ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԵՐԷԿ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։ Եռանախագահները՝ Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Փիէռ Անտրիու (Ֆրանսա), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին վերաբերեալ հարցեր։
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի պարագային The Washington Post կը մատնանշէ համատեղ գոյակցութեան ցանկութեան բացակայութիւնը:
Իսթանպուլահայ երէց սերունդի մտաւորականներէն Արամ Գամպուրեան ներկայիս մեր գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է աշխարհահռչակ Սէրվանդէսի «Պրունօ Ֆրանք» գործին հայերէն թարգմանութիւնը։ Սէրվանդէսի մահուան 400-րդ տարելիցի շրջանին զուգադիպած է այս գործին հրատարակութիւնը։ Արամ Գամպուրեան գերմաներէնէ հայերէնի թարգմանած է Սէրվանդէսի գործը եւ այս աշխատութիւնը ձօնած է՝ Մխիթարեան վարժարանի իր գերմաներէնի ուսուցչին՝ հոգելոյս Հայր Հմայեակ Ծ. Վրդ. Համբարեանի յիշատակին։
Պունտեստակի վաղուան քուէարկութեան ընդառաջ Անգարայի կողմէ կը հնչեն Պերլինի ուղղեալ աչալրջութեան իրերայաջորդ կոչեր:
«Հայաստան հետեւողականօրէն պիտի աշխատի Վիեննայի պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ուղղութեամբ»: