Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Տնտեսի կիրակի»ն Մեծ պահոց շրջանի կիրակիներուն չորրո՛րդն է, ուր կը պատմուի «աշխարհի որդի»ի մը խորագիտութիւնը, որ պէտք է սորվին եւ գործադրեն նաեւ «լոյսի որդի»ները։ Տնտեսի կիրակիին Հայ Եկեղեցւոյ մէջ Ճաշու ժամուն կը կարդացուի Ղուկասի աւետարանին ԺԶ. գլուխը, որուն սկիզբը կայ «Տնտեսին առակ»ը։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Աչքերը հանդիպեցան իրարու, բարեւեցին: Բարեւը հնչիւն հագաւ՝ «Նստէ՛ք», ու մեքենայական շարժումներով մէկը ձախ ձեռքը երկարեց, միւսը ձեռքը բռնած, աչքերը սեւեռեց դիմագիծին, ճակտին եւ սկսաւ մեկնութեան.
Ֆէրիգիւղի վարժարանին կողմէ կազմակերպուած միջվարժարանային ճատրակի մրցաշարքը եզրափակուեցաւ նախընթաց օր «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցած պարգեւատրման արարողութիւնով։
Փոքրերու դասաւորման մէջ մրցաշարքին մասնակցեցան չորս վարժարաններու խումբեր՝ Մէրամէթճեան (երկու կազմով), Տատեան, Գարակէօզեան եւ Եշիլգիւղ։ Ֆէրիգիւղցիները եղան յառաջատարը։
Համաշխարհային թատրոնի օրուան առթիւ նախընթաց օր Գալֆաեան Տան սաներուն համար ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ։ Օրուան ծրագիրը պատրաստուած էր դպրոցի ուսուցչուհիներէն Թարա Տեմիրճիօղլուի կողմէ, որ միեւնոյն ժամանակ հանդիսավարի պաշտօնը կատարեց յայտագրի գործադրութեան ընթացքին։
Իրմա Աճէմեանի բանաստեղծութիւններով պատրաստուած եզակի յայտագիր մը։
Արամեան-Ունճեան վարժարանի անմոռանալի տնօրէնուհին վերյիշուեցաւ փայլուն ձեռնարկով մը։
Յառաջիկայ մայիսին մեր համայնքէն ուխտագնացութիւն մը պիտի կազմակերպուի դէպի Կրետէ կղզի։ Ինչպէս հաղորդած էինք նախապէս, տեղւոյն Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան յոբելեանը պիտի նշուի հանդիսաւոր ձեւով։
BREXIT-ի գործընթացի մատնուած փակուղին կը բնորոշէ նաեւ Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի քաղաքական ճակատագիրը։ Ներկայ իրավիճակով գրեթէ անխուսափելի դարձած է անգլիացի վարչապետի հրաժարականը, ինչ որ կը համարուի միայն ժամկէտի հարց։ Financial Times թերթն ալ այս իրավիճակին մէջ հաղորդեց, որ Թերեզա Մէյի հաւանական հրաժարականէն վերջ վարչապետի պաշտօնին համար պայքար պիտի ընթանայ չորս քաղաքական գործիչի միջեւ։
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի նախագահութեամբ, վերջին երեք օրերուն Պելժիոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց հաւաք մը։ «Արդարութեան Ս. Աստուածամայր» վանքին (Ռհոտ-Սեն-Ժընէզ) մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքը, որու առթիւ համախմբուեցան այն հոգեւորականները, որոնք կը ծառայեն Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակութեան հոգեւոր իշխանութեան սահմաններէն ներս։
«Այ. Թի. Պի. Պերլին» միջազգային զբօսաշրջութեան ցուցահանդէսին այս տարի հայաստանեան միասնական տաղաւարին մէջ երկրի զբօսաշրջութեան գրաւչութիւնը ներկայացուցած են այդ ոլորտին մաս կազմող 14 ընկերութիւններ. ներկայացուած առաջարկներուն մէջ կան նաեւ շարք մը ծրարներ դրացի Վրաստանի հետ:
Երկիրը աւելի շատ ծանօթացնելու նպատակով, ցուցահանդէսի ծիրին մէջ, նախնական պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուեցան նաեւ զբօսաշրջութեան գործարարութեան բազմաթիւ ներկայացուցիչներու, քաղաքական գործիչներու, գործարարներու, միջազգային էջատէրերու հետ, որոնք ծանօթացան հայկական զբօսաշրջութեան հնարաւորութիւններուն եւ երկրի հարուստ մշակութային ժառանգութեան:
Անգլիոյ Երեսփոխանական ժողովէն ներս երէկ դարձեալ քուէարկութիւններ տեղի ունեցան BREXIT-ի շուրջ։
Թուրքիա կը շարունակէ յամառ պայքար մղել ահաբեկիչներուն դէմ՝ մանաւանդ թիրախաւորելով երկրի հարաւային սահմաններու երկայնքով տեղակայուած ՓՔՔ-ն։
Թուրք զինեալ ուժերն ու ՄԻԹ-ը նախընթաց օր համատեղ գործողութիւնով մը հերթական անգամ լուրջ հարուած հասցուցին ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութեան։
Հայաստանի Պետական սենեկային երգչախումբի փառաշուք ելոյթը՝ Ռոպերթ Մլքէեանի մականին ներքեւ:
Մեծանուն երաժիշտի ծննդեան 80-ամեակին ձօնուած յոբելենական համերգներու շարքը կը շարունակուի տարի մը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան կը պատրաստուի այցելել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Իր ուղեւորութիւնը պիտի սկսի ապրիլի 1-ին։
Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութենէն ներս, Ֆրանսախօսութեան մշտական խորհուրդի քաղաքական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուեցաւ Քրիստիան Տէր-Ստեփանեան։
Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախագահ Լիլիան Մորի-Փասքիէ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան տեսակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ։ ԵԽԽՎ-ի նախագահը յարգանքի այցելութիւն մը տուաւ նաեւ Ծիծեռնակաբերդ։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները վաղը Վիեննայի մէջ պիտի տեսակցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան. «Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ կու գայ Արցախը կարգաւորման բանակցութիւններուն ներգրաւելու հարցը»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Փառասիրութիւն»ը ախտ մըն է, որ թէ՛ անհատական եւ թէ ընկերային կեանքի մէջ վնասներու պատճառ կ՚ըլլայ, եթէ ոչ մարմնական, բայց բարոյական վնասներ՝ որոնք աւելի անդարմանելի են քան՝ մարմնականները։
«Փառասէր» կամ «փառամոլ» մարդը փառքի մոլի եւ կամ չափազանց հետամուտ անձն է, որ կարծելով թէ փառքի արժանի է, կը տանջէ թէ՛ ինքզինք, եւ կը զբաղեցնէ եւ կը պարտադրէ իր շուրջիններուն, որ փառաբանեն զինք։
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ընթերցողներուն կը ներկայացնեմ փունջ մը բաանստեղծութիւններ սուրիացի բանաստեղծ՝ Նիզար Քապանիէն:
Նիզար Քապանին ծնած է 1923-ին: Բանաստեղծ եւ քաղաքական գործիչ:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը յայտնած է, որ 22 մարտէն սկսեալ «Գալուստ Կիւլպէնկեան-150» ոսկէ յուշադրամը շրջանառութեան մէջ դրուած է եւ կու գայ լրացնելու Կեդրոնական դրամատան թողարկած յուշադրամներուն ցանկը եւ տուրք մըն է հայ նշանաւոր գործարար, բարերար, հաւաքորդ Գալուստ Կիւլպէնկեանի 150-ամեակին:
Յատկանշական է, որ յուշադրամը շրջանառութեան մէջ դրուած է Կիւլպէնկեանի ծննդեան օրուան նախորդ օրը:
Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի ներկայացուցիչը:
Խորհրդակցութիւն՝ Ուղղափառ եկեղեցիներու դիմագրաւած առկայ մարտահրաւէրներուն շուրջ: