«ՆԱԽԱՊԷՍ Ո՛ՒՐ ԷԻՔ…»
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիա մտադիր չէ իր զինուորները դուրս բերելու Իրաքէն:
Հաքան Ֆիտան եւ դեսպան Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու երէկ բազմակողմանի շփումներ ունեցան Պաղտատի ղեկավարութեան հետ: Մեսուտ Պարզանի յայտարարեց, որ ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքարի հարցին շուրջ համաձայնութեան հասած են Անգարայի հետ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ շփումներ ունեցաւ Վիեննայի մէջ, ուր տեսակցեցաւ Աւստրիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրցի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով նախարարները գոհունակութիւն յայտնեցին բարձր մակարդակով փոխադարձ յաճախակի այցելութիւններուն կապակցութեամբ եւ ընդգծեցին, թէ անոնք նոր լիցք կը հաղորդեն զանազան բնագաւառներէ ներս երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նոր աւագ մարզիչ նշանակուեցաւ Վարուժան Սուքիասեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան եւ Վարուժան Սուքիասեան երէկ ստորագրեցին համապատասխան պայմանագիրը։
Մեսուտ Պարզանի. «Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութիւնը չի փափաքիր հարեւան դառնալ ԻՇԻՊ-ի հետ»։
Սուրիահայ Թէքէեան ընտանիքին ոդիսականը այս օրերուն առաջնահերթ ձեւով կը զբաղեցնէ հայկական հանրային կարծիքին օրակարգը։ Ծանօթ է, որ Թուրքիոյ վրայով լաստանաւով մը Յունաստան հասնիլ կը փորձէին Թէքէեան ընտանիքին անդամները։
Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան շփումներ ունեցաւ Պերլինի մէջ։ Ան հիւրընկալուեցաւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրի կողմէ, որուն հրաւէրով կայացաւ այս այցելութիւնը։