Արխիւ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2017

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին Ս. Պատարագի մատուցմամբ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով յիշատակուեցան ազգային բարեյիշատակ ու անմոռանալի բարերարներ՝ Աբիկ եւ Մաթուս Ունճեան հարազատները։ Արարողութեանց հանդիսապետեց, Ս. Պատարագը մատոյց եւ աւուր պատշաճի քարոզեց եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2017

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ Ռումանիոյ ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ սարքուած պաշտօնական ընդունելութեան։ Իսթանպուլի մօտ Ռումանիոյ աւագ հիւպատոս Սիամպա Ատրիանայի տանտիրութեամբ՝ այս ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ «Քոնրատ» պանդոկին մէջ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2017

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի այցելէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ըստ մեր ստացած անպաշտօն տեղեկութիւններուն, նորին սրբազնութեան կեցութիւնը պիտի տեւէ շուրջ շաբաթ մը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2017

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ 

Շատերու վերլուծումով աւանդութիւնը հնատիպ նմոյշ մըն է ապրելակերպի՝ ժամանակի շրջագիծին մէջ ձեւակերպուած։ Ուրիշներու դատողութեամբ աւանդութիւնը պատմական որոշ արժէք ներկայացնող եւ հաւաքական յիշողութիւնը թարմացնող ազդակ մըն է։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կ՚ըսուի, թէ պատմութիւնը դէպի ետ կը կարդացուի, բայց անիկա մի՛շտ դէպի յառաջ կը սուրայ։
Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ որքան իրաւացի է այդ խօսքը, քանի որ մարդ երբ ուսումնասիրէ անցեալի դէպքերը՝ պատմութիւնը, հետզհետէ կը խորանայ եւ դէպի ետ կ՚երթայ մտապէս, բայց անցեալը՝ պատմութիւնը միշտ կը փոխուի՝ արագընթաց շարժումով ներկա՛յ կը հանդիսանայ եւ դէպի ապագայ կը շարունակէ իր ընթացքը։ 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2017

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Զուիցերիոյ աւագ հիւպատոս Նաթալի Մարթինը։ Իր առաքելութեան նոր ձեռնարկած աւագ հիւպատոսը փափաքած էր քաղաքավարական այցելութեան փութալ Պատրիարքարան եւ տեղեկութիւններ ստանալ՝ Աթոռի գործունէութեան ու մեր համայնքային կեանքի մասին։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2017

VADİP-ի ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու տե­ղե­կա­ցուց, որ Պատ­րիար­քա­կան տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան նա­մա­կով մը դի­մած է Իս­թան­պու­լի կու­սա­կալ Վա­սիփ Շա­հի­նին՝ պա­հան­ջե­լով ժա­մադ­րու­թիւն։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2017

Համայնքային վաքըֆներու հարթակը (VADİP) երէկ երեկոյեան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ գումարեց 2017-2018 շրջանի իր առաջին ժողովը:
Պետրոս Շիրինօղլու. «Ես պատկան մարմիններու պատգամները փոխանցած եմ առանց աղաւաղելու, այսուհետեւ ինձմէ ոչինչ պիտի լսէք պատրիարքական ընտրութեան մասին»:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2017

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ հայագէտ, նախիջեւանագէտ, Գրական փաստագրութեան միջազգային ակադեմիոյ ակադեմիկոս, Հայաստանի Մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Արգամ Այվազեանի «Նախիջեւան. բնաշխարհիկ պատկերազարդ հանրագիտակ» եւ «Արիստակէս Զարգարեաե» գիրքերու շնորհանդէսը:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Առողջութիւնը, կեանքին պահպանման եւ տեւականացման համար անհրաժեշտ կը նկատուի։ Որո՛ւ որ հարցուի, անվարան կը պատասխանէ. «Նախ եւ առա՛ջ՝ առողջութիւն»։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2017

Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկանները» նորովի, աշխոյժ, պարային ու անսպասելի մեկնաբանութեամբ կը ներկայացուի թատերասէրներուն:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2017

Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ փոխ-վարչապետ Հաքան Չավուշօղլուի հետ։ Չավուշօղլու, որ պատասխանատու է վաքըֆներու գծով, Թորոս Ալճանը հիւրընկալեց ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2017

Արցախի հերոս ու նախկին պաշտպանութեան նախարար Սամուէլ Պապայեան դատապարտուեցաւ վեց տարուան բանտարկութեան։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, դատախազը իր պարագային եօթ տարուան ազատազրկում պահանջած էր եւ դատավարութեան աւարտին գրեթէ ամբողջութեամբ բաւարարուած եղաւ նախատեսուած պատիժը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2017

Թուրքիոյ եւ Անգլիոյ յարաբերութիւնները կը զարգանան բոլոր ուղղութիւններով, երկու երկիրները միասնաբար կը պայքարին ահաբեկչութեան դէմ:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ տեսակցեցաւ Թերեզա Մէյի հետ եւ ուշագրաւ հարցազրոյց մը տուաւ BBC-ին. «Հապա՞ եթէ ռմբակոծուած ըլլար Պաքինկամի պալատը»:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2017

Հայաստան-Իրան գործարար ֆորումով կը նախատեսուի թափ տալ բազմակողմանի համագործակցութեան:
Ճեւատ Զարիֆ այսօր բարձր մակարդակի շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ՝ Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2017

Մեր հոգեւորականաց դասու արժէքաւոր ու փորձառու անդամներէն, Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս, Էյուպի Ս. Աստուածածին եւ Ս. Եղիա եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ Տ. Մինաս Ա. Քհնյ. Ճիհանկիւլեան այս օրերուն սիրով շրջապատուած է իր հոգեւոր եղբայրներուն եւ Թոփգաբուի ընտանիքին կողմէ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2017

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Երիտասարդ ընտանիքի Աստուածաշունչը» գիրքին շնորհահանդէսը: Գիրքը Հայաստան բերուած է սուրիահայ ընտանիքներուն բաժնելու համար:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2017

Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան նախարարներու 34-րդ համաժողովը Փարիզի մէջ:
Անդամ երկիրները միաձայնութեամբ հաւանութիւն տուին Հայաստանի առաջարկներուն, Նալպանտեան ունեցաւ ելոյթ մը:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2017

Վարչապետ. «Քանի որ նախագահ Տանըլտ Թրամփ տուած է խոստում մը՝ արժեւորելիք նիւթ մը չկայ»:
Պինալի Եըլտըրըմ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Լոնտոն, իր պաշտօնակցին՝ Թերեզա Մէյի հրաւէրին ընդառաջ:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2017

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Էնտրու Քլեմենթ Սերգիս՝ հայկական արմատներով, անգլիացի դերասան, բեմադրիչ եւ գրող։ Ծնած է 20 Ապրիլ 1964 թուականին Անգլիոյ Ուեսթ Լոնտոն թաղամասին մէջ։

Էջեր