Արխիւ
Անգարայի եւ Տոհայի ղեկավարութիւնները կարծիքներ փոխանակեցին տարածքաշրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւններու շուրջ:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ մօտաւորապէս երեք ժամուան առանձնազրոյց մը ունեցաւ Քաթարի էմիր Թամիմ պին Համիտ էլ Սանիի հետ:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Պաշտպանուենք, միլիցէքը (милиция ռուս. ոստիկանութիւն) գալիս են:
Ըսաւ ու դիմակը իսկոյն կզակէն բարձրացուց ու քիթն ու բերանը ծածկեց. եթէ ոստիկանները գային արդեօք պիտի չպաշտպանուէ՞ր...
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ աւանդական արարողութիւններ:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը նախագահեց Սրբոց Թարգմանչաց երէկուան տօնակատարութիւններուն:
ԵՐԱՄ
-Զանա՞
Ու դարձեր էր ետեւ։
Ծառին բունին կռթնած, դեղին փէշին տակէն երկարող գեղեցիկ սրունքները ծալապատիկ ըրած, նստած էր Նորան տետրակ մը գրկին։
Աւստրալացի մը բռնած է իր կեանքի ամենամեծ ձուկը։ Այսպէս, Աւստրալիոյ Քուինզլենտ նահանգի բնակիչ Էտ Ֆալքընըր Ռէինպոու Պիչ քաղաքի մերձակայքին հսկայական ձուկ մը բռնած է:
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ, Թուրքիայէ ներս նոր վարակեալներու միջին տարիքը իջած է 25-45-ի սահմանին։ Ըստ նախարարին, շարժունակութիւնը որքան որ կ՚աւելնայ, այնքան աւելի թիւով երիտասարդ կը վարակուի։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ մասնակցեցաւ տեսաժողովի մը, որ կազմակերպուած էր Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն համար։ Նախարարական այս տեսաժողովին ներկայ էր նաեւ Եւրոյանձնաժողովի հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Օլիվէր Վարհէ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ տեսաքոնֆերանսի մը մասնակցեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ 2017 թուականէն ի վեր երեք նախագահները անմիջական կապի մէջ են Սուրիոյ հարցի կապակցութեամբ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Պէյրութէն ստացած լուրերս կը յուշեն, որ Մերձաւոր Արեւելքի երբեմնի սիրտն ու կեդրոնը համարուող մայրաքաղաքը դանդաղ քայլերով կը մօտենայ համընդհանուր «Լոք տաուն» իրավիճակին։
«Լոք տաուն»ը պայմանաւորուած չէ քորոնա վարակի «պարտադրած» իրավիճակով, այլ կապուած է տնտեսական ամեհի եւ բոլոր «կարմիր գիծերը» հատող զարգացումներուն հետ։
Աթոռոյս Պատկառելի Կրօնական ժողովը 1 յուլիս 2020, չորեքշաբթի առաւօտ գումարուեցաւ Պատրիարքարանի մէջ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր։
Ծանօթ է, թէ քորոնայի համավարակի պատճառաւ նկատի ունենալով առողջապահական շրջանակներու թելադրութիւնները՝ ժողովի որոշմամբ մեր եկեղեցիները փակուած էին հաւաքական պաշտամունքի՝ 16 մարտ 2020 թուականէն ի վեր։
Մեր համայնքի անդամներուն ծանօթ է, թէ երկար ժամանակէ ի վեր համայնքային եւ թաղային մարմիններու ընտրութիւնները կարելի չ՚ըլլար կատարել։ Այս պարագան ծնունդ կու տայ զանազան հարցերու, որոնք կը զբաղեցնեն համայնքի օրակարգը։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
-Մեր գիւղէն կար երիտասարդ մը, որուն շատ կը հաւնէի, ան ալ զիս: Շատ ուշիմ եւ համեստ էր: Ի սկզբանէ ծնողքս դէմ չէր մեր յարաբերութեան:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Պոլսահայ անմահ լեզուաբան ու բանասէր Հրաչեայ Աճառեան գիտական աշխատութիւններէ, բառարաններէ, բարբառներու քննական հատորներէ զատ, գրած է նաեւ իր կեանքի յուշերը, որոնց մէջ մեծ տեղ տուած է իր դպրոցական տարիներուն: Պոլսոյ կրթական կեանքը, իր ապրած թաղի անցուդարձը, մանկութեան յուշերը բացառիկ պատումով կենդանացած են Աճառեանի ճոխ գրիչով:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այս յօդուածը քանի մը ամիս առաջ գրած էի, սակայն չէի հրապարակած, մտածելով որ եղածը թիւրիմացութիւն էր: Սակայն, մէկ-երկու օր առաջ Կրթութեան նախարարութեան կողմէ եղած յայտարարութիւնը «Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւն» («ՀԵՊ») դասանիւթին վերաբերեալ, պատճառ դարձաւ, որ այս գրութիւնս լոյսին տամ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սրբոց Թարգմանչաց տօնը՝ տօնն է գիւտը գիրին եւ հայացումը գիրքին։ Ճգնութեան մէջ պրկուած եւ ամփոփուած մտային ուժը եւ հասունցած իմաստութիւնը կեանքի փորձաքարին զարնուելով կը ծնէր «Հայ գիրին տեսիլք»ը։
ԵՐԱՄ
Յետմիջօրէին, երբ արեւն արդէն անցեր էր Մաշտոցի պողոտայի վրայէն, եւ յայտնուեր էր միւս՝ արեւմտեան կողմը, Զանան հասաւ Մաշտոցի պուրակ։ Մի քանի օր առաջ, Նորայի հետ երկրորդ, բայց իրական՝ առաջին, հանդիպման աւարտին, ժամադրուեր էին այնտեղ, ժամը չորսին։
Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարք Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ Այա Սոֆիան պաշտամունքի վերաբանալու մասին ստեղծուած բանավէճին շուրջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սրտին ձայնը՝ խղճի՛ն ձայնն է, եւ ինչպէս անհատական, նոյնպէս եւ հաւաքական-ընկերային բազմաթիւ հարցերու մէջ վճռական պատասխանը կու տայ միշտ «սիրտ»ը եւ ո՛չ թէ «միտք»ը։ Արդարեւ, միտքը կրնայ սխալիլ, զանազան արտաքին ազդեցութիւններու, նախապաշարումներու, կանխակալութիւններու ազդեցութեան տակ ուղիղ ճամբայէն շեղիլ, ճշմարտութիւնը անտեսել. հարցին էականին չանդրդառնալ եւ առաջնորդուիլ սխալ որոշումներ տալու։
Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ յառաջացած դժուարութիւնները հնարաւորինս յաղթահարելով՝ խումբ մը հայ արուեստագէտներ համախմբուեցան՝ սատարելու համար այն երեխաներուն, որոնք քաղցկեղէ կը տառապին։ Աշխարհի զանազան երկիրներու բնակիչ հայ արուեստագէտներ «Միասին երեխաներու համար» կարգախօսով բարեգործական ծրագիր մը կեանքի կոչեցին, ինչ որ այս պահու դրութեամբ ունի կենսական նշանակութիւն։
Պաշտօնապէս տեղեկացուեցաւ, որ «Թրքահայ վաքըֆներու միութիւն» անուանումով որեւէ հաստատութիւն կամ միաւորում գոյութիւն չունի արձանագրութիւններու մէջ:
Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը զգայացունց պատասխան մը տուաւ՝ Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Սիւմէի նամակին: