Արխիւ

Երկուշաբթի, Մայիս 21, 2018

Տատեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ յատկանշական ցուցահանդէս մը։ Այսպէս, միութեան երդիքին տակ կը ներկայացուին անցեալ եղանակին կազմակերպուած գեղարուեստական դասընթացքներու մասնակից փոքրիկներու ստեղծագործութիւնները։

Երկուշաբթի, Մայիս 21, 2018

Պաքըրգիւղի ընտանիքը երէկ մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ Տատեան վարժարանի շրջանաւարտից օրուան առթիւ։ Առաւօտուն Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով ոգեկոչուեցաւ վարժարանի նախկին բազմամեայ տնօրէնուհի հանգուցեալ Էլիզ Մանաս։

Երկուշաբթի, Մայիս 21, 2018

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երախտաշատ դէքմերէն մին՝ Գէորգ Եանէր, որ երկար տարիներ անսակարկ նուիրումով ծառայութիւն մատուցած է։

Երկուշաբթի, Մայիս 21, 2018

Հոգեգալստեան տօնին առթիւ շաբաթավերջին աւանդական փայլուն տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Երէկ, առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ մեր այս պատմական ու կոթողային սրբավայրի համալիրէն ներս։

Երկուշաբթի, Մայիս 21, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Սարըերի քաղաքապետ Շիւքրիւ Կենճի հետ։ Հարկ է նշել, որ Սարըերի քաղաքապետարանը վերջերս փոխադրուած է Մասլաք՝ տեղակայուելով նորակառոյց համալիրի մը մէջ։

Երկուշաբթի, Մայիս 21, 2018

Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ մեր կրթական մշակներուն աւանդական պտոյտը։ Այս տարի ծրագրուած էր յատկանշական պտոյտ մը, որ տարբեր էր սովորականներէն։

Շաբաթ, Մայիս 19, 2018

ՏՔԹ. ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Հին Յունաստանը Հիփնոս անունով քունի աստուած մը ունէր, որմէ՝ յունարէն լեզուին «քուն» բառը: Ուրեմն, hypnosis-ը դիցաբանական անունէն կու գայ: Անիկա արհեստականօրէն յառաջ բերուած քնանման դրութիւնն է, որ կարելի է «արհեստաքուն» (hypnosis) կոչել, իսկ արհեստաքունի յառաջացման գործընթացը՝ «արհեստական քնաբերութիւն»:

Շաբաթ, Մայիս 19, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հա­յաս­տա­նի մէջ ի­րա­կա­նա­ցուած «Թաւ­շեայ յե­ղա­փո­խու­թեան» թե­ման կը շա­րու­նա­կէ մնալ լու­սար­ձակ­նե­րու տակ: 
Խնդի­րը այն չէ միայն, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ ի­րա­վի­ճակ փո­խուած է…

Շաբաթ, Մայիս 19, 2018

Աշխատասիրեց՝ 
Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

- Ս. Պա­տա­րա­գը ե՞րբ հա­յա­ցուե­ցաւ։
- Պա­տա­րա­գա­մա­տոյ­ցին հա­յա­ցու­մը ան­շուշտ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե. դա­րուն:

Շաբաթ, Մայիս 19, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հայ Եկեղեցին, այս տարի եւս կը տօնէ Հոգեգալստեան տօնը՝ 20 Մայիս Կիրակի՝ Յինանց 50-րդ օրը։ Հոգեգալուստը, որ կ՚անուանուի նաեւ «Պենտեկոստէ», հիմքը կ՚առնէ Վերնատան մէջ, ուր Յիսուս Քրիստոսի խոստումը կ՚իրականանայ. «Ես պիտի աղաչեմ Հօրս, որ ուրիշ Մխիթարիչ տայ ձեզի, որպէսզի յաւիտեան ձեզ հետ ըլլայ։ Ան Սուրբ Հոգին է, որ Ճշմարտութիւնը կը յայտնէ»։

Շաբաթ, Մայիս 19, 2018

Նիկոլ Փաշինեան. «Վիճակագրութեան ոլորտը պէտք է դուրս ըլլայ քաղաքական ազդեցութիւններէ»:
Հայաստանի Վիճակագրական կոմիտէի եւ Վիճակագրութեան պետական խորհուրդի կազմերուն համար նշանակումներ:

Շաբաթ, Մայիս 19, 2018

Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը նշուի Մայիս 19-ի տօնը։ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ոգեկոչման եւ Երիտասարդութեան տօնը այս տարի եւս կը տօնուի քաղաքացիական խոր գիտակցութեամբ։

Շաբաթ, Մայիս 19, 2018

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կողմէ նուիրատուութիւն՝ Մատենադարանին:
Մկրտիչ Մկրտիչեան. «Այստեղ հայութեան ազգային գանձարանը ոչ միայն կը պահպանուի, նաեւ կ՚ուսումնասիրուի»:

Շաբաթ, Մայիս 19, 2018

Թուրքիա մահմետական աշխարհը շարժման կ՚անցընէ ի նպաստ Պաղեստինի, Երուսաղէմի՝ Իսրայէլի մայրաքաղաք դառնալուն դէմ, նաեւ ՄԱԿ-ը կը հրաւիրէ կատարել իր պատասխանատուութիւնները:
Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտահերթ ժողով եւ Ենիգաբուի մէջ հանրահաւաք: Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կոչ ուղղեց պայքարելու համար մոլեռանդ սիոնականներու դէմ:

Ուրբաթ, Մայիս 18, 2018

Նախաձեռնութեամբ ՀՄԱԿ-ի Թաւրիզի մասնաճիւղին, հովանաւորութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեանի, Թաւրիզի Ազգային առաջնորդարանի «Հ. Ոսկանեան» սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ Երեւանի «Թաթուլ Ալթունեան» երգի եւ պարի պետական համոյթը:

Ուրբաթ, Մայիս 18, 2018

Զօհրապ Մնացականեան զրուցեց Ուէսս Միթչըլի հետ, նաեւ ընդունեց Կասպրչիկն ու Խաչատուրովը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը առաջնահերթօրէն կ՚անդրադառնայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:

Ուրբաթ, Մայիս 18, 2018

Ռուսաստանի եւ Սուրիոյ նախագահները երէկ տեսակցութիւն մը ունեցան Սոչիի մէջ:
Ըստ Փութինի, զինուորական յաջողութիւններէն վերջ պէտք է ծանրութիւն տալ քաղաքական լուծման:

Ուրբաթ, Մայիս 18, 2018

Գերմանական «Քոնրատ Ատենաուէր» հիմնադրամի քաղաքական երկխօսութեան Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանային ծրագրի ղեկավար Թոմաս Շրափէլ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։

Ուրբաթ, Մայիս 18, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հրահանգով, պոլսահայ եկեղեցիներուն մէջ այս Կիրակի տեղի պիտի ունենան յատուկ աղօթքներ։

Ուրբաթ, Մայիս 18, 2018

Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան գործարար խորհուրդի ժողովը:
Նոյան Սոյաք. «Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը կը կազմէ 300 միլիոն տոլար»:

Էջեր