ԱԼԻԵՒ ՊԵՐԼԻՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ
Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը պատրաստուի այցելել Պերլին։ Յաջորդ շաբթուան սկիզբին՝ Յունիսի 7-ին պիտի իրականանայ իր այս ուղեւորութիւնը։ Իլհամ Ալիեւ Պերլինի մէջ պիտի տեսակցի Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի եւ այդ երկրի ղեկավարութենէն յառաջատար դէմքերու հետ։
Պունտեստակի վաղուան քուէարկութեան ընդառաջ Անգարայի կողմէ կը հնչեն Պերլինի ուղղեալ աչալրջութեան իրերայաջորդ կոչեր:
«Հայաստան հետեւողականօրէն պիտի աշխատի Վիեննայի պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ուղղութեամբ»:
Չեխիոյ Նախագահ Միլոշ Զեման կը պատրաստուի պաշտօնական այցելութիւն մը տալ Երեւան՝ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, 8-10 Յունիս թուականներուն Միլոշ Զեման նախ պիտի այցելէ Մակեդոնիա, ապա Հայաստան։
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ յայտարարեց, որ Ռուսաստան տակաւին կրնայ շինիչ դեր մը խաղալ համաշխարհային գործերուն մէջ։ Ըստ իրեն, Մոսկուա միայն պիտի շահի, եթէ համագործակցի դաշինքին հետ։ Երէկ, Վարշաւիոյ համալսարանին մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին Սթոլթենպերկ ըսաւ.
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը, որ ներկայիս կը գտնուի Հայաստանի մէջ։