Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Քաղաքագէտ Միքայէլ Զոլեանի կարծիքով, եթէ Հայաստանի իշխանութիւնները արագ քայլերու չձեռնարկեն ու չդարմանեն Երեւանի Սարի Թաղ շրջանին մէջ տիրող իրավիճակը, ապա այս խռովութիւններու ալիքը կրնայ աճիլ եւ հունաւորուիլ ամբողջ երկրին մէջ:
Համայն աշխարհի ուշադրութիւնը հետզհետէ կը լարուի Ռիոյի մօտալուտ ողիմպիականներուն վրայ։ Աշխարհի օրակարգը չի բնորոշուիր դրական լուրերով, համաշխարհային ընդհանուր երթը բաւականին մտահոգիչ է, սակայն այդ բոլորը երբեք բաւարար չեն ըլլար, որպէսզի մարդկութեան ուշադրութիւնը շեղի պատմութեան մեծագոյն մարզական կազմակերպութենէն՝ ամառնային ողիմպիականներէն, որոնք շուտով պիտի սկսին Ռիոյի մէջ։
«Մենք իրաւունք չունինք թոյլ տալու, որ մեր ամբողջ հանրութիւնը այս լարուածութեան պատանդը դառնայ»:
Սերժ Սարգսեան եւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ անդրադարձան Երեւանի վերջին դէպքերուն:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ այցելեց խորհրդարան եւ տեսակցեցաւ Հաքան Ֆիտանի հետ:
Ըստ Ալայի, Ոստիկան զօրքերը պիտի կապուին Ներքին գործոց նախարարութեան: Արտակարգ դրութեան շրջագծով Պաշտօնաթերթին մէջ լոյս տեսաւ կառավարութեան առաջին օրէնքի համազօր որոշմնագիրը:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Չեմ գիտեր աշխարհի մէջ քանի՞ հազար լեզուներ կան, որով մարդիկ կը հաղորդակցին իրարու հետ. բայց կայ լեզու մը՝ հասկացողութեան լեզուն, որ ի հարկէ պէտք է անցնի զգացողութեան բովէն, որպէսզի արդիւնաւորուի, եթէ հասկացողութիւն-զգացողութիւն ընթանան նոյն հարթակի վրայ:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Յարգելի ընթերցող մը երէկ իր դժգոհութիւնը յայտնեց, թէ ինչո՞ւ այս սիւնակով տակաւին կը յապաղիմ իմ տեսանկիւնէն դիտածս արձանագրելու այստեղ՝ ինչ կը վերաբերի անցեալ Կիրակի առաւօտէն ի վեր Հայրենիքի մէջ տիրող բոլորիս ծանօթ կացութեան:
Նիսի մէջ Յուլիսի 14-ին պատահած սահմռկեցուցիչ ահաբեկչութեան կապակցութեամբ Ֆրանսայի դատական մարմինները պատրաստեցին իրենց մեղադրականը։ Փարիզի դատախազութիւնը երէկ ուշ երեկոյեան ահաբեկչութեան յատկանիշներով ամբաստանագրեր հասցէագրեց հինգ անձերու համար։
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան անդրադարձաւ Երեւանի մէջ բռնագրաւուած ոստիկանական կեդրոնի խնդրին:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն վերջ, Ռուսաստանն ու Եւրոմիութիւնն ալ տեղեկացուցին, թէ անթոյլատրելի է բռնութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Պեշթեփէի մէջ, վարչապետին եւ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահին հետ:
Յուլիսի 15-ը հռչակուեցաւ նահատակներու ոգեկոչման օր:
Ազգային մեծ ժողովը հաւանութիւն տուաւ՝ երեք ամսուան ժամկէտով արտակարգ դրութեան հաստատման վերաբերեալ կառավարութեան որոշմնագրին:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Անտիոքի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Զահլէի մետրապոլիտ Անթոնիոս Ալսորուն։ Հիւր մետրապոլիտին ընկերացաւ Երեւանի մօտ Լիբանանի դեսպան Ժան Մաքարոն եւ բարերար Նիքոլա Ապոֆայիսա։ Վեհափառ Հայրապետի կողքին էր Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան։
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Լիբանանի մէջ վտանգուած տպագիր մամուլի հարցը դարձեալ լուսարձակի տակ էր երէկ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեանի գրական կեանքը կ՚արժէ դիտել ուղղակի՛ իր իսկ աչքով։ Ուրեմն հետեւինք «Խոհք Եւ Խօսք»ին մէջ իր տեղեկութիւններուն եւ տեսութիւններուն՝ զորս կը կարդանք ՂԳ գլխուն մէջ, ուր Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս «ամփոփում մը կու տայ իր գրական կեանքին՝ որ կրնայ լաւագոյն գաղափարը տալ իրեն սիրելագոյն եղող նիւթին մասին»։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ՝ ձեռամբ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան գլխաւորութեամբ շարականագէտ Նշան Սրկ. Չալկըճեանի։
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Մտահոգ կը հետեւինք մայրաքաղաքի իրադարձութիւններուն: «Սասնայ Ծռեր» անունով հանդէս եկած զինեալներու կողմէ գրաւուած ոստիկանական շէնքին ու անոր յարակից տարածքին վրայ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով՝ կը միանանք բոլոր անոնց, որոնք կ՚աշխատին առանց յաւելեալ արիւնահեղութեան լուծում մը բերելու ստեղծուած ծանր իրավիճակին:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ո՞վ չի փափաքիր ապագայի մասին բան մը տեղեկանալ: Յիրաւի բոլորս ալ, մանաւանդ կանայք, հետաքրքրուած ենք այս հարցով, հարկաւ տարբեր չափանիշերով:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ժագլին Պիսէ այս տարուան «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի 13-րդ միջազգային փառատօնի պատուոյ հիւրն էր: Պիսէ իր ողջ հմայքը, տաղանդն ու աստղային փայլքը շալկած, Հայաստան եկած էր:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ո՜րքան կարեւոր է, սիրելի՜ներ, ներքին խաղաղութիւնը եւ խղճի անդորրութիւնը մարդուս համար։ Ոմանք կ՚ըսեն, թէ՝ մարմնական առողջութիւնը, ֆիզիքական կատարելութիւնը անհրաժե՛շտ է մարդուս երջանկութեանը համար։
Լոնտոնի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ բակին մէջ, Յուլիսի 17-ին, տեղի ունեցած է հայկական բացօթեայ փառատօն: Մշակութային տարբեր ուղղութիւններ ընդգրկող այս ձեռնարկը համահայկական ամենամեծ իրադարձւթիւնն է Միացեալ Թագաւորութեան մէջ, որուն մասնակցելու համար ժամանած են հայեր երկրի տարբեր վայրերէ:
Երէկ երեկոյեան Իսթանպուլի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարանին մէջ սարքուեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը։ Ծանօթ է, որ ամէն տարի Յուլիսի 4-ին կը նշուի ԱՄՆ-ի ազգային տօնը։
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը եւ կառավարութիւնը երէկ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ երկարատեւ ժողովներ գումարեցին Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ: Որոշումները այսօր կը յանձնուին նաեւ Ազգային մեծ ժողովի հաւանութեան:
Երեք ամսուան ժամկէտով սահմանուած այս քայլին հիմնական նպատակն է՝ զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ ապահովել պետական բոլոր լծակներէն ներս արագ ու ազդու ձեւով զտումը հերձատիրական խումբին: Երկրի ղեկավարութիւնը բոլոր միջոցները ձեռք կ՚առնէ երաշխաւորելու համար ժողովրդավարութիւնը, քաղաքացիներուն հիմնարար ազատութիւնները եւ տնտեսութեան աշխուժութիւնը: