝ այս տա­րի 10 Յու­նիս Կի­րա­կի, Ս. Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին կար­դա­ցուած Ճա­շու Ա­ւե­տա­րա­նի հա­տուա­ծը՝ (ՄԱՏԹ. ԺԲ 1-8), «Շա­բաթ օ­րը յար­գե­լու հարց»ին մա­սին է։
Ար­դա­րեւ, Շա­բաթ օ­րը եբ­րա­յա­կան եօթ­նեա­կին՝ շա­բա­թին, այ­սինքն եօ­թը օ­րուայ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին վեր­ջին՝ 7-րդ օրն էր, երբ ա­մէն զբա­ղում եւ աշ­խա­տանք պէտք էր դադ­րէր ըստ Հին Կտա­կա­րա­նի տրա­մադ­րու­թեան. (ԵԼՔ. Ի 8-11, ԼԱ 12-17, ԼԴ 21) եւ  (Բ ՕՐ. Ե 12-15)։

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ընդհանուր առումով, նկարագիրը, այսինքն մարդու մը, անհատի մը յատկանշական գիծերը, արժէքները, էութիւնը չի՛ փոխուիր։ Իսկ եթէ արտաքին ազդեցութիւններով, պարագաներու համեմատ ընթացքի ուղղութիւնը կը փոխուի, անիկա «նկարագիր» չէ, այլ պարզապէս ստացական սովորութիւն։

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018

Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեան երէկ այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր հիւրընկալուեցաւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ։ Ինչպէս ծանօթ է, Մարգար Էսաեան ԱՔ կուսակցութեան կողմէ դարձեալ թեկնածու առաջադրուած է յառաջիկայ ընտրութիւններուն համար։

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018

Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրը երէկ ընդունուեցաւ Ազգային ժողովին կողմէ:
Նիկոլ Փաշինեան կանխահաս ընտրութիւն կը նախատեսէ՝ յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին:

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018

Երեւանի մէջ կազմակերպուած Հայաստան-Անգլիա գործարար համաժողովի ընթացքին քննարկում:
Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց ներդրումներու հարցերով յանձնակատար Փրիտչարտը:

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց. «Եթէ Ատրպէյճան կը պատրաստուի պատերազմի, մենք չենք կրնար խաղաղութեան պատրաստուիլ»։

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ յառաջիկայ ընտրութիւններէն վերջ բաւ կրնայ համարուիլ երկրէն ներս արտակարգ իրավիճակի գործադրութիւնը։ Էրտողան երէկ երեկոյեան ուղիղ եթերով հանդէս եկաւ շարք մը հեռուստակայաններու համատեղ սփռումով եւ այս առթիւ նախընտրական գործընթացէն ներս պատասխանեց օրակարգի բազմաբնոյթ հարցումներուն։

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եւրոպայի թեմերու առաջնորդները երէկ հանդէս եկան համատեղ կարեւոր յայտարարութիւնով մը:
«Մեր առջեւ առկայ խնդիրներու լուծման միակ ճանապարհը միութիւնն ու համազգային միասնականութիւնն է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայոց Հայրապետի շուրջ»:

Էջեր