ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳԱԴԻՐ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ
2015-2016 կրթական շրջանի առաջին մատաղօրհնութիւնը յառաջիկայ Հոկտեմբերի 4-ին տեղի պիտի ունենայ Սամաթիոյ մէջ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, եղանակի առաջին սիրոյ սեղանը պիտի կազմակերպուի ի նպաստ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ եւ անոր յարակից գործող Սահակեան-Նունեան վարժարանին։ Նկատի ունենալով, որ Ս. Գէորգի տօնը այս տարի կը զուգադիպի իսլամական աշխարհի տօնական արձակուրդի օրերուն, Սամաթիոյ մատաղօրհնութիւնը շաբաթ մը ուշացումով պիտի իրականացուի։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի երէց սերունդի սիրուած ու յարգուած դէմքերէն Տքթ. Սարգիս Թաթլըէր վերջերս հրատարակած է «Յուշեր մանկութեան եւ երիտասարդութեան» խորագրեալ գրքոյկ մը։ Հեղինակը ազնուութիւնը ունեցած է նաեւ խմբագրութեանս համար մակագրել այդ գրքոյկէն օրինակ մը, որ կ՚ընդգրկէ նաեւ բանաստեղծութեան ձեւաչափով քանի մը էջեր։ 
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ