ՈՍԿԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆ
Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի հիմնադրութեան 50-ամեակին ձօնուած հանդիսութիւնները անցան տօնական մթնոլորտի մէջ:
Իսթանպուլահայ կրթական շրջանակները եւ բազմաթիւ հիւրեր համախմբուեցան հաստատութեան վարչութեան կողմէ երէկ երեկոյեան կազմակերպուած պաշտօնական ընթրիքին առթիւ: Ձեռնարկը հովանաւորեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան:
Պերլինաբնակ երգիչ, երգահան Մասիս Առաքելեան «Կռունկ» խորագիրը կրող երկու համերգով հանդէս պիտի գայ Հայաստանի մէջ՝ Փետրուար 5-ին «Նարեկացի» արուեստի միութեան կեդրոնէն ներս, Փետրուար 9-ին՝ Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնէն ներս:
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբի հիմնադրութեան 10-ամեայ յոբելեանին շրջագծով երէկ երեկոյեան յատկանշական համերգ մը տեղի ունեցաւ Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ։ Գեղարուեստական ղեկավար Սէրկէյ Սմբատեանի մականին ներքեւ հանդէս եկաւ նուագախումբը, որուն միացած էին նաեւ երկու աշխարհահռչակ արուեստագէտներ։
Աշխարհահռչակ ջութակահար Սէրկէյ Խաչատրեան յառաջիկայ օրերուն համերգներով հանդէս պիտի գայ Միացեալ Նահանգներու եւ Սպանիոյ մէջ։ Միացեալ Նահանգներէ ներս ան պիտի նուագէ Պալթիմորի մէջ։ Իր երեք համերգները նախատեսուած են Պալթիմորի սիմֆոնիք նուագախումբին հետ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ