ԸՍՏ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ, ՊԱՔՈՒԻ ՍԱԴՐԱՆՔՆԵՐԸ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ԵՆ ԽՈՉԸՆԴՈՏԵԼՈՒ ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի սադրանքները ուղղուած են խոչընդոտելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացը։ Ինչպէս ծանօթ է, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի շփման գծին վրայ վերջերս ապրուեցաւ զգայացունց դէպք մը, երբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կ՚իրականացնէին դիտարկում մը։ Երբ անոնք կը հատէին շփման գիծը, դիտարկման վերջին հանգրուանին լսուեցան կրակոցներ։