Սուրբ ՍարգիսԻ Տօնը
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ս. Սարգիսը շարժական տօն է. այս տօնով կը սկսի Բարեկենդանը, որուն անմիջապէս յաջորդող 49 օրեայ Մեծ պահքը կ՚աւարտի Զատիկով: Այսպէսով, անուղղակիօրէն կապուելով 35 օրուան շարժականութիւն ունեցող Զատկուան հետ, Ս. Սարգիսի տօնը նոյնպէս կը շարժի 35 օրերու ընթացքին, նշուելով Յունուար 18-էն մինչեւ Փետրուար 23-ը երկարող այն Շաբաթ օրը, որ տուեալ տարուան Զատկուան տօնէն ճիշդ 63 օր առաջ կու գայ:
«Վահան Տէրեանի անյայտ նախաձեռնութիւնը. հայ որբերու յուշերը» գիրքի գինեձօնը:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երէկ, Երեւանի մէջ համագործակցութեան համաձայնագիր մը ստորագրուեցաւ՝ Հայաստանի Ազգային փոլիթեքնիկ համալսարանի եւ «Շնայտըր էլէքթրիկ» աշխարհահռչակ ընկերութեան միջեւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս համաձայնութեան նպատակն է՝ կրթական, գիտական եւ նորարարութեան ներուժի համարկման հիման վրայ երկու կողմերուն միջեւ հաստատել ու զարգացնել երկարաժամկէտ համագործակցութիւն։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժնէն լոյս տեսաւ «Տօնապատճառ» ժողովածոյի (Վարդան Հաղբատեցիի, Վարդան Արեւելցիի եւ Յովհաննէս Գանձակեցիի խմբագրումները) առաջին մասը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ հրատարակուած գիրքի մեկենասն է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամը։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան եւ «Փիւնիկ» մարդուժի զարգացման հիմնադրամին միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ յուշագիր մը, որ կը վերաբերի «Մշակութային կանգառ» ծրագրին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, սոյն նախագիծը կ՚ենթադրէ ներկայ տարուան տեւողութեան երկրի զանազան մարզերէն ներս 426 մշակութային ձեռնարկներու իրականացումը։