Արխիւ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2017

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ երեկոյեան Թաքսիմի «Ինթերքոնթինենթըլ» պանդոկին մէջ մասնակցեցաւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքի տանտիրութեամբ սարքուած պաշտօնական ընդունելութեան։ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցին, ըստ աւանդութեան, Ս. Անդրէաս առաքեալի յիշատակի օրուան զուգահեռ կը նշէ Պոլսոյ Յունաց Պատրիարքութեան հիմնադրութեան տօնը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2017

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախընթաց օր հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Սուրիոյ նորանշանակ աւագ հիւպատոս Մուհամմէտ Ահմէտ Հաճը Իպրահիմը։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը բարեմաղթանքներ յղեց դեսպանին՝ նշանակման առթիւ։ Ան մաղթեց, որ նորանշանակ դեսպանը ունենայ արդիւնաւէտ առաքելութիւն՝ ի նպաստ երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամական յարաբերութիւններուն եւ գործակցութեան շարունակման։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2017

ՌՈՒ­ԲԻ­ՆԱ ՄԱՀ­ՏԵ­ՍԻ Օ­ՀԱ­ՆԵԱՆ

Ի՞նչ­պէս կ՚ըն­կա­լենք մեր շրջա­պատն ու մեր ան­ձը: Ի՞նչ­պէս կ՚ըն­կա­լենք աշ­խար­հը: Մե՞ր աչ­քե­րով: Իսկ ի՞նչ կը նշա­նա­կէ ը­սել «մեր աչ­քե­րով»:
Մար­դու մօ­տե­ցում­նե­րու, ըն­կա­լում­նե­րու եւ աշ­խար­հա­հա­յեաց­քի ձե­ւա­ւոր­ման մէջ դե­րա­կա­տար են բազ­մա­թիւ գոր­ծօն­ներ:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդկային Բնութիւնը միշտ կ՚ուզէ ունենալ, եւ միշտ աւելի՛ն ունենալ։ Բայց կարեւորը ունեցածին ո՛չ թէ քանակը, այլ՝ որա՛կն է։ Ուրիշ խօսքով՝ որեւէ վնասակար բանէ մը շատ ունենալէն աւելի երանելի՜ է քի՛չ ունենալ, բայց օգտակար բան մը ունենալ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2017

Մոսկուայի Զարդական-կիրառական եւ ժողովրդական արուեստի համառուսաստանեան թանգարանի նախաձեռնած «15-րդ գիտական ընթերցումներ նուիրուած՝ Վիքթոր Վասիլենքոյի յիշատակին» միջազգային գիտագործնական խորհրդաժողովին մասնակցած է նաեւ Հայաստանի «Պատմամշակութային արգելոց թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն ՊՈԱԿ»ի գիտահետազօտական բաժնի վարիչ Կարինէ Բազէեան։ 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2017

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ։ Ան մասնակցեցաւ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմանի ժողովին։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2017

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Կը հաղորդուի, որ երկու ղեկավարները անդրադարձան երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2017

Երեւանի մէջ այսօր կը նշուի «Ֆոթոլուր» գործակալութեան հիմնադրութեան 15-ամեակը։ Սա յատկանշական յոբելեան մըն է հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհին տեսակէտէ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2017

ՀԱՊԿ-ի հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի հերթական նստաշրջանը տեղի ունեցաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ:
Երեւանի դաշնակիցները Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման պարագային կ՚աջակցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերուն:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2017

Ալեքս Սարկաւագ Գալայճեան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ հրատարակուած յօդուածները հաւաքեց հատորի մը մէջ:
Երիտասարդ հեղինակի անդրանիկ գիրքը կը բովանդակէ եզակի դիտարկումներ ու խորհրդածութիւններ արդի կեանքի մասին:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2017

Գալֆաեան Տան երդիքին տակ ընկերամշակութային ձեռնարկները շարունակուեցան վերջին շաբաթներուն։ Թարգմանչաց տօնի շրջանին դպրոցէն ներս տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որ կազմակերպուած էր յայտնի արուեստագէտ Արամ Կոստանեանի առաջնորդութեամբ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2017

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան վերջին օրերուն դարմանման տակ կը գտնուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ նորին սրբազնութիւնը կը տառապի պաղառութենէ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2017

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Մարմնամարզի ու երիտասարդութեան նախարար Օսման Աշքըն Պաքի հետ։ Թեքպըչաք եւ իր ընկերները նախարարին կողմէ հիւրընկալւեցան Աթագիւղի Ողիմպիական տան երդիքին տակ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2017

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի կամաւոր հոգաբարձու Դալար-Արթօ Հորոզօղլու ամոլը եւ տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի տեղեկութիւններ փոխանցեցին դպրոցի ծաւալած գործունէութեան եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն շուրջ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2017

ՅԱԿՈԲ ՆԱԼՊԱՆՏ

Կար ու չկար՝  այս ան­ծայ­րա­ծիր տիե­զեր­քին կող­մէ ան­տե­սուած «աշ­խարհ» ա­նու­նով հի­ւան­դա­գին մո­լո­րակ մը կար:
Այս մո­լո­րա­կին սրտին մէջ՝ աշ­խար­հի ոճ­րա­գործ տէ­րե­րուն ան­յագ ա­խոր­ժա­կին պատ­ճա­ռով ած­խա­ցած եր­կիր մը կար՝ հէ­քեա­թա­յին Սու­րիա ա­նու­նով եւ այդ ած­խա­ցած երկ­րին սիր­տը կազ­մող, փլա­տա­կի վե­րա­ծուած պատ­մա­կան չքնաղ քա­ղաք մը կար՝ իմ ծննդա­վայր Հա­լէ­պը, սգա­ւոր եւ խրոխտ Հա­լէ­պը:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2017

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Սփիւռքահայ խումբ մը երիտասարդներ կը համախմբուին հայրենիքի մէջ: Տարիներէ ի վեր անոնք ընտանիքներով կու գան ու հայրենիքի մէջ կ՚անցընեն իրենց ամառնային արձակուրդները: Այսպէս հասակ առած են անոնք, այսպէս եղած է տարիներու վարժութիւնը անոնց, որ մտերմութեամբ մը համակած է բոլորը, եւ մղած զանոնք փնտռելու այս պահերը ու միասին հինէն ու նորէն զրուցելու:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2017

Բեմադրիչ Էլբակեանի մականին ներքեւ Պարոնեանի գործը կը մատուցուի նորովի:
«Սունդուկեան» ակադեմական թատրոնի ներկայացումները կ՚արժանանան մօտիկ հետաքրքրութեան:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Նոյեմբեր ամսուն հայկական դրամը դարձաւ 24 տարեկան։ Հայկական դրամին ծնունդը նկատուող՝ 22 Նոյեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատունը շրջանառութեան մէջ դրաւ 500 դրամ անուանական արժէքով նոր՝ «Նոյեան տապան» անուանումով հաւաքորդական դրամը, որ հայկական առաջին քոմփոզիթային թղթադրամն է, որ կը նշանակէ, թէ թուղթը երկու կողմէն պատուած է քանի մը նիւթերէ, ինչ որ թղթադրամը աւելի երկարակեաց կը դարձնէ եւ անոր համար կ՚ապահովէ անվտանգութեան բազմաստիճան համակարգ:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2017

Քաղաքիս Իտալական մշակոյթի կեդրոնին մէջ նախընթաց օր նշուեցաւ միջեկեղեցական յատկանշական յոբելեան մը։ Հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աղեքսանդր Տիւմա հայր եւ որդի, յայտնի ֆրանսացի գրողներ, հետաքրքրական յիշատակ մը ունեցած են։ Աղեքսանդր Տիւմա որդիին հրատարակած մէկ գիրքին շնորհանդէսին՝ կին մը կը մօտենայ Աղեքսանդր Տիւմա հօր եւ կ՚ըսէ.

Էջեր