ԷԿԷՄԷՆ ՊԱՂԸՇ ՓԱՓԱՔԵՐ Է ՊԱՆԴՈԿԻ ՎԵՐԱԾԵԼ ՍԱՆԱՍԱՐԵԱՆԸ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի վարչապետ եղած շրջանին՝ երկրի ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքներուն հետ կազմակերպուած յայտնի իֆթարի հաւաքոյթէն վերջ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան մօտ ապրուած էր զարմանալի իրադարձութիւն մը։ Նկատի ունենալով, որ այդ շրջանին Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յամառօրէն կը հետապնդէր Սիրքէճիի Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու խնդիրը՝ այդ զարմանալի իրադարձութիւնն ալ առընչութիւն ունեցած էր այս հարցին հետ։
Նիւ Եորքի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած «Տեւական զարգացման լուծումներու ցանց. երիտասարդական լուծումներ» խորագրեալ գագաթաժողովը։ Միջազգային այս կարեւոր հաւաքին հրաւիրուեցաւ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Շիլա Թեմիզէլ՝ որպէս Թուրքիոյ միակ ներկայացուցիչը։
Կարծիք յայտնելու ազատութիւնը անկարելի է օգտագործել՝ անտեսելով հանրութեան անդորրը: