ԳԵՂԵՑԻԿ Է ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ
Tütün Deposu-ի մէջ եզակի ցուցահանդէս մը, որու առթած տպաւորութիւնները պայմանաւորուած են քաղաքներով:
Նկարչուհի Մերի Մուն հերթական անգամ գեղարուեստասէրներուն կը ներկայանայ իսկապէս յատկանշական ստեղծագործութիւններով:
Tütün Deposu-ի մէջ եզակի ցուցահանդէս մը, որու առթած տպաւորութիւնները պայմանաւորուած են քաղաքներով:
Նկարչուհի Մերի Մուն հերթական անգամ գեղարուեստասէրներուն կը ներկայանայ իսկապէս յատկանշական ստեղծագործութիւններով:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Նոյեմբեր 4-ին, 123 տարի առաջ, վաթսուն տարեկան հասակին, Պոլսոյ ոստիկանական կեդրոնի մը մէջ՝ վախճանեցաւ հայ հոգեւորականութեան իւրայատուկ ներկայացուցիչ մը, որ ինչպէս իր ժամանակակիցներուն, նոյնպէս եւ հետագայ սերունդներու յիշողութեան մէջ, Խորէն Նարպէյ գրչանունով, մնայուն տեղ գրաւեց իբրեւ հայ ժողովուրդի արժէքաւոր, այլեւ վիճայարոյց դէմքերէն մէկը։
Երէկ, Երեւանի մէջ նշուեցաւ անմահ բանաստեղծ Զահրատի 90-ամեայ յոբելեանը։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ Գրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Զահրատի այրին՝ Անայիս Եալտըզճեան։
Երէկ երեկոյեան, Հարպիէի Նոթրը Տամ Տը Սիոն ֆրանսական լիսէի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ դասական կիթառի համերգ մը։ Երաժշտահանդէսի ընթացքին կիթառահար Հալուք Օնաթ Աքպուլութ ունկնդիրներուն վրայ խոր տպաւորութիւն գործեց իր յաջող կատարումներով։
Պէյլիքտիւզիի մէջ վաղը պիտի սկսի TÜYAP-ի 34-րդ գրքի տօնավաճառը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Նոյեմբերի 15-ը։ Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչատունը այս տարի եւս պիտի մասնակցի այս տօնավաճառին, որու համալիրէն ներս արդէն ապահոված է իր տաղաւարը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ Առաքելական Ուղղափառ Սուրբ Եկեղեցւոյ Վիրահայոց Թեմը անբաժան մասն է Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ:
Կ՚ենթադրուի, որ թեմը հիմնուած է 12-րդ դարուն։ Առաջնորդանիստը եղած է Տփղիս (Թիֆլիզ) քաղաքի Ս. Գէորգ եկեղեցին (13-րդ դարէն)։ Թեմակալ առաջնորդներու մասին ամենէն հին յիշատակութիւնը կը վերաբերի 12-րդ դարու 70-ական թուականներուն:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՔՄԵՐԵԱՆ
6 Նոյեմբերին կը սկսի ցուցադրուիլ Ճէյմս Պոնտի նոր շարժանկարը՝ «Սփեքթըր» (առաջին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ Բրիտանիոյ մէջ, 26 Սեպտեմբերին):
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Փրոֆ. Ալպերթ Խառատեան լոյս ընծայեց «Արեւմտահայ մամուլն իր պատմութեան աւարտին» խորագրեալ գիտական գործ մը:
Աշխատասիրութեան մէջ վերարտադրուած են նաեւ Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ հայկական անկուսակցական պարբերականներուն ազգային ու հասարակական բովանդկութեան հիմնական կողմերը:
ԳՈՀԱՐ սիմֆոնիք նուագախումբ-երգչախումբի Պէյրութի մէջ ունեցած վերջին համերգաշարին արձագանգները կը շարունակուին։ Այս մթնոլորտին մէջ, երէկ, ԳՈՀԱՐ-ի շուրջ երկուհարիւր անդամ-անդամուհիները այցելեցին Անթիլիաս, ուր հիւրընկալուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ։