ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ Զուարթնոց Դպրաց Դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդին անդամները, որոնց հետ էր նաեւ Դպրաց դասու նախագահ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան։ Երգչախումբի ներկայացուցիչները տեղեկացուցին, որ կը պատրաստուին յառաջիկայ Նոյեմբերի 22-ին տօնախմբել իրենց տարեդարձը՝ կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններով։
Հայ մշակոյթի շաբթուան առթիւ Գալֆաեան Տան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը։ Դպրոցի ուսուցչուհիներէն Արուսեակ Մկրտիչեան, Սիրանոյշ Էօզնիկոլեան, Թամար Ներկիզ, Այլին Եանար, Սելին Եամաչ, Էպրու Եըլմազ եւ Էլիզապէթ Զինկիլլիօղլու աշակերտներուն արդէն բացատրութիւններ տուած էին Հայոց գիրերու գիւտին, Թարգմանչաց շարժման եւ Թարգմանչաց տօնին շուրջ։