ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ՄԷՋ ՏԱՐԵԴԱՐՁ
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ երէկ նշուեցան թաղի դպրաց դասու հիմնադրութեան 124-րդ, Զուարթնոց երգչախումբի կազմաւորման 79-րդ եւ Հարիւր Մանկանց երգչախումբի ստեղծման 59-րդ երրեակ տարեդարձները։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանը վերջերս մասնակցեցաւ «Լիոնս» ակումբին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Ապրիլ խաղաղութեամբ» խորագրեալ նկարչութեան մրցոյթի մը։
Կը տեղեկանանք, որ Պաքըրգիւղի քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլու խորհրդական նշանակած է Յովհաննէս Կարապետեանը, որ անցեալ շրջանին եւս պաշտօն զբաղեցուցած էր նոյն քաղաքապետարանէն ներս։
«Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ այս շաբաթավերջին «Պողազիչի» համալսարանին մէջ պիտի կազմակերպուի խորհրդաժողով մը, որ խորագրուած է «Ոչնչացուած քաղաքակրթութիւն. ոչ-իսլամներու ստացուածքը՝ ուշ Օսմանեան կայսրութեան եւ վաղ Հանրապետական ժամանակաշրջանին»։