Արխիւ
Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի գործունէութիւնը:
Վիճակագրութիւնները կը վկայեն համայնքէն ներս ապահովուած զօրակցութեան բարձր մակարդակը:
Ամէն ինչ բաժիններէ եւ ենթաբաժիններէ բաղկացած է։ Ամէն ամբողջ, որքան ալ մեծ ըլլայ, ունի մասեր։ Մարդկային մարմինը բջիջներու ամբողջ մըն է։ Երկնաքերերը ունին յարկաբաժիններ, որոնք ալ, իրենց հերթին, սենեակներ։ Հասարակութիւնը անհատներու համախմբում մը չէ՞…
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց Տեառնընդառաջի նախատօնակին, որու ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
Յիսուսի տաճար ընծայման տօնը՝ որ կը կոչուի նաեւ «Տեառնընդառաջ», կը տօնուի 14 փետրուարին, այսինքն Յիսուսի ծնունդէն քառասուն օր յետոյ։ Այս տօնը Յիսուսի, տաճարին մէջ Աստուծոյ նուիրելու կամ ընծայելու տօնն է։
Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ ուսումնառութեան համար մեկնած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, շաբաթավերջին Ս. Սարգիս զօրավարի յիշատակութեան տօնակատարութիւններուն մասնակցեցաւ Գուգարաց թեմէն ներս։ Վանաձորի առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած հանդիսաւոր Ս. Պատարագին յաջորդեց երիտասարդաց օրհնութեան կարգը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմէն ներս շաբաթավերջին գումարուեցաւ Թեմական պատգամաւորական ժողով, որու ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ նոր առաջնորդի ընտրութիւն։ Այսպէս, թեմակալ առաջնորդ ընտրուեցաւ Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատուրեան, որ երկար տարիներէ ի վեր կը ծառայէ Ֆրանսայի հայոց թեմէն ներս։
Փարիզի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի (CCAF) տարեկան աւանդական ընթրիքը։ Անցեալ տարի համավարակի հետեւանքով ակամայ ջնջուած այս հաւաքոյթով շարունակութիւն գտաւ սոյն տարեկան ընթրիքի կազմակերպման աւանդութիւնը։
Այսօր հեռախօսազրոյցներ տեղի կ՚ունենան ԱՄՆ-ի, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահներուն միջեւ:
Ուքրայնայի տագնապը կը շարունակուի՝ շահագրգիռ կողմերու հրահրումներով՝ մինչ կը խօսուի «Գ. աշխարհամարտի» մը մասին:
Պատուհանը, ըստ էութեան, շրջանակ մըն է, ուրկէ կը ցոլանայ կեանքին կամ զանազան կեանքերու պատկերը։ Հայաստանեան բաւական ընդհանրացած հոմանիշով քարերը շատ աւելի լաւ կ՚իյնան իրենց տեղը՝ լուսամուտ... Մութին մէջ պատկեր կը պարզուի՞ միթէ։ Լոյսին մէջ է, որ պատկերը կը յստականայ։ Լուսամուտէն թափանցած լոյսն ալ կեանքի բազում դրուագներ կը պարզէ աչքի առջեւ։
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
Այս տարի փետրուարի 12-ին Հայ Առաքելական Ս. Եկեցեղին պիտի տօնէ Ս. Սարգիս զօրավարի տօնը։ Ս. Սարգիսը իր որդիին՝ Մարտիրոսի եւ 14 զինականներուն հետ նահատակուեցաւ յանուն քրիստոնէական հաւատքին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Քէպէքէ ներս, Գանատա, Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Լեւոն Աֆէեան համոզուած է, թէ շուտով պիտի վերականգնուի սփիւռքի հետաքրքրութիւնը Հայաստանի նկատմամբ, սա ժամանակի հարց է։ Հայ իրականութեան հրատապ նիւթերուն շուրջ առիթն ունեցանք շօշափելու իր կարծիքը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Պօղոս Առաքեալ իր աշակերտ՝ Տիմոթէոսին ուղղած երկրորդ նամակին մէջ հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ «վերջին ժամանակներու մարդոց նկարագիրը»:
«Սա՛ եւս գիտցիր, թէ վերջին օրերուն դժուար ժամանակներ պիտի գան, որովհետեւ մարդիկ պիտի դառնան անձնասէր, դրամապաշտ, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, ծնողներուն անհնազանդ, ապերախտ, սրբութիւնները ոտնակոխող, տմարդի, անգութ, չարախօս, անհանդուրժող, դաժան, բարիին թշնամի, մատնիչ, անպատկառ, գոռոզ եւ աւելի հեշտանքը սիրող՝ քան զԱստուած:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայ ժողովուրդին համար գոյութիւն ունին բառեր, որոնք դարեր շարունակ մնացած են եւ կը շարունակեն մնալ անծանօթ. այդ բառերէն մէկն է ազատութիւնը, որուն բուն իմաստը երբեք ալ չե՛նք կրցած հասկնալ:
Երեւանի մէջ Նկարիչներու տան երդիքին տակ երէկ բացուեցաւ Վարկանիշային ցուցահանդէս մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Նկարիչներու միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկը կ՚ընդգրկէ՝ զանազան ոճերով ստեղծագործուած գեղարուեստական շուրջ 300 աշխատանք։
Այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն Ատրպէյճանի զօրքերը հերթական անգամ թիրախաւորեցին Արցախը։ Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ, հրադադարի պայմաններուն ներքեւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները կրակահերթեր իրականացուցին Կարմիր Շուկայի եւ Թաղավարդի բնակելի տուներուն վրայ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հերթական յայտարարութիւնով հանդէս եկաւ՝ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս հայկական ժառանգութեան պահպանման տագնապին շուրջ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան, որ վարակուած էր քորոնաժահրով, արդէն բուժուած է։ Ընկերային ցանցերուն վրայ ան տեղեկացուց, որ վերջին երկու օրերու նմուշառման արդիւնքները ցոյց տուած են, որ ինք դարմանուած է։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան երէկ քննարկեցին միջազգային օրակարգի զանազան առաջնահերթ հարցերը։
Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի ներկայացուցիչները 10 ժամ բանակցութիւն վարեցին:
Բարդ քննարկումներու ժամանակ կարելի չեղաւ հարթել տարակարծութիւնները, աշխատանքը պիտի շարունակուի յաջորդ ամիս:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Ատրպէյճանն ալ Հայաստանի հետ մշտական խաղաղութեան կը ձգտի ու կը նախընտրէ Հայաստանի հետ Թուրքիոյ ուղղակի շփման մէջ ըլլալը։
«TRT Haber»ին տուած հարցազրոյցին մէջ նախարարը կարեւոր խորհրդածութիւններով հանդէս եկաւ Թուրքիա-Հայաստան-Ատրպէյճան առանցքի իրադարձութիւններուն շուրջ։