ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՀԻՄՆԱՐԿԷՔ
Ս. Յակոբ հիւանդանոցի նոր շէնքը պիտի կառուցուի արդի բոլոր չափանիշներուն համապատասխան ձեւով եւ օժտուած պիտի ըլլայ բոլոր հնարաւորութիւններով:
Շաբաթավերջի բժշկութեան տօնը այս տարի հայ կաթողիկէ հասարակութեան տեսանկիւնէն բնորոշուեցաւ պատմական ու կենսական ձեռքբերումով մը։
Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ եւ իր անմիջական գործակիցները առարկայ դարձան հոգաբարձութեան երախտագիտական զգացումներուն: