Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ինչպէս նախատեսած էինք («Միացեալ Նահանգներու Միջին Արեւելք Վերադարձը … Եւ Անգարան» Տեսնել ԺԱՄԱՆԱԿ՝ 23 Յունուար 2017-ի թիւը կամ թերթի կայքէջի «Հարթակ» բաժինը), որ Ուաշինկթըն եւ Անգարա յարաբերութիւնները նոր փուլ մը կը թեւակոխեն:
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան եւ Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Էնկին անցեալ շաբթուան մէջ այց մը տուին Սկիւտարի քաղաքապետ Հիւլմի Թիւրքմէնին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հաց»ը իր ընդհանուր իմաստով, կը նշանակէ այն՝ ի՛նչ որ անհրաժեշտ է մարդկային մարմնաւոր-ֆիզիքական կեանքին գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար։
Հայաստանի Բնապահպանութեան նախարարութիւնը կը նախատեսէ Գառնիի մէջ ճոպանուղի կառուցել: Այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ արտայայտուած է Հայաստանի Բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան։ Ան նշած է, որ իրենք շուրջ 180 միլիոն տոլարի ներդրումային ծրագիրներ պիտի իրականացնեն:
Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով՝ շաբաթավերջին Պուէնոս Այրէսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան նշանակուեցաւ Էսթերա Մկրտումեան, որ յառաջիկայ շրջանին պիտի գործուղղուի Արժանթին։
Երէկ, Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն։ Այսպէս, նախագահ ընտրուեցաւ Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէր, որ իր առաջին ելոյթին մէջ կոչ ուղղեց ազատութեան ու ժողովրդավարութեան համար։
Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան փոխադրութեան ոլորտի լիազօր մարմիններու ղեկավարներուն ժողովը:
Խորհրդակցութեան մասնակից նախարարները հիւրընկալուեցան Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ:
Հանրապետութեան նախագահը շրջագայութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Արաբական ծոցի երկիրներ:
Էրտողան. «Սուրիոյ ճգնաժամին շուրջ վերջին ամիսներուն տեղի ունեցան շրջադարձային իրադարձութիւններ»:
Հին Հռոմը չի սահմանափակուիր միայն փիլիսոփաներով, կլատիաթէօրներով եւ թատրոններով: Հռոմէացիները իրենցմէ յետոյ շատ գաղտնիքներ թողած են, իսկ որոշ հռոմէական սովորոյթներու մասին չեն գրուած նոյնիսկ պատմութեան գիրքերու մէջ: Այս մասին ահաւասիկ ուշագրաւ տեղեկութիւններ կը ներկայացնենք հռոմէացիներու կեանքին մասին:
Փարիզի 5-րդ թաղամասի քաղաքապետարանի «Ռընէ Քափիթան» սրահին մէջ, 24 Յունուար-4 Փետրուար թուականներուն միջեւ, տեղի ունեցաւ գեղանկարիչ Իզապէլ Մանուկեանի «Լը փարքէ տը Լուվր» թեմայով ցուցահանդէսը: Ցուցադրուած պաստառներուն մէջ արծարծուած է կրօնական թեման՝ զանց առնելով տարածութիւններու եւ ժամանակի ընդունուած չափանիշները:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան վաւերացուց Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններուն միջեւ ստորագրուած՝ թեքնիկ ոլորտէ ներս համագործակցութեան վերաբերեալ արձանագրութիւնը։ Այս փաստաթուղթը ստորագրուած էր անցեալ տարուան Մարտին։
Սուրիոյ իրադարձութիւնները մտահոգ մեկնաբանութիւններով կ՚ընկալուին միջազգային հարթութեան վրայ:
Անգարա, Ուաշինկթըն, Մոսկուա, Թեհրան եւ այլ դերակատարներ յառաջ կ՚ընթանան մեծ զգուշաւորութեամբ:
Պապայեան. «Արտառոց պիտի ըլլար, եթէ Ատրպէյճան հրադադարը չխախտէր»:
Ըստ Զախարովայի, Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ անայլընտրանք է խաղաղ կարգաւորումը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ վաւերացուց՝ Սահմանադրութեան փոփոխութեան վերաբերեալ օրէնքը։ Ծանօթ է, որ վերջին օրերուն հանրային կարծիքը անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւէր Պեշթեփէի վաւերացման եւ այսպէսով Էրտողան արդէն վերջնական հաւանութիւնը տուաւ Սահմանադրութեան փոփոխութեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ծայրագոյն Արեւելքի իր ներկայացուցիչը՝ Տ. Զաւէն Վրդ. Եազըճեանը։ Այս վերջինը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեանի ձեռամբ վերջերս Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ արժանացած էր մասնաւոր վարդապետական աստիճանի։
Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի օրհնութեամբ, առաջնորդութիւնը այս տարի հրատարակած է պատի օրացոյց մը։ Երէկ, Հայ կաթողիկէից արքեպիսկոպոսարանին մէջ տեղի ունեցաւ մասնաւոր հաւաքոյթ մը, որու նպատակն էր այս պաշտօնական օրացոյցին ծանօթացումը։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Մարդկային կանունաւոր խումբերու ալ բանակ կ՚ըսեն: Կը յիշեմ սիրելի ուսուցիչներէս մին՝ դասապահուն, երբ բանակ բառի հանդիպեցանք, ժպիտը դէմքին՝ ըսաւ. «Դուք կապոյտ բանակը կը սիրէք», մենք՝ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի աշխակերտներ էինք.- ակնարկը նկատի ունէր Դարուհի Յակոբեան աղջկանց վարժարանը…
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ռամկավար ազատական կուսկացութեան (ՌԱԿ) սփիւռքի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ալեքսան Գարատանայեանին կարծիքով՝ սփիւռքը երբեք պէտք չէ միջամտէ Հայաստանի ներքին գործերուն: Գարատանայեան, որ այս մասին խօսած է «Առաւօտ» օրաթերթի խմբագիր Արամ Աբրահամեանի «Շանթ» ալիքէն սփռուող «Համայնապատկեր» յայտագրին ընթացքին, նոյնպէս վստահեցուցած է, թէ իրենք խնդիր չունին եթէ Յակոբ Աւետիքեանի ղեկավարած Հայաստանի ՌԱԿ-ը (անցեալին՝ ՀՌԱԿ) մասնակցութիւն բերէ յառաջիկայ Ապրիլին տեղի ունենալիք Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բիւզանդական Վաղէս կայսրը «արիոսական» աղանդի հետեւորդ էր եւ կը հալածէր քրիստոնեաները։
Սուրբ Սարգիս զօրավար եւս մէջն էր քրիստոնեայ հալածուած հաւատացեալներուն։
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ս. Սարգիսը շարժական տօն է. այս տօնով կը սկսի Բարեկենդանը, որուն անմիջապէս յաջորդող 49 օրեայ Մեծ պահքը կ՚աւարտի Զատիկով: Այսպէսով, անուղղակիօրէն կապուելով 35 օրուան շարժականութիւն ունեցող Զատկուան հետ, Ս. Սարգիսի տօնը նոյնպէս կը շարժի 35 օրերու ընթացքին, նշուելով Յունուար 18-էն մինչեւ Փետրուար 23-ը երկարող այն Շաբաթ օրը, որ տուեալ տարուան Զատկուան տօնէն ճիշդ 63 օր առաջ կու գայ: