ՖԻՖԱ-Ի ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԱՀԸ
ՖԻՖԱ-ին կեդրոնատեղիին` Ցիւրիխի (Զուիցերիա) մէջ, տեղի ունեցան ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւնները:
ՖԻՖԱ-ին կեդրոնատեղիին` Ցիւրիխի (Զուիցերիա) մէջ, տեղի ունեցան ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւնները:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
12 Փետրուար 2015 թուականին Հայաստանի նախագահի ելոյթով սկիզբ առած քաղաքական գործընթացը, կը մտնէր նոր հանգրուան՝ իշխող Հանրապետական կուսակցութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) միջեւ ստորագրուած համաձայնագրով:
Վրաստանի Նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլի յառաջիկայ ամիս պիտի այցելէ Ատրպէյճան։ Ան Մարտի 11-ին պիտի մասնակցի Պաքուի չորրորդ կլոպալ համաժողովին, որ ձօնուած պիտի ըլլայ «Դէպի բազմաբեւեռ աշխարհ» նիւթին։
ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի համաձայնութեամբ նախատեսուած հրադադարը ի՞նչ պիտի բերէ Սուրիոյ համար:
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ ազդարարութիւններ ըրաւ Թուրքիոյ դէմ ուղղուելիք սպառնալիքներուն շուրջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Փետրուարի 24-ին, Երեւանի մէջ կայացաւ սուրիահայերու խնդիրներուն նուիրուած աշխատաժողով մը: Այս ժողովը կը կարեւորուէր մասնաւորապէս ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով զբաղող մարմնին՝ UNHCR-ի հայաստանեան մարմնի եւ այս առթիւ տարբեր երկիրներէ Հայաստան ժամանած անոր մասնագէտներու ներկայութեամբ:
Մոսկուա եւ Պաքու շփման մէջ են միջազգային հրատապ հարցերուն շուրջ:
Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնութիւն՝ Նովորոսիսկով նաւթի տարանցման համար:
Յունական Կիպրոսի ղեկավար Նիքոս Անասթասիատիս «Անատոլու» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարեց, թէ ուժանիւթի բնագաւառէն ներս համագործակցութիւնը արեւելեան Միջերկրականի պարագային պիտի ապահովէ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը։
Հայաստանի եւ Չեխիոյ կառավարութիւնները կը պատրաստուին կնքել ռազմաթեքնիկ համագործակցութեան վերաբերեալ համաձայնագիր մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս նիւթը ընդգրկուած էր Հայաստանի կառավարութեան երէկուան ժողովի օրակարգին վրայ։
Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Եդուարդ Շարմազանով յայտարարեց, թէ սահմանադրութեան բարեփոխումներէն վերջ երկրի հասարակական-քաղաքական կեանքը թեւակոխած է նոր փուլ մը։ Շարմազանով, որ իշխանութեան գլուխ գտնուող Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան բանբերն է, խորհրդարանէ ներս յայտարարութիւններուն ժամանակ ըսաւ. «Մենք այլեւս կ՚ապրինք նոր իրողութեան մը պայմաններուն ներքեւ, ինչ որ ունի իր պահանջներն ու մարտահրաւէրները։
Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախագահ Փետրօ Արկամունթ կը պատրաստուի այցելել Ատրպէյճան։ Կը հաղորդուի, որ դէպի Պաքու իր ուղեւորութիւնը պիտի իրականանայ Մարտի 2-ին։