Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ո՜րքան խորհրդաւոր եւ ճշմարիտ ըմբռնում մըն է՝ այն որ աստուածային ստեղծագործութեան մէջ կը տեսնուի կին-մարդու եւ այր-մարդու հաւասարութիւնը։
Երեւանի քաղաքապետարանը Ամանորեայ տօնակատարութիւններուն վրայ պիտի ծախսէ 39 միլիոն դրամ՝ նախորդ տարիներու համեմատ մօտաւորապէս 20 միլիոն դրամ նուազ: Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեան վերջերս ներկայացուցած է՝ «Նոր Տարին Երեւանի մէջ 2017» ձեռնարկներու ծրագիրը:
Վիրահայոց Թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, Դեկտեմբերի 16-ին, ոգեկոչուած է հայերէն տպագիր Աստուածաշունչի 350-ամեակը:
Երեւանի «Գաբրիէլ Սունդուկեան» ազգային ակադեմական թատրոնը վերանորոգուած:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան եղաւ՝ «Պեպօ»ի առաջին նարկայացման պատուոյ հիւրը:
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան վերջերս հանդիպումներ ունեցաւ երկրի տասն խոշորագոյն հարկատու կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն, ինչպէս նաեւ մեծագոյն արտածող ու ներածող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս երկու հանդիպումներուն ընթացքին ալ քննարկուեցան տուեալ ընկերութիւններու գործունէութեան վերաբերեալ հարցեր։
Թուրքիա, Ռուսաստան եւ Իրան պատրաստ են երաշխաւորի դեր ստանձնել՝ Սուրիոյ իշխանութիւններուն եւ ընդդիմութեան միջեւ բանակցութիւններու համար։ Այս երեք երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարները երէկ Մոսկուայի մէջ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը՝ Սուրիոյ առկայ իրավիճակին շուրջ։ Եռակողմանի յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Սուրիոյ տագնապը չունի ռազմական լուծում։
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը կանգ առաւ ուժանիւթի ոլորտի խնդիրներուն վրայ:
Ռատիօաքթիֆ թափօններու եւ բանուած միջուկային վառելանիւթի ապահով վերահսկման ուղղութեամբ նախաձեռնութիւններ:
Հայաստանի Մարզական լրագրողներու դաշնակցութիւնը ընտրեց 2016 թուականի լաւագոյն մարզիկը։ Այդ կոչումը շնորհուեցաւ ողիմպիական ախոյեան Արթուր Ալեքսանեանին։ Հարկ է նշել, որ ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան արդէն երրորդ անգամ կ՚ընտրուի Հայաստանի լաւագոյն մարզիկը։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Աթէնք, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան երէկ հիւրընկալուեցաւ Յունաստանի Նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի կողմէ։
Թուրքիա կ՚ապրի ենթակառուցուածքային հերթական վիթխարի ծրագիր մը կեանքի կոչած ըլլալու արդար հպարտութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան եւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ մասնակցութիւն բերին բացման հանդիսաւոր արարողութեան:
Պաքըրգիւղի ընտանիքը երէկ ողջունեց Տատեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ վերջերս ձեռնարկուած հերթական ընկերամշակութային ծրագրին փայլուն արդիւնքը։ Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ երէկ ներկայացուեցան «Առակներ»ը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Պատրիարքական Աթոռը որոշած է պարգեւատրել մեր համայնքի բարերարներէն Հայկ Ասլանեանը։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ յառաջիկայ ամիս իրեն պիտի շնորհիւ «Կոլոտ» շքանշանը։ Ծանօթ է, որ երանաշնորհ Յովհաննէս Բաղիշեցի Պատրիարքի յիշատակին հաստատուած այս շքանշանը կը շնորհուի բարերարներուն։
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Բանաստեղծ, արձակագիր եւ հասարակական գործիչ Իսահակեան ծնած է 30 Հոկտեմբեր 1875-ին, Ալեքսանդրապոլ գաւառի Ղազարապատ գիւղը, որ ներկայիս կը կրէ բանաստեղծին անունը՝ Իսահակեան: 81 տարեկանին մահացած Իսահակեան թաղուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բանականութեան բարեմասնութիւններով օժտուած եւ զանոնք օգտագործելու կարողութեամբ զօրացած մարդը բնական է որ միշտ կատարելութեան, անթերիութեան ձգտի եւ նպատակ ունենայ հասնիլ կեանքի գագաթնակէտին։ Բարեփոխութիւն, յառաջդիմութիւն եւ լաւի նուաճում մարդ էակին կոչումն է եւ կեանքի վերջնական նպատակը։ Եւ ա՛յդպէս պէտք է ըլլայ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Անցեալ տարուան ամփոփումներուն մէջ կարելի չէ մոռնալ «Աուրորա» մարդասիրական համաշխարհային մրցանակի հանդիսաւոր արարողութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, 2016 թուականի Ապրիլին, աւելի քան եօթ հարիւր հիւրերու մասնակցութեամբ:
ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ գոյութիւն ունին պետական իշխանութեան տարբեր ձեւաւորումներ եւ կիրարկումներ: Ժամանակին, երկար ժամանակ առաջ, երբ տակաւին պետութիւններ գոյութիւն չունէին, մարդկութիւնը կ՚ապրէր այսօրուան առումով՝ «մթութեան մէջ» կամ «քարայրներու», կիսավայրենի եւ անասնական բնազդներով ցեղախումբերու բաժնուած. ունէին «ընտանիքի մեծեր», որոնք ցեղախումբերուն տարեցներն էին, որոնք կը ղեկավարէին իրենց ցեղախումբը, ընտանիքը կամ գիւղը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինչպէս յաճախ կը կրկնենք, կամ ըսենք՝ կրկնելու պահանջքը կը զգանք սիրոյ կարեւորութիւնը եւ կ՚անդրադառնանք անոր անհրաժեշտութեան մարդկային բոլոր փոխյարաբերութիւններուն մէջ։ Ինչո՞ւ պահանջքը կը զգանք, քանի որ մարդկային բոլոր յարաբերութիւնները խաթարուած կ՚երեւին՝ անկեղծ սէրը հալա՜ծ, նօսրացած է ձեւակերպութիւններու մէջ։
Կը տեղեկացնենք, որ մեր Լիբանանի պաշտօնակից՝ «Ազդակ»ի էջերուն մէջ սննդագիտական-առողջապահական նիւթերով բազմաթիւ յօդուածներու հեղինակ Քարլա Եարտըմեան-Հաժ ստացած է սննդագիտութեան տոքթորական աստիճան՝ Անգլիոյ Օքսֆորտ Պրուքս համալսարանէն: Քարլա իր ուսումնասիրութեամբ հետազօտած է սնունդի անապահովութեան ազդեցութիւնը Լիբանանի դպրոցական երախաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն վրայ («Studies on Child Food Insecurity in Lebanon»):
Հռոմի Ֆրանսիսքոս Սրբազան Պապին կողմէ մարդկային վեհ սկզբունքներուն դրսեւորումը եղող նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, ան իր 80-ամեակը նշած է ութ անտուններու հետ՝ զանոնք ընդունելով Վատիկանի Սրբուհի Մարթայի տան մէջ, ուր Պապը կը բնակի:
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան վերջերս հանդիպում մը ունեցաւ երկրի ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Ողջունելով հիւրերը Կարէն Կարապետեան ընդգծեց, որ կը փափաքի լսել ազգային փոքրամասնութիւններու խնդիրները, քննարկել անոնց առկայ հարցերը ու տեսնել, թէ կառավարութիւնը ինչ ձեւով կրնայ աջակցութիւն ցուցաբերել անոնց լուծման ուղղութեամբ։