ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Պատրիարքարանի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ համայնքային կարեւոր ժողով մը, որուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Կը հաղորդուի, որ Համայնքային վագըֆներու հարթակի (VADİP) ելմտական յանձնախումբի անդամները եւ վարժարան մը հովանաւորող եկեղեցիներու մատակարար մարմիններուն ներկայացուցիչները մասնակցած են այս խորհրդակցութեան։
Կը տեղեկանանք, որ մեր մտաւորական աշխարհի երէց սերունդի տիտաններէն Տոց. Տքթ. Վարդ Շիկահեր կը շարունակէ իր արտադրական աշխատանքը եւ այս շրջագծով հրատարակած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «Պարտիզակ»։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ, յառաջիկայ Հոկտեմբերի 24-ին Նիւ Ճըրզիի մէջ տեղի պիտի ունենայ համերգ մը, որու կազմակերպիչն է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի նոր սերունդի արժէքաւոր ներկայացուցիչներէն Լոռին Քըլըչճը փայլուն յաջողութեամբ աւարտած է իր բարձրագոյն ուսումը։
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին կողմէ հրատարակուած Երուանդ Սրմաքէշխանլեանի (Երուխան) «Փոքր Ասիոյ մէջ» գիրքը այս շրջանին կ՚արժանանայ գրասէրներու անմիջական ուշադրութեան։ Թերթիս խմբագրութիւնն ու վարչութիւնը որոշած են նաեւ 30 կտրօնի փոխարէն Երուխանի այս գիրքը նուիրել մեր ընթերցողներուն։