Արխիւ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի մէջ, յուլիս 4-ին, տեղի ունեցաւ միօրեայ գիտաժողով մը, որ կարեւոր ու հետաքրքրական օրակարգ մը կ՚ընդգրկէր՝ «Ծոցի արաբական երկիրներն ու հայ համայնքները. Արդի միտումներ եւ հիմնախնդիրներ» խորագիրն ունենալով:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1903)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
11. Օրինակ. դուրգարները (հիւսները) աշխատած ժամանակ գամեր կը դնեն իրենց բերաններուն մէջ եւ անպէտքները կամ չգործածածները դարձեալ կը նետեն գամերու տուփին մէջ: Իրմէ ետք, ուրիշ բանուոր մը այդ գամերը իր բերանը կ՚առնէ, եւ եթէ առաջին բանուորը հիւանդ եղած է, ինքն ալ կը վարակուի:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Գ.- Ինչո՞ւ համար կը պակսի ուսուցիչներուն թիւը:
Պէտք է միաձայնութեամբ ընդունինք, որ ուսուցիչներու թիւի պակասութիւնը այսօր համաշխարհային երեւոյթ կը կրէ. թէեւ հայերուս մօտ հասկնալի պատճառներով աւելիով շեշտուած է այդ երեւոյթը, սակայն ճշմարտութիւնը այն է, որ ամբողջ աշխարհը այսօր ուսուցիչի պակասով կը տառապի եւ այս ընթացքով շաւ աւելի մտահոգեցուցիչ ընթացք կրնայ ստանալ:
Թրքական դիւանագիտութեան երիցագոյն տիրական դէմքերէն Իլթէր Թիւրքմէն երէկ կնքեց իր մահկանացուն՝ 95 տարեկան հասակին։ Շուրջ չորս տասնամեակ Թուրքիան միջազգային բեմահարթակի վրայ տիրաբար ներկայացուցած հեղինակաւոր դիւանագէտ մըն էր Իլթէր Թիւրքմէն, որու յուղարկաւորութիւնը վաղը նախատեսուած է Թէշվիքիյէի մզկիթին մէջ։
Ցաւով տեղեկացանք, որ սփիւռքահայ մտաւորական Գէորգ Պետիկեան վերջերս ենթարկուած է գործողութեան մը։ Պետիկեանի հիւթեղ գրիչին արտադրութիւնը ուշադրութեան կ՚արժանանայ զանազան հարթակներու վրայ, սփիւռքեան լսարանի ամենահամակրելի անուններէն մին է ան։
Ամերիկահայ գիտնական ու գործարար, բարերար, քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթ արտադրած «Moderna» ընկերութեան համահիմնադիր Նուպար Աֆէեան այս շրջանին յաճախ բարձր գնահատանքի առարկայ կը դառնայ զանազան հարթութիւններու վրայ եւ գիտական հաստատութիւններու կողմէ կ՚արժանանայ կոչումներու։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան դէպի Մատրիտ աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս երէկ ընդունուեցաւ Սպանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Խոզէ Մանուէլ Ալվարէս Պուէնոյի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները անդրադարձան երկու երկիրներու համագործակցութեան բազմաթիւ հարթակներու վրայ, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան շրջանակներէն ներս։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Անգարայէն եւ Պաքուէն հնչող յայտարարութիւնները ապաշրջափակման եւ սահմանազատման-սահմանագծման առումներով որոշ շտապողականութիւն կը մատնեն եւ բնականաբար համակարգուած ըլլալու համոզումը կը փոխանցեն:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յարձակողներէն Սարգիս Ադամեան փոխանցուեցաւ Գերմանիոյ «Քէօլն» ակումբը։ Յայտնի մարզիկը վերջին շրջանին բաւական վերելք արձանագրած է եւ այս հիման վրայ այլեւս մաս պիտի կազմէ գերմանական այս նշանաւոր խումբին:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես կոչ ուղղեց, որպէսզի անյապաղ սկսի Ուքրայնայի վերականգնումը։ Իր խօսքով՝ այդ գործընթացը երկար պիտի տեւէ, ուստի պէտք է սկսիլ հիմա։
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հրաւէրով՝ այսօր Երեւանի մէջ շփումներ կ՚ունենայ Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանի։ Աշխատանքային այցելութեան ընթացքին Գրիգորեան եւ Շամխանի կը վարեն բանակցութիւններ։
«Սուրբ Աննա ամառնային համերգաշար 2022»ը Երեւանի մէջ համախմբեց բազում երաժշտասէրները:
Մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղեալ նախաձեռնութիւն մը՝ «Յովնանեան» հիմնադրամի կազմակերպութեամբ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ դէպի Սպանիա:
Արարատ Միրզոյեան կ՚անդրադառնայ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղեալ ջանքերուն:
Թուրքիա-Իտալիա Միջկառավարական յանձնաժողովի գագաթնային բանակցութիւններ՝ Պեշթեփէի մէջ:
Էրտողան եւ Տրակի անդրադարձան համաշխարհային ուժանիւթի եւ պարէնի տագնապին: Անգարա հացահատիկի միջանցքին տեսակէտէ նուրբ կը համարէ յառաջիկայ երկու շաբաթը՝ Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի պատերազմի պայմաններուն ներքեւ:
Մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Լուիզա Քուրումազ եւ Տիգրան Պեսքիսիզեան շաբաթավերջին արժանացան Սուրբ Պսակի բերկրանքին։ Խորհրդակատարութեան նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ նորապսակ ամոլին ուղղեալ խրատական մըն ալ խօսեցաւ։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանէն ներս խանդավառութիւնը արդէն հասած է գագաթնակէտին։ Խնամատար մարմնի եւ տնօրէնութեան ծրագիրները աստիճանաբար կեանքի կը կոչուին՝ զանազան առիթներով համախմբելով նաեւ Կազդուրման կայանի սաներն ու մեր համայնքի կղզեբնակ տղաքը։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
«Հայր ու որդի երկուքով կը նստին աւանակի մը վրայ եւ կը շարժուին դէպի մօտակայ գիւղը: Տեսնողները, առաջին անգան կը քննադատեն ու կը վատաբանեն զանոնք՝ ըսելով, թէ անոնք չեն խնայեր կենդանին եւ երկուքով անասունի վրայ կը նստին:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք փունջ մը հարցում-պատասխաններ Սուրբ Մակար Մեծէն, քաղուած «Հոգեւոր քարոզներ» գիրքէն, որ հայացուցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն, Գերշ. Տ. Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեան: Գիրքը լոյս տեսած է Անթիլիասի մէջ, 2021 թուականին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Բ.- Ինչպէ՞ս ընտրել ուսուցիչ:
Ուսուցիչ ընտրելու ընթացքը հայրենիքի եւ սփիւռքի պարագային տարբեր պատկերներ կը պարզեն, այս իսկ պատճառով ամբողջութեամբ տարբեր բաներ են հայրենիքի մէջ եւ սփիւռքի մէջ ուսուցիչ ըլլալը:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Հայաստանի վարչապետը մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պարզ դարձուց, որ Հայաստան-Արցախ կապող Լաչինի միջանցքի փոփոխութեան կը նախապատրաստուին կողմերը: Իր այս հաստատումը հիմնաւորելու համար ան յղում կատարեց 9 նոյեմբերի յայտարարութեան ներառած համապատասխան կէտին՝ այլընտրանքային երթուղիի կառուցման համաձայնութեան: