Արխիւ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ այս առաւօտ սկսաւ ճատրակի մրցաշարք մը։ Տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած աւանդական այս մրցաշարքը արդէն 13-րդ անգամ տեղի կ՚ունենայ։
Պէզճեան Մայր վարժարանի շրջանաւարտներու տարեկան հաւաքոյթը երէկ արտասովոր օր մը պարգեւեց Գումգաբուի ընտանիքին։ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեանի ձեռամբ, առաւօտուն Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որու աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօնով ոգեկոչուեցան դպրոցի հիմնադիրները, հին տնօրէնները, կրթական մշակները, սատարողներն ու սաները։
Մխիթարեանի ընտանիքը երէկ յատկանշական օր մը ապրեցաւ՝ վարժարանի շրջանաւարտից օրուան առթիւ։ Տարեկան աւանդական խաւիծի օրը բարձր տրամադրութիւնով համախմբեց զանազան սերունդներէ ընթացաւարտ սաները, որոնք ապրեցան զիրար վերագտնելու ուրախութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային բոլոր յարաբերութիւններ, որպէսզի առողջ ընթացք մը ունենան, անհրաժեշտ է սրտի մաքրութիւնը։
Սրտի մաքրութիւնը, առաքինութեան եւ ազնուութեան հիմն է, որով կարելի է բարեբեր յարաբերութիւններ մշակել, խաղաղութիւն հաստատել եւ մարդկային արժանապատուութիւնը միշտ վե՛ր պահել։
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հայերէնը Հայաստանի մէջ «կեանքի լեզու» է, իր դպրոցներով, բարբառներով, փողոցի լեզուով, թերթերով, ձայնասփիւռով, հեռատեսիլով, գրողներով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մարտի կէսէրուն Սէուատական Արաբիոյ փոխ-գահաժառանգ Մուհամմէտ Պըն Սըլման իշխանը Ուաշինկթըն կ՚այցելէր եւ հանդիպում կ՚ունենար Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ:
Ռուսաստան-Ատրպէյճան գործարքները կը սպառնան տարածքաշրջանի հաւասարակշռութիւններուն:
Հայաստան ամէն անգամ պարզապէս պէտք է մտածէ հակաթոյներու մասին՝ հաշուի առնելով նոր պատերազմի մը վտանգը:
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի շրջաններուն միջեւ համագործակցութիւնը կը զարգանայ ամբողջ թափով:
Նահանգապետ Կէորկի Փոլթաւչենքօ երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Երեւանի մէջ:
Սփիւռքահայ արդիւնաբերողներու արտադրանքները երէկ ներկայացուեցան ցուցահանդէս-վաճառքով:
Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկի բացման ներկայ էր Հրանոյշ Յակոբեան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յինանց Դ. Կիրակին սովորաբար կը կոչուի «Կարմիր Կիրակի»։ Այս կը համապատասխանէ նաեւ Յինանց 22-րդ օրուան։
«Եւ այն զի՞ կոչի
«Կարմիր Կիրակի
«Եւ յոյժ պատշաճի,
«Զի արեամբ ծաղկի»։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներուն ընթերցման տօնը, ինչ որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Ծնողներու եւ հիւրերու ալ ներկայութեամբ իսկապէս տօնական մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ դպրոցէն ներս։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր երաժշտական աշխարհի սիրուած մեներգիչ Պարթեւ Կարեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին հանդէս պիտի գայ համերգով մը։ Պարթեւի համերգը նախատեսուած է «Լէյլա Կենճէր» գեղարուեստի կեդրոնին մէջ։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ վերջին երկու օրերուն կազմակերպուեցաւ ֆութպոլի մրցաշարք մը, որ ձօնուած էր հանգուցեալ դարպասապահ Ալեքսան Տատեանի յիշատակին։ Իր տեսակին մէջ երրորդ այս միջվարժարանային ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Մրցումները տեղի ունեցան Թաքսիմ մարզակումբի Ֆէրիգիւղի մարզադաշտին վրայ։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Գրագիտութիւնը միայն ուսման եւ վկայականներ ստանալուն չի՛ վերաբերիր, ոչ ալ պաշտօններու հասնելու զէնքերէն մին կը հանդիսանայ, այլ ան աղերսուած է կեանքի բազմաբնոյթ շերտերուն եւ երեւոյթներուն հետ։ Անգրագիտութեան ու անպատասխանատուութեան իբրեւ արդիւնք՝ այսօր, դժբախտաբար, ականատեսները կը դառնանք կամակայան հաճոյքի մը պատճառաւ մանուկներու արհեստական ընդհատման խնդրին՝ վիժման ու ապա մահուան։
«Սօսէ 2017» միջազգային փառատօնը սկսած է շարժապատկերներու դիմումներուն ընդունումը: Հիմնական մրցութային ծրագրով կրնան մասնակցիլ բոլոր ժապաւէնները՝ առանց թեմայի սահմանափակման (խաղարկային, երկարաժամ, կարճաժամ, վաւերագրական):
Ախալքալաքի շրջանի Դիլիսկա գիւղին մէջ իրականացուեցաւ ճատրակի բաց առաջնութիւն, որ նուիրուած էր Հայոց եղեռնի 102-րդ տարելիցին: Մրցաշարքը առաջին անգամ իրականացուեցաւ 2015 թուականին, օրհնութեամբ Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդ Տ. Բաբգէն Վրդ. Սալբիեանի եւ նախաձեռնութեամբ Դիլիսկայի եւ յարակից գիւղերու հոգեւոր հովիւ Տ. Տիգրան Քհնյ. Մխիթարեանի:
«Արաս» հրատարակչատունը վերջերս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է երկու հետաքրքրական գիրքեր։ Անոնցմէ մին կը կոչուի «Զմիւռնիոյ հայերը»։
ԻՒՆԻՍԷՖ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի գրասենեակները պիտի համագործակցին յառաջիկայ շրջանին:
Մշակուած ծրագրի նպատակն է՝ երկրի համայնքներու զարգացման ուղղութեամբ խթանել սփիւռքի մասնակցութիւնը:
12 Յունուար 2015 թուականին Հայաստանի Կիւմրի քաղաքին մէջ Աւետիսեան ընտանիքի եօթ անդամները սպաննած ռուս զինուոր Վալերի Փերմեաքով պատիժը պիտի կրէ Ռուսաստանի մէջ։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութենէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ՝ «Հայկական պատմամշակութային արժէքները մերձաւոր Սփիւռքէ ներս» նիւթին վերաբերեալ քննարկում մը։ Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեան, որ կը ղեկավարէ Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնարկը։