Արխիւ

Երկուշաբթի, Մայիս 22, 2017

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան ըն­դու­նեց շուէ­տա­հայ լրագ­րող, բե­մադ­րիչ Սիւ­զան Խար­տա­լեա­նը:

Երկուշաբթի, Մայիս 22, 2017

Բիւ­րա­կա­նի աստ­ղա­դի­տա­րա­նին մէջ սկսած է մի­ջազ­գա­յին ա­մե­նէն հե­ղի­նա­կա­ւոր՝ ՆԱ­ՍԱ-ի Տիե­զե­րա­կան յա­ւե­լուած­նե­րու վե­ցե­րորդ մրցու­մը, ո­րուն Հա­յաս­տա­նը մաս­նակ­ցած է ար­դէն երկ­րորդ ան­գամ: Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու օ­դա­նա­ւոր­դու­թեան եւ տիե­զե­րա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին վար­չու­թիւ­նը՝ ՆԱ­ՍԱ-ն, մի­ջազ­գա­յին մրցու­մի մաս­նա­կից­նե­րուն առ­ջեւ դրած է յա­ւակ­նոտ հարց. 24 ժամուան ըն­թաց­քին մշա­կել եւ ներ­կա­յաց­նել նո­րա­րա­րա­կան լու­ծում­ներ եւ ա­ռա­ջարկ­ներ՝ կի­րար­կե­լով տուեալ­նե­րու վիր­թուա­լա­ցում, քո­տա­ւո­րում, ձե­ւա­ւո­րում եւ այլ մի­ջոց­ներ:

Երկուշաբթի, Մայիս 22, 2017

Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը (ՍԾՏՀԿ) ար­դէն դար­ձած է 25 տա­րե­կան։ Խորհր­դա­յին Միու­թեան փլուզ­ման յա­ջոր­դած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ստեղծուած այս կազ­մա­կեր­պու­թեան հիմ­նա­դիր պե­տու­թիւն­նե­րու շար­քին է Հա­յաս­տան։

Երկուշաբթի, Մայիս 22, 2017

Հանրապետութեան նախագահը երէկ վերստին պաշտօնապէս վերադարձաւ ԱՔ կուսակցութեան գլուխը:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կարեւոր ազդանշաններ տուաւ յառաջիկայ շրջանի առաջնահերթութիւններուն շուրջ:

Շաբաթ, Մայիս 20, 2017

ՅԱ­ՐՈՒԹ ՍԱ­ՍՈՒ­ՆԵԱՆ

Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը իր նաւ­թա­յին եւ կա­զա­յին բազ­մա­մի­լիառ ե­կա­մուտ­նե­րը կը բաշ­խէ հե­տե­ւեալ չորս ուղ­ղու­թիւն­նե­րով՝ կա­շա­ռա­տուու­թիւն, Ա­լիե­ւի ըն­տա­նի­քի եւ ա­նոր բա­րե­կամ­նե­րու կող­մէ թա­լան, ռազ­մա­կան գնում­ներ եւ նա­խա­հա­շի­ւա­յին այլ հար­ցեր: Զար­մա­նա­լի չէ, որ Ատր­պէյ­ճա­նի ժո­ղո­վուր­դին ճնշող մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կ՚ապ­րի ծայ­րա­յեղ աղ­քա­տու­թեան մէջ՝ հա­կա­ռակ Ա­լիե­ւի միա­պե­տու­թեան վաս­տա­կած նաւ­թա­յին մի­լիա­ռա­ւոր տո­լար­նե­րուն:

Շաբաթ, Մայիս 20, 2017

ՍԱՐ­ԳԻՍ Յ. ՄԻ­ՆԱ­ՍԵԱՆ

Ար­դէն քա­նի մը ա­միս­ներ ան­ցած են Թրամ­փի վար­չա­կան իշ­խա­նու­թե­նէն, բայց տա­կա­ւին յայտ­նի չէ, թէ ի՞նչ ըն­թացք պի­տի առ­նէ Պրն. Նա­խա­գա­հին ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։ Յստակ է, սա­կայն, թէ ինչ որ յատ­կան­շեց, ընտ­րար­շա­ւի ա­տեն, Տա­նըլտ Թրամ­փի գրգի­ռը, մար­տու­նա­կու­թիւ­նը եւ ան­փու­թու­թիւ­նը, վե­րապ­րած են ու կը շա­րու­նա­կուին։

Շաբաթ, Մայիս 20, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

«Պա­ղես­տի­նը պա­ղես­տին­ցի ա­րաբ ժո­ղո­վուր­դին եր­կիրն է: Եւ այդ հո­ղին վրայ հաս­տա­տուած է իս­լա­մու­թիւ­նը ու տա­րա­ծած իր վսեմ գա­ղա­փար­նե­րը»։

Շաբաթ, Մայիս 20, 2017

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Սպի­տակ եւ սեւ ե­րանգ­նե­րը գու­նա­յին աշ­խար­հին մէջ ա­մե­նէն շատ կի­րա­ռուող գոյ­ներն են։ Սպի­տա­կը բա­րու­թեան, մաք­րու­թեան, ան­մե­ղու­թեան, սրբու­թեան եւ կա­տա­րե­լու­թեան խորհր­դա­նիշ է։ 

Շաբաթ, Մայիս 20, 2017

Արցախի ճակատին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած յարձակման դէմ աննախընթաց վերաբերմունք:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները առաջին անգամ մատնանշեցին բախումներու պատասխանատուն: Ըստ Եդուարդ Նալպանտեանի, Պաքու կը շարունակէ կոպտօրէն խախտել հրադադարի եռակողմանի համաձայնագրերը:

Շաբաթ, Մայիս 20, 2017

Երեւանի Պետական համալսարանի երդիքին տակ գիտաժողով մը՝ Թուրքիա-Հայաստան կապերուն շուրջ:
«Քաղաքական յարաբերութիւններու բացակայութիւնը չի կրնար խանգարել երկու հասարակութիւններու միջեւ շփումները»:

Շաբաթ, Մայիս 20, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աշ­խար­հի վրայ ո՛չ մէկ կա­րե­ւոր ար­դիւնք կամ ար­ժէք կա­րե­լի է ձեռք բե­րել ա­ռանց աշ­խա­տան­քի։ Ա­մէն ինչ որ մարդ ու­նի՝ աշ­խա­տու­թեան մը հե­տե­ւանքն է՝ ա­րուեստ, դաս­տիա­րա­կու­թիւն, գի­տու­թիւն, ար­հեստ եւ ա­մէն ինչ։

Ուրբաթ, Մայիս 19, 2017

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ այ­ցե­լե­ցին Պա­լըք­լըի ազ­գա­յին գե­րեզ­մա­տու­նը, հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լուի հսկո­ղու­թեամբ։ Տղա­քը ա­ղօ­թե­ցին գե­րեզ­մա­նա­տան Ս. Սար­գիս մատ­րան մէջ եւ շրջայց մը կա­տա­րե­լով հա­ղորդ դար­ձան գե­րեզ­մա­նա­տան պատ­մու­թեան։

Ուրբաթ, Մայիս 19, 2017

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով հերթական նստաշրջանը աւարտին հասաւ Մոսկուայի մէջ:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, ժողովականները յորդոր ուղղեցին, որպէսզի հոգեւորականաց դասուն եւ ազգայիններու գործակցութեան խաղաղ մթնոլորտով ջանքեր ներդրուին պետական կառոյցներու հետ բարւոք լուծումներ գտնելու համար ստեղծուած կացութեան:

Ուրբաթ, Մայիս 19, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեան­քի զա­նա­զան ե­րե­ւոյթ­նե­րուն, պա­տա­հար­նե­րուն եւ դէպք­նե­րուն ա­մէն մար­դէ չի սպա­սուիր նոյն հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը՝ ո­մանք քաջ են, ո­մանք շուա­րած, ո­մանք սար­սա­փի մատ­նուած, եւ տա­կա­ւին ան­հա­մար մարդ­կա­յին ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ կա­րե­լի է նշմա­րել նոյն դէպ­քին, նոյն ե­րե­ւոյ­թին նկատ­մամբ։ Ա­սի­կա շատ բնա­կան է, քա­նի որ ա­մէն մարդ նոյն բնա­ւո­րու­թիւ­նը, նոյն նկա­րա­գի­րը կամ նոյն խառ­նուած­քը չու­նի։

Ուրբաթ, Մայիս 19, 2017

ՅԱ­ՐՈՒԹ ՍԱ­ՍՈՒ­ՆԵԱՆ

Տա­րի­ներ շա­րու­նակ Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն եւ պաշ­տօ­նեա­նե­րուն թան­կար­ժէք նուէր­ներ մա­տու­ցած է ա­ռա­տօ­րէն, ինչ­պէս՝ մե­տաք­սէ գոր­գեր, ոս­կի, ար­ծաթ, ձկնկիթ, կան­խիկ դրամ եւ բո­լոր ծախ­սե­րը վճա­րուած ճամ­բոր­դու­թիւն­ներ՝ յօ­գուտ Ատր­պէյ­ճա­նի, բայց՝ ընդ­դէմ Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի ա­նոնց ձայ­նե­րուն դի­մաց: Այս ա­նօ­րի­նա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը այն­քան մեծ տա­րա­ծում գտած է, որ եւ­րո­պա­ցի­նե­րը զայն կը նկա­րագ­րեն որ­պէս «խա­ւիա­րա­յին դի­ւա­նա­գի­տու­թիւն»:

Ուրբաթ, Մայիս 19, 2017

Հա­յաս­տա­նի մէջ օր­կա­նա­կան եւ բնա­կան միրգ-բան­ջա­րե­ղէ­նէ պատ­րաս­տուած պա­հա­ծո­նե­րով, ա­նուշ­նե­րով եւ հիւ­թե­րով բեռ­նուած բեռ­նա­տա­րը ու­ղե­ւո­րուե­ցաւ դէ­պի Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­ներ՝ հին­գաստ­ղա­նի հիւ­րա­նոց­նե­րուն մա­տա­կա­րա­րե­լու հա­մար:

Ուրբաթ, Մայիս 19, 2017

​Ա­մե­րի­կեան Forbes հան­դէ­սը իր յու­նի­սեան թի­ւի կա­փա­րի­չին վրայ զե­տե­ղած է ա­մե­րի­կեան Ani&Alex ոս­կեր­չա­կան ապ­րան­քա­նի­շի հիմ­նա­դիր Քա­րո­լայն Ռա­ֆա­յէ­լեա­նը:

Ուրբաթ, Մայիս 19, 2017

Բո­վան­դակ Թուր­քիոյ մէջ այ­սօր կը նշուի Մա­յիս 19-ի տօ­նը։ Հան­րա­պե­տու­թեան մե­ծա­նուն հիմ­նա­դիր Մուս­թա­ֆա Քե­մալ Ա­թա­թիւր­քի ո­գե­կոչ­ման եւ Ե­րի­տա­սար­դու­թեան տօ­նը այս տա­րի եւս կը տօ­նուի քա­ղա­քա­ցիա­կան խոր գի­տակ­ցու­թեամբ։

Ուրբաթ, Մայիս 19, 2017

Պատ­րիար­քա­կան Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան այս ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րուն հրա­ժեշտ ա­ռաւ Մոս­կուա­յէն, ուր մեկ­նած էր մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի (ԳՀԽ) ընդ­լայնուած կազ­մով նստաշր­ջա­նին։ Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, ժո­ղով­նե­րու ա­ւար­տին, հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցանք Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի հետ։

Ուրբաթ, Մայիս 19, 2017

Արտաքին գործոց նախարարութեան փոքրամասնութիւններու բաժանմունքէն պաշտօնատարներ երէկ այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ կարեւոր խորհրդակցութիւն մը ունեցան՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան շուրջ ստեղծուած առկայ տագնապալի կացութեան եւ անոր յաղթահարման ուղիներուն մասին, ծաւալուեցան քննարկումներ հաշուի առնելով բոլոր տեսակցի մանրամասնութիւնները։
Դէպի օրինական ու արդար լուծում։
Արժեւորելով վերջին մօտաւորապէս երեք ամիսներու զգայացունց իրադարձութիւնները եւ թրքահայ համանքային կեանքէն ներս յառաջացած փակուղին՝ պատկան մարմինները պատրաստակամութիւն կը յայտնեն՝ ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հանգամանքը ճանչնալու ուղղութեամբ։
Յաջորդ շաբթուան ընթացքին շփումները պիտի շարունակուին պետական շրջանակներուն հետ եւ այդ հիման վրայ աստիճանաբար պիտի բիւրեղանայ պատրիարքական ընտրութեան հարցը։

Էջեր