Արխիւ
Կը տեղեկանանք, որ յառաջիկայ հինգշաբթի՝ 30 յունիսին Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը շատ կարեւոր համերգով մը հանդէս պիտի գայ Հայպիյէի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» (CRR) համերգասրահին մէջ։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով աւարտեց դէպի Պաքու իր աշխատանքային այցելութիւնը, որու ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Այս առթիւ Ալիեւ նշեց, որ Պաքու կ՚ակնկալէ Մոսկուայի գործուն ջանքերը՝ Կովկասէ ներս կայուն խաղաղութեան կայացման համար։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախընթաց օր հիւրընկալեց Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանն ու Մարդու իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան։
Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու երկխօսութեան յանձնախումբի 18-րդ նստաշրջանը վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Հռոմի մէջ՝ ծաւալուն օրակարգով:
Սրբազան Քահանայապետը հիւրընկալեց ժողովականները, որոնց շարքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչները՝ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Տ. Տիրան Եպսկ. Պետրոսեան:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան այժմու մօտեցումները գոյութենական սպառնալիք են»:
Սահակեան. «Հայաստանի մէջ իշխանաւորներ նշանակելու Ռուսաստանի հնարաւորութիւնները գերագնահատուած են»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան սուրբգրային ընթերցումները առնուած են Եսայիի մարգարէութենէն 1-ին գլուխ 2-15 համարներ, Պօղոս առաքեալին Հռոմայեցիներուն ուղղած նամակէն 6-րդ գլուխ 12-23 համարներ, եւ Մատթէոսի Աւետարանէն 12-րդ գլուխ, 1-8 համարներ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Դ.- «Պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ».- Մեղաւոր այս ականջներս ինչե՜ր ըսես չլսեցին եւ ինչե՜ր ըսես չտեսան... զաւակին կողմէ «բոզ» ու «շուն» որակուող մայր, զաւակներուն կողմէ ծեծի ենթարկուած ծնողք, հարազատ աղջկան կամ տղուն կողմէ սպաննուած մայր կամ հայր եւ դեռ շա՜տ աւելին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վերջերս հաւաքի մը ընթացքին, «հոգեւոր» բարեկամ մը ինքնավստահ ձեւով սկսաւ խօսիլ Մովսէսի ճամբով Աստուծոյ փոխանցած տասը պատուիրաններուն մասին (հոգեւորը կը չակերտեմ, որովհետեւ մէկու մը հոգեւոր ըլլալ չըլլալը իր շարժուձեւերով չէ որ կրնայ չափուիլ. այդ մէկը մարդուն եւ Աստուծոյ միջեւ եղած բան մըն է):
Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեան վերջերս այցելեց Յորդանան։ Ամմանի «Ալեք Մանուկեան» սրահին մէջ ան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին արծարծեց սփիւռքահայ իրականութիւններու, հայապահպանման եւ ազգային ամբողջական մշակոյթի մը կերտման գործընթացին վերաբերեալ նիւթեր։
Երեւանի «Տիանա Աբգար» զբօսայգիէն ներս տեղադրուեցաւ խորհրդանշական «Վարպետաց ժամացոյցը»։ «Հայաստանի վարպետ» մրցոյթի շրջանակէն ներս տեղադրուած է այս ժամացոյցը, որ ունի 2 մեթր բարձրութիւն։
Երեւանի Տրամաթիքական թատրոնին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ «Ես հայ եմ» խորագրեալ պարի ցուցադրութիւն մը։ Սա Prof-Art պարային աշխատանոցի 2021-2022 շրջանի եզրափակիչ ելոյթն էր։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հիւրընկալեց Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարար Եաիր Լափիտը։ Բանակցութիւններէն վերջ նախարարները սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին նշեցին, թէ երկու երկիրներու միջեւ կը սկսի նոր շրջան մը, որու բնորոշիչներէն մին պիտի ըլլայ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերստին դեսպանի մակարդակին բարձրացումը։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ իրերայաջորդ այցելութիւններ տուաւ Թեհրան եւ Պաքու։ Ռուս նախարարը Թեհրանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսիի կողմէ, նաեւ բանակցութիւններ վարեց իր պաշտօնակցին՝ Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։ Աւելի վերջ Լաւրով անցաւ Պաքու, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ, նաեւ մէկտեղուեցաւ իր պաշտօնակցին՝ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց «Տարիւլաճեզէ»ի նախագահ Համզա Ճէպէճին եւ ընկերակիցները։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Անգարայի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ ճատրակի վեթերան վարպետներու մասնակցութեամբ մրցաշարք մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ մեր համայնքէն Առնօ Կարապետեան։ Այս մրցոյթի արդիւնքին Առնօ Կարապետեան նուաճեց ախոյեանի տիտղոսը։
Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս տարուան հունձքի շրջանաւարտութեան հանդէսը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Վարժարանը այս տարի 197-րդ անգամ շրջանաւարտ տուաւ։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները։ Թաղականներուն միացած էր եկեղեցւոյ այցելու հովիւ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ 3-րդ դասարանի տարեվերջի հանդէսը, որու ընթացքին տղաքը ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը յառաջիկայ յուլիսի 1-ին պիտի կազմակերպէ Միւռոնօրհնութիւն։ Անթիլիասի վանքին մէջ նախատեսուած արարողութեան պիտի հանդիսապետէ Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը։
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ապագան պիտի ծրագրուի անոր անդամներուն կողմէ:
Կեդրոնական վարչութիւնը Ժընեւի մէջ ժողով մը գումարեց՝ Քարլսրուհէի յառաջիկայ սեպտեմբերի համագումարին ընդառաջ: