ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱՆԳԻՆ ԳԱՆՁԵՐԸ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ս. Քաղաքի հայկական թանգարանի՝ շուրջ քսան տարի վերջ վերաբացման ուղղեալ աշխատանքները կը շարունակուին ֆրանսահայ յայտնի պատմաբանի մականին ներքեւ:
Քլոտ Արմէն Մութաֆեան. «Թէեւ ձեռագրապահեստը անմխիթար վիճակի մէջ է, սակայն բարեբախտաբար ձեռագիրները չեն տուժած։ Հարուստ պատմութիւնը յաչս աշխարհին անգամ մը եւս կը պարզէ հայկական մշակոյթի դէմքը։ Մեծ արժէք կը ներկայացնեն նաեւ սուլթաններու եւ խալիֆաներու հրովարտակները, որոնք կը պահուին Պատրիարքարանէն ներս»:

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արամեան սանուց միութեան մէջ անցեալ Ուրբաթ երեկոյեան տեղի ունեցած «Գատըգիւղի Յուշամատեանի» շնորհանդէսին ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Նռան հատիկ» մանկապատանեկան թատերական 17-րդ հանրապետական փառատօնի նպատակներէն մէկն է տաղանդաւոր եւ գործունեայ թատերախումբերը բացայայտելն ու անոնց համար փորձի փոխանակման հարթակ ստեղծելը։ Փառատօնը այս տարի կը կրէ «Արեւը բոլորինն է» խորագիրը։ Ան տեղի կ՚ունենայ Հոկտեմբեր 30-Նոյեմբեր 4 թուականներու միջեւ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Հոկտեմբերի 20-ին, հաւատացեալներու հոծ բազմութեամբ կատարուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ: Ներկայ էին ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ, Կիրակնօրեայի աշակերտներ, անոնց ծնողները ու մեծ թիւով հաւատացեալներ:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Խաւարի մէջ Կոմիտաս» խորագրեալ երաժշտահանդէսներու շղթային վրայ շաբաթավերջին աւելցաւ հերթական օղակ մը։ Չորրորդ Լեւենտի «Քարանլըք իշլէր» երաժշտութեան տան մէջ կազմակերպուած հերթական համերգով Մեծ Վարդապետը ոգեկոչուեցաւ՝ իր մահուան 82-րդ տարելիցին առթիւ։