Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Նոյեմբերի 6-ին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան կը ժամանէր Թել Աւիւ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային կեանքը կ՚ընթանայ ընդհանրապէս հակոտնեայ սկզբունքներու, գաղափարներու եւ ըմբռնումներու մէջ, եւ հակադիր երեւոյթներու միջեւ նախընտրութիւններ ընելով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եկեղեցւոյ մէջ սրբանկարներու առջեւ աղօթել, երկրպագութիւն ընել եւ մինչեւ իսկ համբուրել՝ սովորութիւն է եղած։
Սովորութիւն մը, որ շատ անգամ կը գերադասուի՝ իսկական պաշտամունքի, երկրպագութեան եւ աղօթքի եւ յարգանքի արժանի սրբութիւններուն, եւ պահերուն։
«Երբ եկեղեցական կեանքը պառակտուած է, կարելի չէ կերտել ազգային կեանքի միութիւնը»:
Վեհափառ Հայրապետի դէպի Արեւմտեան Թեմ հովուապետական այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին:
Ֆրանսացի աշխարհահռչակ թատերագիր, 18-րդ դարու ֆրանսական իրապաշտական կատակերգութեան ներկայացուցիչ Փիէռ Օկիւստէն Քարոն տը Պոնմարշէի թատրերգութեան հիման վրայ բեմադրուած «Ֆիկարոյի ամուսնութիւնը» ներկայացումը ժամանակակից, հետաքրքրական, անսպասելի լուծումներով կը ներկայացուի Երեւանի «Հրաչեայ Ղափլանեան» տրամաթիքական թատրոնին մէջ։
Հայաստանի Մանուկներ հիմնադրամը (COAF) մօտալուտ տօներուն ընդառաջ՝ սիրով կը յայտարարէ ամենամեծ բարեգործական միջոցառման՝ 14-րդ ամենամեայ դրամահաւաք-երեկոյի մասին։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տարեկան նուիրահաւաքման արշաւին ընդառաջ:
Արցախի մէջ յառաջիկայ շրջանին պիտի հաստատուին ոռոգման համակարգեր եւ արեւային ուժանիւթի կայաններ:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Յաճախ պատահական հանդիպումներու ընթացքին չենք անդրադառնար մարդոց արտասանած խօսքի ազդեցութեան, յայտնած գաղափարներու պայծառութեան եւ արտայայտած զգացումներու անկեղծութեան։ Քանի-քանի՜ անգամներ հակիրճ երկխօսութեան շնորհիւ թաքնուած խորհուրդներ լոյս աշխարհ եկած են, կարճատեւ խօսակցութեան լոյսին տակ անսպասելի վկայութիւններ փոխանցուած են։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած զարգացումները միայն տեղական բնոյթ չունին: Նախապէս ալ գրած ենք այս մասին՝ շեշտելով, որ Պէյրութը միջինարեւելեան մեծ քարտէսին վրայ այն փոքր ու նուրբ կէտն է, որ կը համարուի կարեւոր տարրալուծարան մը, ուր կը մշակուին բախումի սահմանագիծերն ու կանոնները:
Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Իսթանպուլի հայերը» խորագրեալ ցուցահանդէսին բացումը:
Լուսանկարիչ Մուրատ Էզէրի գործերը արժանացան այցելուներու անմիջական հետաքրքրութեան եւ բոլորը գնահատանքով շնորհաւորեցին զինքը՝ տպաւորուած դիտարկման կարողութիւններով:
Սերժ Թանկեանի ամենայայտնի խումբը՝ «Վիզա»ն, Ճիւան Գասպարեան կրտսերը, «Capital Cities» խումբի հայազգի մեներգիչ Սեպուն համատեղ համերգային ծրագրով հանդէս կու գան Երեւանի մէջ։
Յունաստանի Վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս յայտնեց, որ Արեւմտեան Թրակիոյ թուրքերու իրաւունքներուն համար կառավարութիւնը ձեռնարկած է օրէնսդրական նախաձեռնութեան մը։ Կիւմիւլճինէ կատարած այցելութեան ընթացքին ան հանդէս եկաւ համապատասխան յայտարարութիւններով, որոնք արձագանգ գտած են նաեւ տեղական մամուլին մօտ։
Իսրայէլի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Կատի Էյզընքոտ յայտարարեց, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ մեծագոյն սպառնալիքը կը հանդիսանայ Իրան։ Բարձրաստիճան զինուորականը Սէուտական Արաբիոյ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն տուաւ հարցազրոյց մը, որու ընթացքին մեկնաբանեց տարածքաշրջանի իրադարձութիւնները։
Հոլանտայի ծերակոյտի նախագահը հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահին կողմէ:
Պրուքերս-Քնոլ. «Պատմականօրէն եւ քաղաքական առումով կրնաք կամուրջ հանդիսանալ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ»:
Պրազիլիոյ Արտաքին յարաբերութիւններու նախարար Ալոյզօ Նունէս Ֆերէյրա պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ։
«Ժամանակի ընթացքին մեր երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու կեանքին մէջ տեղի ունեցած են զգալի փոփոխութիւններ, սակայն անփոփոխ մնացած են փոխադարձ ջերմութիւնն ու անկեղծութիւնը՝ պարզ մարդկային ճակատագրով եւ իւրաքանչիւր նորի պարագային ընկալունակութիւնը»:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի խօսքերով՝ Հայաստան եւ Ռուսաստան եղած են հաւատարիմ աւանդական արժէքներու եւ ազգային ինքնատիպութեան նկատմամբ:

Անգարա-ԵՄ յարաբերութիւններու ընթացքին շուրջ բազմակողմանի քննարկումներ:
Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան հարթակի անդամները հիւրընկալուեցան Ֆրանսական պալատին մէջ:
Հանրապետութեան Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յառաջիկայ շաբաթ դարձեալ պիտի այցելէ Ռուսաստան։ Ներկայ շաբթուան սկիզբին ան Սոչիի մէջ տեսակցած էր Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Իր յառաջիկայ այցելութիւնն ալ նախատեսուած է դարձեալ դէպի Սոչի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ազգի մը, ժողովուրդի մը լեզուն իր ինքնութի՛ւնն է՝ անբաժան իր էութենէն։ Արդարեւ, լեզուն որքան հասարակական, նո՛յնքան կարեւոր է անհատներու համար, քանի որ անոնց ալ ինքնութեան որոշիչ տարրերէն մէկն է լեզուն, յատկապէս «մայրենի լեզուն»։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ նախընթաց օր այցելեցին մայրաքաղաք Անգարա։