Արխիւ
Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէն յոյս յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս կողմերը կը պահպանեն հրադադարի դրութիւնը։ Երէկ, Կարմիր խաչի Եւրոասիոյ տարածքաշրջանային տնօրէն Մարթին Շուէփ Ժընեւի մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ. «Մենք կը յուսանք, թէ հրադադարի վերաբերեալ մարդասիրական համաձայնութիւնը կը պահպանուի եւ այդ մէկը էական թեթեւացում մը կ՚ապահովէ բոլոր անոնց, որոնք տուժած են»։
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան այս առաւօտ հրապարակեց տեսաուղերձ մը։ Այս առթիւ ան ըսաւ. «Այսօր օրհասական պահ է. հայրենիքը պահելու կամ չպահելու։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ կոչ ուղղեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտ կողմերուն, որպէսզի հրադադարի համաձայնութիւնները իրականացնեն եւ դադրեցնեն թիրախաւորել բնակչութեան շրջանները. օրինակ՝ Կենճէն եւ Ստեփանակերտը։
Հայկական դիւանագիտութիւնը բոլոր հարթութիւններու վրայ Արցախի մէջ հրադադարի հետամուտ:
Մնացականեան-Փաթրուշեւ հանդիպում: Մինսքեան խմբակի եռանախագահներուն կողմէ համատեղ յայտարարութիւն:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան ռազմական գործողութիւնները պիտի չդադրեցնէ, քանի տակաւին Թուրքիոյ դիրքորոշումը չէ փոխուած Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ։ «Ռէօյթըրզ» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Փաշինեան շարունակեց քննադատել Անգարան։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու առաջարկեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ բանակցութիւններ տեղի ունենան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի անդամ բոլոր՝ 11 երկիրներու մասնակցութեամբ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան երէկ այցելեց Շուշիի Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին, որ օրեր առաջ թիրախաւորուած էր Ատրպէյճանի բանակին կողմէ։ Նորին Սրբազնութիւնը ռմբակոծեալ Մայր տաճարին մէջ աղօթք բարձրացուց Հայաստանի եւ Արցախի խաղաղութեան, զօրացման ու միասնականութեան համար։
Արցախի ճակատին վրայ երէկ տեղի ունեցան այս պատերազմի սկիզբէն ի վեր գուցէ ամենածանր մարտերը: Ատրպէյճան այս առաւօտ սկսաւ դարձեալ հրետակոծել առաջնագծի հարաւային եւ հիւսիսային ուղղութիւնները: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը զգուշացուց, որ Հայաստանի տարածքէն որեւէ ձեւով կրակ չի բացուիր: Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր շրջաններէն ներս աշխարհազօրայիններէ բաղկացեալ ջոկատներու կազմաւորման ուղղութեամբ աշխատանքներ յառաջ կը տարուին:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Միքայէլ Հաճեանը ծանօթ լրագրող-գրող է հայկական եւ միջազգային տեղեկատուութեան իրականութիւններէն ներս։ Ան կ՚ապրի Ստեփանակերտ, Արցախ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Վազգէն Վարդանօղլուի։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան «Հաւատքներու սեղան» բաժանմունքի ներկայացուցիչներ՝ Նիլիւֆէր Թաշքընը, Իսլամ Էօզքանը, Ֆաթմա Եաւուզը եւ Վետաթ Քարան։ Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքարանի դիւանապետ եւ լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Մոլորակը կեցած է:
Շունչերնիս պահած կը սպասենք իրադարձութիւններու զարգացման: Գիտենք, վստահ ենք, մեր սիրտը կը վկայէ... սակայն երբեմն անհամբերութիւնը չի ձգեր համբերելու:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կը շարունակենք խորհրդածել Հայ լեզուի նրբերանգներուն մասին։ Հայ լեզուի նրբերանգները կը յայտնուին մանաւանդ ուղղագրական կանոններու մէջ։ Ուստի այս նրբերանգներէն օրինակներ կ՚ուզենք ներկայացնել Բենիամին Թաշեանի «Լսարան հայ լեզուի» գիրքէն։

Forbes հանդէսը հրապարակած է աշխարհի ամենաբարձր վարձատրուող դերասանուհիներու ցուցակը։ Այսպէս, աշխարհահռչակ դերասանուհի Սոֆիա Վերկարա տարեկան 43 միլիոն տոլար եկամուտով գլխաւորած է աշխարհի ամենաբարձր վարձատրուող դերասանուհիներու ցուցակը:
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին, Ս. Թարգմանչաց տօնի առթիւ արարողութիւններ տեղի ունեցան՝ հանդիսապետութեամբ եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի։ Ս. Պատարագը մատոյց՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, շաբաթավերջին, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Թարգմանչաց վարդապետաց յիշատակութիւնը։ Ներկայ եղան նաեւ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասը։
Արցախի հրատապ իրադարձութիւնները համայն հայութեան ուշադրութեան կեդրոնին յայտնուած են։ Սփիւռքի զանազան հայաշատ կեդրոններէն ներս կը կատարուին ցոյցեր՝ ի պաշտպանութիւն Արցախի եւ Հայաստանի։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու հետ։ Հայաստանի կառավարութենէն ներս տեղի ունեցած տեսակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ Թուրքիոյ անմիջական աջակցութիւնով սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին։
Հայկական կողմը Արցախի պատերազմական գործողութիւններու մթնոլորտին մէջ կը շարունակէ հրապարակել նոր նահատակներու անուններ։ Ցայսօր պատերազմական գործողութիւններու ժամանակ զոհուած հայ զինուորներու թիւը արդէն անցած է 500-ի շեմը (532)։
Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներուն հետ հանդիպում:
Ըստ Փաշինեանի, մարդասիրական տագնապը կանխելու միջոցն է՝ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը: