Արխիւ

Երեքշաբթի, Փետրուար 28, 2023

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սուրբ Գրոց ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեանը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, ան այս օրերուն քաղաքս կը գտնուի՝ մասնակցելու համար Աստուածաշունչի ընկերութեան տարածաշրջանային մակարդակով կազմակերպուած ժողովներուն։

Երեքշաբթի, Փետրուար 28, 2023

Երէկ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երկօրեայ պաշտօնական այցելութեան մը ձեռնարկեց դէպի Պաքու, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 28, 2023

«Իրան պիտի շարունակէ դէմ ըլլալ տարածաշրջանէն ներս աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութեան»:
Միրզոյեան երէկ Ժընեւի մէջ տեսակցեցաւ Ապտուլլահիանի հետ՝ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի ժողովին:

Երեքշաբթի, Փետրուար 28, 2023

Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հիւրընկալեց Սեմիհ Շիւքրին, ուրու հետ այցելեց նաեւ աղէտի գօտի:
Թուրքիա-Եգիպտոս ձիւնահալի մթնոլորտին մէջ կը նախատեսուի երկու երկիրներու առաջին դէմքերուն միջեւ հանդիպում մը:

Երկուշաբթի, Փետրուար 27, 2023

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Արտաքսման կիրակիի Ս. Պատարագին։
Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Պաքըրգիւղի Քառասուն Մանկանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 27, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հակառակ աղէտալի երկրաշարժին, Սուրիոյ մէջ երկու եղբայրներ իրարու չմօտեցան։ Խօսքը յատկապէս այն քաղաքներուն մասին է, որոնք կը գտնուին Սուրիոյ կառավարութեան տիրապետութենէն դուրս։

Երկուշաբթի, Փետրուար 27, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայ խոհարարական աւանդոյթներուն զարգացման եւ պահպանման հասարակական կազմակերպութեան համադրող, աւագ խոհարար Գարեգին Օհանեան (Գարեգին Սանատրուկի) Մեծ պահքի այս շրջանին օգտակար խորհուրդներ ունի իր հետեւորդներուն:

Երկուշաբթի, Փետրուար 27, 2023

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Կեանքը կապուիլ է: Ամէն ինչ գոյութիւն ունի միանալով։ Կապը գոյութիւն ունի ինչպէս հոգեկան, այնպէս ալ նիւթական աշխարհէ ներս:

Երկուշաբթի, Փետրուար 27, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Որքա՛ն քաղցր է հարցումը Յիսուսին. «Կը սիրե՞ս զիս…»։ Իր Առաջին Ընդհանրական թուղթին մէջ Յովհաննէս առաքեալ կ՚ըսէ. «Մենք զԱյն կը սիրենք որովհետեւ առաջ Անիկա մեզ սիրեց». (Ա ՅՈՎՀ. Դ 19)։

Երկուշաբթի, Փետրուար 27, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ճառերու, թերթերու եւ քարոզներու ընթացքին յաճախ լսած ենք «աշխարհայնացում» բառը եւ անոր մասին հազար ու մէկ տարբեր բաներ լսած, սակայն կայ երեւոյթ մը՝ որ որպէս սխալ բոյն դրած է մեզմէ իւրաքանչիւրին միտքին մէջ. աշխարհայնացման ընթացքը ո՛չ անհոգութեան եւ ո՛չ ալ պատահականութեան արդիւնք է:

Երկուշաբթի, Փետրուար 27, 2023

Սրընթաց, կարծէք թէ շտապօգնութեան ուղղաթիռի մը սլացքով, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան անցեալ շաբաթ հասաւ Անգարա, երբ Թուրքիա դեռ ինքզինք չէր վերագտած ահաւոր երկրաշարժէն ետք, երբ տակաւին դիակներ դուրս կը բերուէին փլատակներու տակէն, երբ բազմաթիւ այլ երկիրներէ հասած մասնագէտներու կողքին, Հայաստանէն ժամանած փրկարարներն ալ, բազմազբաղ, օրն ի բուն կը գործէին կեանք մը փրկելու համար՝ հետզհետէ չքացող յոյսով (անտեղի է այս գծով Երեւանի օժանդակութիւնը քննադատելը, որովհետեւ պատահածը բնութեան բերած կործանումն էր)։

Երկուշաբթի, Փետրուար 27, 2023

ՄԱԿ կը յուսայ, թէ Երեւան եւ Պաքու կը շարունակեն աշխատիլ յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղութեամբ:
Հայաստանի ղեկավարութիւնը միշտ ահազանգ կը հնչեցնէ շրջափակեալ Արցախի մարդասիրական աղէտին համար:

Երկուշաբթի, Փետրուար 27, 2023

Էրտողան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Ալիեւը, նաեւ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Փութինի հետ:
Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ հարցերը միշտ ուշադրութեան առարկայ:

Երկուշաբթի, Փետրուար 27, 2023

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սեմիհ Շիւքրի այսօր կ՚այցելէ Թուրքիա։ Երկու երկիրներու միջեւ մօտաւոր անցեալին յառաջացած լարուածութեան զուգահեռ՝ տասն տարիէ ի վեր բարձր մակարդակի վրայ այցելութիւններ չէին փոխանակուեր։

Երկուշաբթի, Փետրուար 27, 2023

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երկու կիրակի վերջ նախատեսուած է Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին ընտրութիւնը։ Միայն երկու կիրակի… Համայնքի անդամները քուէատուփի մօտ պիտի երթան՝ նոր թաղականները ընտրելու համար։

Երկուշաբթի, Փետրուար 27, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ Պահքի 8-րդ օրն է:
Առակաց գիրքին առաջին գլուխին 19-րդ համարին մէջ կը հանդիպինք հետեւեալ արտայայտութեան. «Ագահութիւնը իրեն անձնատուր եղողները կը մեռնցնէ»:

Շաբաթ, Փետրուար 25, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին ընդունեց համայնքային շրջանակներու համակրելի գործիչներէն Արի Չոլաքը։ Այս վերջինը Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի վարչութեան ատենապետի պաշտօնը չորս տարի վարելէ վերջ արդէն որոշած էր բաւ համարել։

Շաբաթ, Փետրուար 25, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան ընդունեց պոլսահայ միութիւններու ներկայացուցիչները։ Հանդիպման ներկայ էին Պատրիարքական Աթոռի դիւանադպիր Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, ինչպէս նաեւ Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի ներկայացուցիչները։

Շաբաթ, Փետրուար 25, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանէն Տ. Փաիսիոս Եպիսկոպոսին այցելութիւնը։ Հարկ է նշել, որ երիտասարդ եպիսկոպոսը տակաւին նոր օծուած ու ձեռնադրուած է։

Շաբաթ, Փետրուար 25, 2023

Մեծ պահոց շրջանը խոկումներով կ՚արժեւորուի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս:
Առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանի գլխաւորութեամբ կը քննարկուին ազգական-եկեղեցական կեանքի հարցերը:

Էջեր