Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Խաչիկ Տէր-Ղուկասեան. «Սիւնիքի որեւէ արտաքին ուժի վերահսկողութեան տակ մնալը պիտի նշանակէ Հայաստանի՝ որպէս պետութիւն անհետացումը»:
Ուքրայնայի պատերազմի Ա. տարուան պատկերը ինչպէ՞ս կը ցոլանայ Հարաւային Կովկասի վրայ. «Թէեւ ի սկզբանէ Թուրքիա-Ատրպէյճան ծրագիր մը կը համարուէր համաթրքական աշխարհընկալման ոլորտի մէջ, բայց, 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ, կարծես թէ Ռուսաստանն ալ անդրադարձած է անոր ռազմավարական կարեւորութեան՝ որպէս տարածաշրջանային հաղորդակցութիւն: Պէտք է ենթադրել, որ միջանցքն ու անոր վերահսկողութիւնը Անգարա-Մոսկուա մրցակցութեան առարկայ է եւ ո՛չ համագործակցութեան՝ ինչպէս որ է Աղտամի զինուորական դէտերու կեդրոնի պարագան»:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի մէջ մօտ օրէն տեղի պիտի ունենայ համահայկական օրակարգով համաժողով մը: Զայն կը կազմակերպէ «Ապագայ հայկականը» շարժումը, որ հիմնած են ամերիկաբնակ ձեռնարկատէր, բարերար եւ գիւտարար Նուպար Աֆէեան, յայտնի գործարար Ռուբէն Վարդանեան, Ռիչըրտ Ազարնիա, Արթուր Ալաւերտեան եւ անոնց միացած այլ մարդիկ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները կեանքի մէջ գոյութիւն ունեցող կապերու, կամուրջներու մասին։
Ըսինք, որ գիւղատնտեսութեամբ սնուող մարդիկ կարգավիճակի մտահոգութեամբ տարբեր կարիքներ ունեցան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Սուրբ Հոգին ալ՝ զոր Աստուած իրեն հնազանդ եղողներուն տուաւ». (ԳՈՐԾՔ Ե 32)։
Ի՞նչ կը նշանակէ հնազանդութիւն։
«Հնազանդութիւն» չի՛ նշանակեր ընել կարգ մը բաներ, կամ շատ բաներ, կամ Աստուծոյ հրամայած բաներուն մեծ մասը։
ԳՀԽ անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Արցախի կացութեան եւ մանրամասնօրէն արժեւորեց առկայ մարտահրաւէրները:
Աշխարհաքաղաքական իրադրութեան լոյսին տակ շեշտուեցաւ համազգային համընդհանուր ջանքերու միաւորումը եւ միջազգային աջակցութեան ապահովումը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ Պահքի 13-րդ օրն է:
Առակաց 11-րդ գլուխին 2-11 համարներուն պարունակութիւնը երբ կը կարդանք Մեծ պահոց այս օրերուն, մեր միտքին մէջ տասնօրեայ մարտահրաւէրի մը ուրուագիծը կը պատկերանայ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Խորագրիս միտք բանին կը պատկանի հմուտ վերլուծաբան Բենիամին Պօղոսեանին։ Իրաւացի է ան՝ երբ նկատել կու տայ, որ Արցախի շրջափակումը տակաւին կրնայ շարունակուիլ։
Կեդրոնական վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ընտանեկան ջերմ հաւաքոյթ մը։ Այսպէս, դպրոցի երդիքին տակ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ համախմբուեցան Կեդրոնականի ընտանիքի պատասխանատուներն ու քանի մը խորհրդանշական դէմքերը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօր, մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողկոսին պահքի հասկացողութեան մասին գրած մէկ գրութիւնը, լոյս տեսած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Էջմիածին» պաշտօնական ամսագիրին մէջ, 1998-ին, փետրուար-մարտ միացեալ թիւին մէջ, էջ 153-158: Բարի եւ օգտաշատ ընթերցանութիւն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Անառակի կիրակի»ն մարդկութեան համար կենսական խնդրի մը շուրջ կը դառնայ, որ անուրանալի է՝ որ միշտ արդիական է։ Մարդ երբ կ՚ապրի եւ կը վայելէ աններդաշնակ եւ անհակակշիռ կեանք մը՝ իր ամենալայն իմաստով «երջանի՛կ» է, ընդհակառակը, երբ առիթը չունի լաւ կեանք մը ապրելու եւ վայելելու՝ ապերջանիկ է եւ դժբա՛խտ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մերօրեայ մեծագոյն հարցերէն մէկը կրնայ նկատուիլ ծնողներու հեղինակութեան կորուստի դժբախտ երեւոյթը եւ ամէն ծնողք իր ձեւերով կը փորձէ վերականգնել այդ մէկը, շատ անգամ խստութեամբ, շատերու պարագային ծեծով, իսկ շատեր արդի մանկավարժութեան հնարքներով, սակայն բոլորով հանդերձ երեւոյթը կը մնայ նոյնը՝ սերունդ մը առանց սանձերու:
Ռուսաստան կ՚ընդգծէ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ ջանքերու բոլոր ուղղութիւններով աշխուժացման հրատապութիւնը:
Մինչ Արցախի պաշարումը երրորդ ամիսը թեւակոխելու վրայ է, Նիկոլ Փաշինեան Պերլինի, իսկ Արարատ Միրզոյեան Նիւ Տելհիի մէջ շարունակեցին պատգամներ հասցէագրել միջազգային դերակատարներուն: ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութեան Հարաւային Կովկասի գծով աւագ խորհրդական Լուիս Պոնօ կը պատրաստուի իր առաջին տարածաշրջանային այցելութեան:
Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ յատկանշանակ ձեռնարկ մը։ Այսպէս, միութեան երդիքին տակ կազմակերպուեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն մը ի պատիւ տքթ. Արթօ Էրսան Խաչերեանի։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Արդարադատութեան միջազգային ատեանը վճիռ արձակեց ի նպաստ Հայաստանի՝ Ատրպէյճանէն պահանջելով, որ ապահովէ Բերձորի միջանցքով ազատ երթեւեկը։ Սակայն, հակառակ այդ վճռին, արդէն աւելի քան շաբաթ մըն է, որ միջանցքը տակաւին փակ կը մնայ։
Լիբանանահայ յայտնի մտաւորական եւ երախտաշատ կրթական մշակ Ժիրայր Դանիէլեան վերջերս ոգեկոչուեցաւ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ։ Հոգելոյս Ժիրայր Դանիէլեան թէեւ լիբանանահայ մտաւորական մըն էր, սակայն, իր ներդրումը արդէն դարձած էր համահայկական եւ ան բառին բուն իմաստով սփիւռքեան արժէք մըն էր։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի շրջանի պոլսահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ հանդիպում մը ունեցան Նիւ Տելհիի մէջ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալուեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի կողմէ:
Պերլինի մէջ հնչած յստակ պատգամ. Երեւան պատրաստ է յարաբերութիւնները լիովին կարգաւորել Անգարայի հետ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ Պահքի 12-րդ օրն է:
Անոնք, որոնք ի վիճակի չեն կերակուրի պահեցողութիւն ընելու կամ հոգեկան որեւէ շահ չեն գտներ ատոնց մէջ, անոնց համար կը յանձնարարուին հետեւեալ բարոյական պահեցողութիւնները.
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պէսքիսիզեանը, որ իր բարձրագոյն ուսումը կը շարունակէ Եւրոպայի մէջ։ Ան, միեւնոյն ժամանակ, Պելժիոյ մէջ Լիէժի եւ շրջակայքի ծուխին հոգեւոր հովիւն է։