ԱՒԱՐՏԻՆ ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՅ 48-ՕՐԵԱՅ ՄԵԾ ՊԱՀՔԸ
Եկեղեցական տօնացոյցով Մարտ 21-ին մեկնարկեց Աւագ շաբաթը, որ նաեւ կ՚անուանուի «Չարչարանաց շաբաթ»: Անիկա Մեծ պահքի վերջին շաբաթն է եւ կը խորհրդանշէ Յիսուս Քրիստոսի երկրային կեանքի կարեւոր շրջանը՝ վերջին օրերու ուսուցումները, չարչարանքները, մահը եւ յարութիւնը:

Լեռնային Ղարաբաղի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան նախարարութիւնը կը նախաձեռնէ «Տատիս սնդուկը» թեմայով ցուցահանդէս մը, որու ընթացքին պիտի ցուցադրուին ընտանիքներու մէջ կամ անհատներու մօտ նախորդ սերունդներէն պահպանուած ձեռագործ աշխատանքներ եւ կենցաղային իրեր:
1954 թուականէն ի վեր Մոնաքոյի մէջ տեղի կ՚ունենայ Վարդերու տօնահանդէս բարեգործական երեկոն, զոր պարտադիր իրենց ներկայութեամբ կը պատուեն Մոնաքոյի իշխանական տոհմի ներկայացուցիչները:
Իտալացի ձեւագէտ եւ նորաձեւութեան տան հիմնադիր սեփականատէր Ճիորճիօ Արմանի հրաժարած է բնական մորթ օգտագործելէ իր նոր հաւաքածոյի ստեղծման ժամանակ:
Իտալական Fendi նորաձեւութեան տունը ներկայացուցած է պայուսակներու նոր հաւաքածոն՝ նախատեսուած գարուն/ամառ-2016 եղանակին համար:
Christian Dior նորաձեւութեան տունը ներկայացուցած է նոր կարճաժամկէտ ժապաւէնը, որ նուիրուած է La Rose des Ventes զարդերու հաւաքածոյի նոր շարքի թողարկման:

«Արամէ» ցուցադրասրահի Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղին եւ «Սիլվանա» ցուցադրասրահին համագործակցութեամբ, «Ժամանակակից արուեստի հայ վարպետներ» խորագրեալ ցուցահանդէսը տեղի կ՚ունենայ Մարտի 12-26 թուականներուն, «Սիլվանա» ցուցադրասրահին մէջ։