ՄԻՒՍԼԻՄԻ ԴԷՄ ՅԱՄԱՌ ՔԱՅԼԵՐ
Թուրքիա յամառօրէն կը հետապնդէ ՓՔՔ-ՓԵՏ ահաբեկչական կազմակերպութեան նախկին համանախագահ Սալիհ Միւսլիմը, որ ներկայիս կը գտնուի Եւրոպայի մէջ։ Վերջերս ան Փրակի մէջ ձերբակալուած էր եւ Չեխիոյ դատական իշխանութիւններուն կողմէ ազատ արձակուած։
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները պիտի աշխուժանան ընտրութիւններէն յետոյ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Մամետեարով Պաքուի մէջ յայտնեց, որ կողմերը որոշած են Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններէն յետոյ քննարկումները շարունակել աւելի եռանդուն ձեւով։
Անգարա եւ Փարիզ մշտական կապի մէջ՝ միջազգային հրատապ իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ:
Վատիկանի մէջ պիտի բացուի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանը։ 10-րդ դարու հայ բանաստեղծ, փիլիսոփայ եւ աստուածաբան Գրիգոր Նարեկացիի գլուխ գործոցն է «Մատեան ողբերգութեան» երկը։ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցին վերջին տարիներուն Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակած էր «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ»։
Մատենադարանի ձեռագիրներու ֆոնտին 25 տոկոսը ցարդ տեղափոխուած է համակարգչային միջավայր:
Հայաստանի Ազգային ժողովը քուէարկութեամբ պաշտօնի կոչեց Հանրապետութեան չորրորդ ղեկավարը:
Երեւանի եւ Թիֆլիզի միջեւ բարեկամութիւնը կ՚ամրապնդուի փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի մէջ:
Հանրապետութեան նախագահ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստ։
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը արտահերթ նիստի ընթացքին ձեռնարկեց քուէարկութեան:
Դէպքերէն տասը տարի անց Երեւանի մէջ տեղի ունեցան զանազան բողոքի ցոյցեր