ՄԵՐ ԽՕՍՔԸ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Երուսաղէմի Մանուկեան Պատրիարքին կողմէ Իսթանպուլ կատարուած վերջին առեղծուածային հերթական այցելութեան վերաբերեալ մեր լրատուութեան կապակցութեամբ ստացանք «պատասխանբաց նամակ» մը, ստորագրութեամբ՝ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեանի, որ կ՚ընկերանար իրեն։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը սկզբունքօրէն իրեն ուղղուած ճշդումները կամ պատասխանները անպայման կը հրատարակէ։
Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի գործունէութեան յատկանշական հանգրուանը:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան անցեալ Կիրակի նախագահեց Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան որոշած է պարգեւատրել Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի սիւներէն Ղազարոս Ունանը, որ երկար տարիներ բեղուն մասնակցութիւն բերած է նաեւ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէին։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Ս. Պատարագ մատոյց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Գուսան Վարդապետ Ալճանեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Պատրիարքարանի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ համայնքային կարեւոր ժողով մը, որուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Կը հաղորդուի, որ Համայնքային վագըֆներու հարթակի (VADİP) ելմտական յանձնախումբի անդամները եւ վարժարան մը հովանաւորող եկեղեցիներու մատակարար մարմիններուն ներկայացուցիչները մասնակցած են այս խորհրդակցութեան։