ՏԱՎՈՒՏՕՂԼՈՒԻ ՊՐԻՒՔՍԷԼ ԱՅՑԸ
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու այսօր շփումներ կ՚ունենայ Պրիւքսէլի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ իր շփումները կը տեւեն երկու օր։
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու այսօր շփումներ կ՚ունենայ Պրիւքսէլի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ իր շփումները կը տեւեն երկու օր։
Ֆրանսայի Միյէն քաղաքին մէջ արգիլուեցան թրքերէն եւ արաբերէն դասերը։ Տեղական մամուլին մօտ արձագանգ գտած այս կարգադրութիւնը կատարուած է տեղւոյն քաղաքապետին՝ Ֆրանսուա Պուշէի նախաձեռնութեամբ։ Ան այս կարգադրութիւնը հիմնաւորած է իր շրջանին մէջ դպրոցներէ ներս անվտանգութեան պատճառաբանութեամբ։
Երեւանի Պետական համալսարանի Հայ բանասիրութեան ֆաքիւլթէէն ներս երէկ ապրուեցաւ յատկանշական օր մը։ Այսպէս, ֆաքիւլթէի շէնքի մուտքասրահին մէջ հանդիսաւորապէս բացուեցան երեք անմոռանալի ակադեմիկոսներու՝ Հրանդ Թամրազեանի, Եդուարդ Ջրբաշեանի եւ Արսէն Տէրտէրեանի կիսանդրիները։
Թուրքիոյ սաստիկ ռմբակոծումները փոփոխութեան կ՚ենթարկեն Սուրիոյ ճգնաժամին վերաբերեալ ձեւաւորուած հաւասարակշռութիւնները:
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու Ուքրայնոյ շփումներուն ընթացքին ծանր մեղադրանքներ հասցէագրեց Ռուսաստանին:
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձին վերաբերեալ պատրաստուած երկու ամբաստանագրերուն միացման զուգահեռ նոր դատավարութեան թուականն ալ ճշդուեցաւ։
Միւնիխի Միջազգային անվտանգութեան խորհրդաժողովին ընթացքին դիւանագիտական երթեւեկ:
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Վիքթորիա Նուլանտ քննարկեցին հայ-ամերիկեան փոխյարաբերութիւններուն ընթացքը:
Երէկ երեկոյեան Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքեց բեմադրիչ եւ դերասան Պերճ Ֆազլեան: Պոլիս ծնած Ֆազլեան կը համարուի լիբանանեան թատրոնի կարեւոր կերտիչներէն մին:
«Արեւելք» կայքէջի հաղորդումներով, Հալէպի իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ ծանր եւ մտահոգիչ։ Երէկ կէս գիշերէն ետք ահաբեկչական խմբաւորումներու կատարած հրթիռարձակումներուն հետեւանքով փուլ եկած են երկու շէնքեր, որոնցմէ մէկուն մէջ քաղաքացի մը ծանրօրէն վիրաւորուած ու մահացած է, մինչ անոր քոյրը փոխադրուած է եւ մինչեւ այս պահը կը գտնուի հիւանդանոցային խնամքի տակ:
«100 LIVES» նախաձեռնութեան հիմնադրած «Աուրորա» (Aurora) մրցանակի արձանիկի գծագրական պատկերը պիտի ստեղծեն Հայաստանի «Թումօ» ստեղծարար արուեստագիտութեան կեդրոնի սաները:
Թուրքիա շաբաթավերջի դրութեամբ սկսաւ ռմբակոծել ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի Սուրիոյ սահմանի մերձակայ դիրքերը:
Բանակը կը ջանայ Ազէզն ու մերձակայ Մինիղը զերծ պահել յարձակումներէ: Ահմէտ Տավուտօղլու աշխարհի մայրաքաղաքներուն հետ շփման մէջ: