Թրքահայ կեանք

ՄԵՏՐԱՊՈԼԻՏՆԵՐՈՒ ԱՅՑ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ քաղաքիս Պատրիարքական փոխանորդ Եուսուֆ Չեթին մետրապոլիտն ու Մարտինի եւ Տիարպաքըրի առաջնորդ Սալիպա Էօզմեն մետրապոլիտը։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿԻ ԸՆԴԱՌԱՋ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը համավարակի շրջանէն վերջ յառաջիկայ՝ 56-րդ շրջանին կը պատրաստուի վերստին հիւրընկալել մեր համայնքի պատանիները։ Զուգահեռաբար, յայտնի կը դառնայ նաեւ այն կազմը, որ պատասխանատուութիւն պիտի ստանձնէ այս ամառ։

ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԸ 190 ՏԱՐԵԿԱՆ

Վաղը Համբարձման տօնն է։ Եկեղեցական մեծ նշանակութեան առընթեր, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ այս մեծ տօնը այլ իմաստ մըն ալ ունի։ Աւանդաբար Համբարձման տօնին կը նշուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան տարեդարձը։

ԴՊՐԵՎԱՆՔՑԻՆԵՐՈՒ ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ՆՈՒԱՃՈՒՄԸ ԲՆԱՊԱՀՊԱՆԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐՈՎ

Ս. Խաչ դպրեվանքի սաները վերջերս մասնակցեցան Բնական կեանքի պահպանութեան հիմնարկի Թուրքիոյ մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած մրցոյթին, որու մէջ իրենց ծրագրով բարձրացան աւարտական փուլի ու դարձան երկրի երկրորդը։

ՇԻՇԼԻՑԻ ՊԱՏԱՆԻ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Կ՚ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՆ

Շիշլի մարզակումբի պասքեթպոլի կազմերը վերջին շրջանին կ՚արձանագրեն փայլուն յաջողութիւններ։ Մինչեւ 12 եւ մինչեւ 16 տարեկաններու կազմերը, նաեւ Թուրքիոյ Պասքեթպոլի դաշնակցութեան եւ «Ճունիըր քափ» լիկերուն մասնակից շիշլիցի մարզիկները իսկապէս ապագայ կը խոստանան։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՔԱԼԱՆԹԱՐԻ ՅՈՒՇԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է հայերէն նոր գիրք մը, որու հեղինակն է Վարդուհի Քալանթար։ «Կեդրոնական բանտի կիներու բաժինը» յուշագրութիւնով ներկայացուած են իսկապէս հետաքրքրական ու պատմական նշանակութեամբ վկայութիւններ։

Էջեր